Յօդուածներ

Երեք Խնդիրները․ Երբ Անհաւանականութիւները Կը Զուգադիպին, Արդիւնքը Անկանխատեսելի Կը Դառնայ

 

Գերպ․ Տ․ Հրանդ Ծ․ Վրդ․ Թահանեան

Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք Պոսթընի (Ուաթըրթաուն, Մասաչուսէց) հովիւ Տ․ Հրանդ Թահանեանի արտասանած խօսքը, Հայաոց Ցեղասպանութեան վերչին վերապրողներէն՝ Մարի Վարդանեանի յուղարկաւորութեան առթիւ։

Վերջին օրերուն, նոյն շաբթուան ընթացքին, երեք դէպքեր իրարու յաջորդեցին, որոնք գրեթէ անհնար էր պատկերացնել.
1. Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին յայտնի վերապրողը մահացաւ՝ 112 տարեկան հասակին։
2. Իսրայէլի Պետութիւնը պաշտօնապէս ճանաչեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
3. Հայաստանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս չողջունեց այդ ճանաչումը։

1. Վերջին Մոհիկանը՝ Սուրին Մնացորդացը

Advertisement Subscribe Today

Մարի (Ուզղուշեան) Վարդանեան ծնած էր 17 Օգոստոս 1914-ին՝ պատմական Այնթապ քաղաքին մէջ։ Այսօր Թուրքիոյ մէջ քաղաքը կը կոչուի Կազիանթէպ։ Թէեւ հայկական բնակչութեան հետքերը ջնջելու նպատակով շատ բնակավայրերու անուններ փոխուած են, այս պարագային փոփոխութիւնը տարբեր էր, նոյնիսկ՝ խորհրդանշական. քաղաքի արմատական անունը պահուած էր, սակայն անոր վրայ աւելցուած էր «Կազի» նախածանցը, որ օսմանեան իշխանութիւնները կը գործածէին «յաղթող» կամ «նուաճող» իմաստով։
Բոլորս գիտենք, թէ 24 Ապրիլ 1915-ը կը նկատուի Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական սկիզբը, երբ հայ մտաւորականները ձերբակալուեցան եւ այլեւս երբեք չվերադարձան։ Նաեւ յայտնի է, որ ջարդերը սկսած էին տակաւին այդ թուականէն առաջ։ Բայց աւելի քիչ յայտնի է, որ 1916-ի արիւնալի տարիներէն ետք, որոշ հայեր վերադարձան իրենց բնակավայրերը։ Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն սովն ու համաճարակները շատ անգամ աւելի մահաբեր էին, քան աքսորի վայրերը։ Աւելին, պատերազմի աւարտին յաղթող տէրութիւններու խոստումները՝ թէ հայերը պիտի ապրին խաղաղութեան մէջ եւ նոյնիսկ անկախութիւն պիտի ստանան, շատերու մէջ նոր յոյս արթնցուցին։ Անոնք նախընտրեցին իրենց սեփական տունը, իրենց հայրենիքը։
Բայց այդ երազանքը երկար չտեւեց։ Շատ չանցած՝ Սիսի, Այնթապի եւ այլ քաղաքներու հայերը նոր վերջնագիր ստացան. «Հեռացէ՛ք, կամ պիտի արժանանաք նոյն ճակատագրին»։
Երբ քեզ կը կոչեն «Սուրին մնացորդաց»-ը, այդ սպառնալիքը չափազանց լուրջ կը թուի ըլլալ։
Մարիի ընտանիքը նախ ապաստան գտաւ Սուրիա, ապա Լիբանան, իսկ վերջապէս՝ Պոսթըն։ Ան հռչակաւոր դարձաւ իր բացառիկ ձեռագործներով, որոնց վրայ կ’ասեղնագործէր խաչեր, հայկական զարդանախշեր եւ ամենէն աւելի ցայտունը՝ հետեւեալ պատգամը.
«Հայե՛ր, երբեք մի՛ մոռնաք Ցեղասպանութիւնը»։

Այս պատգամին մէջ երկու ուշագրաւ երեւոյթ կայ։
Առաջինը՝ անոր լսարանը առաջին հերթին հայ ժողովուրդն էր, ոչ թէ արտաքին աշխարհը։ Մարի տեսած էր, թէ քաղաքակիրթ աշխարհը քանի՛ անգամ խախտած էր արդարութեան իր խոստումները, ուստի այլեւս մեծ յոյս չէր կապեր անոր հետ։
Երկրորդը՝ ինչո՞ւ անհրաժեշտ էր հայերուն յիշեցնել, որ չմոռնան։ Չէ՞ որ այդ մէկը ինքնաբերաբար պէտք էր ըլլար։
Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժառանգներուն համար ամենազարմանալի բացայայտումներէն մէկը այն է, թէ շատ մը վերապրողներ իրենց նոր կեանքին մէջ հրաժարեցան իրենց ինքնութենէն։ Ծանր հոգեբանական ցնցումներէ ետք նման երեւոյթ բազմիցս արձանագրուած է։
Առաջին արձագանգը կրնայ ըլլալ դատապարտումը. ինչպէ՞ս կարելի էր հրաժարիլ յիշողութենէն եւ արդարութեան պահանջէն։
Ես նոյնպէս այդպէս կը մտածէի, գէթ մինչեւ վերջերս։
Այսօր հայ ժողովուրդը շատ աւելի լաւ կը հասկնայ այդ հոգեվիճակը՝ 2020-ի Արցախեան պատերազմէն եւ 2023-ի ամբողջական բռնի տեղահանութենէն ետք։ Երբ նմանօրինակ դէպքերու հոգեբանական ցաւը այնքան մը խոր կ՛ըլլայ, որ մարդ այլեւս չի կրնար կրել զայն, եւ մոռացումը երբեմն կը դառնայ գոյատեւելու միակ միջոցը։
Ուստի վճիռը անտեղի է։ Բայց նոյնպէս նաեւ անձնատուութիւնը։
Այսպէս Մարիի ասեղնագործութիւնները նոր իմաստ կը ստանան։ Անոնք կը յիշեցնեն, թէ նոյնիսկ ամենաժողովրդավար երկիրները շատ յաճախ իրենց տնտեսական ու ռազմավարական շահերը կը գերադասեն ուրիշներու արդարութենէն։ Պատմութիւնը, սակայն, նաեւ ցոյց կու տայ, որ երբեմն հակառակն ալ տեղի կ’ունենայ։ Թէեւ այդ բացառութիւն է, բայց եւ այնպէս յոյս կը ներշնչէ մարդկութեան հանդէպ։

2. Երկրորդ Զուգադիպող Անհաւանականութիւն Մը՝ Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Պաշտօնական Ճանաչման Գործընթացը

Լեհ հրեայ իրաւաբան, Ողջակիզումէն վերապրած Ռաֆայէլ Լեմքինն էր, որ ստեղծեց «Ցեղասպանութիւն» եզրը։ Երբ 1949-ին CBS-ի լրագրող Քուինսի Հաուը զինք հարցազրոյցի ընթացքին կը խնդրէ բացատրել, թէ ինչպէ՞ս հետաքրքրուեցաւ այդ նիւթով, Լեմքին կը պատասխանէ. «Ցեղասպանութեամբ հետաքրքրուեցայ, որովհետեւ ան բազմաթիւ անգամներ տեղի ունեցած էր։ Ան պատահեցաւ հայերուն։ Իսկ հայերէն ետք… Հիթլերը գործի անցաւ»։ Եթէ բառ մը ստեղծուած է որոշ պատմական դէպքերու հիման վրայ, ուրեմն այդ բառը նաեւ ճշգրիտ նկարագրութիւնն է այդ նոյն դէպքերուն։
Իսրայէլի Պետութիւնը, երբեք կասկած չէ ունեցած պատմական իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ Պաշտօնական ճանաչման ուշացումը երբեք չէր բխեր իսրայէլացի քաղաքական գործիչներու անվստահութենէն կամ երկմտանքէն։ Անիկա աւելի շուտ «գործնական» (pragmatic) քաղաքականութեան արդիւնք էր, որ բացայայտօրէն առաջնահերթութիւն կու տար Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններուն։ Այս տրամաբանութիւնը կը պնդէ, թէ եթէ մեծ տէրութիւնները կը գործեն «ռէալփոլիփիք»-ի սկզբունքով, ապա ինչո՞ւ փոքր պետութիւն մը պիտի չվարուի նոյն կերպով։
Ահա թէ ինչու հայութիւնը բաժնուած է այս զարգացումը ընդունելու հարցին մէջ։ Ոմանք զայն ողջունեցին, իսկ ուրիշներ դատապարտեցին՝ զայն նկատելով քաղաքական հաշուարկներով պայմանաւորուած քայլ։ Կա՞յ արդեօք այս երկընտրանքին լուծումը։ Մէկ բան, սակայն, անժխտելի է. քաղաքականութիւնը միշտ դեր ունեցած է՝ թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան նախորդ ճանաչումներուն ընթացքին, թէ՛ Նիւրնպերկի դատավարութիւններուն ժամանակ, եւ թէ՛ Հարաւային Ափրիկէի ափարթէյտի վարչակարգին դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու պարագային։ Այլ խօսքով՝ դժուար է ընդունիլ, որ քաղաքականութենէ ամբողջովին զերծ մնալը գրեթէ անկարելի է։

Եթէ արդարութեան քաղաքականացուած ըլլալը զայն արժէքազրկէ այս պարագային, ապա նոյն տրամաբանութեամբ արդարութիւնը պէտք է արժէքազրկուէր ամէն տեղ եւ բոլոր պարագաներուն մէջ։ Այդ պարագային Լեմքին երբեք պէտք չէր աշխատէր «ցեղասպանութիւն» եզրը ստեղծելու համար, ոչ ալ անխոնջ կերպով պէտք էր լոպպիինկի գործի լծուէր Մ․Ա․Կ․-ի մօտ, որպէսզի ժողովուրդներու զանգուածային բնաջնջումը միջազգային իրաւունքով յանցագործութիւն հռչակուէր։ Այս տրամաբանութիւնը աւելի հեռուն տանելով՝ բոլոր դատարանները պիտի կորսնցնէին իրենց իմաստը, արդարութիւնը պիտի դառնար անկիրարկելի, իսկ մարդկային ամէնէն հիմնական իրաւունքները՝ անպաշտպան։
Ուստի հարկ է նախապէս ընդունիլ քաղաքականութեան այդ անհաճոյ, բայց անխուսափելի ներկայութիւնը եւ գիտակցիլ, որ ուշացած արդարութիւնն ալ, ի վերջոյ, արդարութիւն է։ Հետեւաբար, ես առանց երկմտանքի պիտի ողջունէի այս զարգացումը։ Տիկին Մարին եւ իր սերունդը տարիներ շարունակ պայքարեցան այս ճանաչման համար. անոնք ալ անկասկած պիտի ողջունէին զայն։ (Անշուշտ, եթէ Քնեսէթը օգտագործէ որպէս պատրուակ Թուրքիոյ վրայ ճնշում գործադրելու, բայց օրէնքը վերջնականապէս չընդունելու համար, ապա այս հարցը պիտի հասնի նոր եւ աւելի վատ մակարդակի)։

Խօսելով քաղաքականութենէ ամբողջովին անկախ մնալու անկարելիութեան մասին՝ այս գրութիւնը ինքն իրեն պիտի հակասէր, եթէ չյիշատակէր այս քննարկման հետ առնչուող երկու քաղաքական իրողութիւններ։ Առաջինը պաղեստինեան ժողովուրդի վիճակն է, իսկ երկրորդը՝ Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ տիրող տագնապը։ Այստեղ եւս անարդարութիւններ կան։ Թէեւ այս յօդուածը չի կրնար պատշաճ կերպով անդրադառնալ այդ հարցերուն, ան կրնայ առնուազն դաս մը ընդգծել։
Իսրայէլի կառավարութիւնը յայտարարեց. «Ճիշդը ընելու համար երբեք ուշ չէ»։ Այս գրութեան հիմնական միտքը նոյնն է։ Նոյն համոզումը արտայայտած էր նաեւ դոկտ. Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսերը, երբ 1964-ին Օպըրլինի համալսարանին մէջ արտասանած իր նշանաւոր խօսքին ընթացքին ըսաւ. «Ճիշդը ընելու ժամանակը միշտ ճիշդ ժամանակն է»։
Ուշացած ճանաչման մէջ համարձակութիւն ցուցաբերած կողմին ողջունումը պէտք է նոյնպիսի քաջութիւն ներշնչէ նաեւ արդարութիւն ստացող կողմին։ Անկախ անյարմար ժամանակացոյցէն, մենք կը գնահատենք եւ կը ներշնչուինք այս պատուաբեր կեցուածքէն եւ կը փորձենք հետեւիլ նոյն ճանապարհին, թէեւ վերը յիշուած երկու քաղաքական իրողութիւնները տակաւին աւելի բարդ եւ զգայուն հարցեր են։
Կը խորհիմ՝ ի՞նչ պիտի ըսէր Լեմքին։ Ամենայն հաւանականութեամբ՝ ան պիտի ըսէր, որ վերջնական արդիւնքն է իսկական փորձաքարը։
Հոկտեմբեր 7-ի յարձակումը անկասկած սոսկալի էր։ Անոր յաջորդած պատերազմը՝ նոյնիսկ եթէ ընդունինք պաշտօնական պնդումը, թէ ամէն ինչ կը կատարուի անմեղներու տառապանքը նուազեցնելու համար, իրականութեան մէջ դարձեալ սոսկալի հետեւանքներու պատճառ դարձած է։ Հետեւաբար, մեծ տարակարծութիւն կայ այն մասին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է բնորոշել այդ պատերազմը։ Իսրայէլը իրաւունք ունի ապրելու խաղաղութեան մէջ՝ առանց ահաբեկչութեան վախին։ Պաղեստինցիներն ալ իրաւունք ունին ապրելու խաղաղութեան մէջ՝ առանց տեղահանութեան վախին։ Կան բազմաթիւ տեսակէտներ այն մասին, թէ ի՛նչ առաջնորդեց դէպի Հոկտեմբեր 7 եւ ի՛նչ կը կատարուի քուլիսներու ետին։ Այս պահուն ոչ ոք կրնայ լիակատար վստահութեամբ գիտնալ մտադրութիւններն ու վերջնական հետեւանքները։ Անոնք պիտի յստականան միայն այն ժամանակ, երբ «փոշին նստի», եւ այն ատեն Լեմքին պիտի արտասանէ իր դատաստանը։
Դար մը առաջ Թուրքիան չյաջողեցաւ անցնիլ այդ փորձաքարը։ Ահա թէ ինչու Լեմքինի մտքին մէջ ոչ մէկ կասկած կար, որ այդ ցեղասպանութիւն էր՝ ծրագրէն մինչեւ իր ամբողջական իրագործումը։ Այնթապը այս իրողութեան լաւագոյն օրինակներէն մէկն է։ 1921-ին ֆրանսական եւ թրքական ուժերը ճակատեցան քաղաքին մէջ, եւ ի վերջոյ ֆրանսացիները յաղթանակ տարան։ Սակայն հետագային, կնքուած համաձայնագիրներու հետեւանքով, որոշեցին հեռանալ։ Այնթապի հայ բնակչութիւնը բազմիցս տեսած էր զիրենք արմատախիլ ընելու փորձերը։ Այնուամենայնիւ, պատերազմի աւարտով եւ նոր իշխանութեան հաստատումով անոնք տակաւին կը յուսային, թէ վերջապէս պիտի վայելեն նոյն իրաւունքները, իրենց թուրք համաքաղաքացիներուն նման։ Փոխարէնը անոնց ներկայացուեցաւ վերջնագիր մը. «Հեռացէ՛ք (որպէս սուրի մնացորդներ), կամ մահ (սուրով)»։ Թուրքիան, անգամ մը եւս, եւ վերջնականապէս ձգտելով ստեղծել մէկ ազգութենէ կազմուած պետութիւն, ընտրեց ցեղասպանութեան ճանապարհը։

3. Վերջին Զուգադիպող Անհաւանականութիւնը՝ Զոհը Անտարբերութեամբ Կը Դիմաւորէ Արդարութեան Ճանաչումը

Վերապրողներուն համար իւրաքանչիւր նոր ձայն, որ կը միանայ արդարութեան պահանջին, արժէքաւոր նուաճում մըն է, որովհետեւ անոնք գիտեն, թէ միայն ճիշդ ու ամբողջական ճանաչումով կարելի է կանխարգիլել նման ոճիրներու կրկնութիւնը։

Ահա թէ ինչու Հայաստանի կառավարութեան դժկամութիւնը՝ Երուսաղէմէն եկած այս զարգացումը ողջունելու, զարմացուցած է շատեր։
Նոյն այդ կառավարութիւնը 2024-ին քաղաքական կամք ցուցաբերեց եւ ճանչցաւ Պաղեստինի պետութիւնը։ Պաղեստինեան իշխանութիւնները պաշտօնապէս ողջունեցին այդ քայլը՝ յայտարարելով. «Ասիկա իրաւունքներու, արդարութեան, օրինականութեան եւ պաղեստինեան ժողովուրդի ազատագրութեան ու անկախութեան պայքարի յաղթանակն է։ Շնորհակալութիւն՝ մեր բարեկամ Հայաստան»։ Յատկանշական է, որ Հայաստան այդ քայլին դիմած վերջին երկիրներէն մէկն էր։ Պատկերացուցէ՛ք, եթէ պաղեստինեան արձագանգը պաղ եւ անտարբեր մնար։ Մինչդեռ Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական գնահատականը Իսրայէլի ճանաչման վերաբերեալ եղաւ հետեւեալը. «Հայոց Ցեղասպանութեան ռազմաքաղաքականացման (weaponization) հարցին մէջ չմտնելը կը բխի Հայաստանի Հանրապետութեան շահերէն»։
Այս յօդուածին նախորդ բաժիններուն մէջ արդէն նշուած էր, որ աշխարհը ապաքաղաքական ակնոցով դիտելը արժէք չունի։ Անշուշտ, որեւէ ոճիրի քաղաքական շահարկումը դատապարտելի է, որովհետեւ անիկա վէրքին վրայ նոր վէրք մը կ՚աւելցնէ։ Սակայն Հայաստանի շահերուն դէմ պիտի ըլլայ, եթէ Իսրայէլը, ազատագրուելով Ցեղասպանութեան գլխաւոր քաղաքական շահագործող Թուրքիոյ ազդեցութենէն, այժմ ինք ալ ընտրէ ճշմարտութիւնը՝ քաղաքական նպատակայարմարութեան զոհաբերելու ճանապարհը։
Ցաւալի է, երբ նոյնանման պատմութիւն եւ տառապանք ունեցած ժողովուրդ մը չի կիսեր ուրիշին ցաւը։ Բայց անտանելի կը դառնայ, երբ ժողովուրդ մը նոյնը կը գործէ ինքն իր նկատմամբ։ Պաղեստինը երբեք հարցականի տակ չդրաւ Հայաստանի շարժառիթները՝ շատ լաւ գիտնալով, որ այդ որոշումը քաղաքական նկատառումներէ անկախ չէր։ Այդ պարագային, ի՞նչ բարոյական իրաւունք ունինք մենք աւելի քիչ ներողամիտ ըլլալու։
Կայ նաեւ այլ չափազանց կարեւոր պատճառ մը, թէ ինչո՞ւ պէտք է արժեւորենք այս քայլը։ Անիկա կ՚ապացուցէ, որ մարդկային իրաւունքներն ու բարոյական սկզբունքները ռազմավարական հաշիւներու զոհաբերելը կրնայ կարճ ժամանակով որոշ օգուտներ բերել, բայց վերջապէս անխուսափելիօրէն դառնութեան կը յանգի։ Մեծ դասը այն է, որ անարդարութեան սեղանին վրայ դաշինքներ կառուցելու փորձը դատապարտուած է ձախողութեան։ Վերջաւորութեան միայն անարդարութիւնն է, որ կը տիրէ։
Իսրայէլը, որպէս փոքր պետութիւն, երկար ժամանակ առաջնորդուեցաւ իրապաշտ քաղաքականութեամբ, սակայն աւարտին հասաւ վտանգաւոր եզրի մը։ Չմերժենք սորվիլ արդէն իսկ տրուած այս դասը, եւ չընթանանք այն ճանապարհով, որ ուրիշներ արդէն անցած են, երբ անոր վերջնակէտը անդունդ մըն է։ Այո՛, հետապնդենք Հայաստանի Հանրապետութեան շահերը, եւ եթէ անոնք կը պահանջեն ցեղասպան դրացիներու հետ նոր յարաբերութիւններ, թող այդպէս ըլլայ։ Բայց Աստուծոյ սիրոյն, ունենանք այնպիսի երկաթեայ կամք, որ բանակցութեան սեղանին վրայ երբեք չզոհաբերենք այն, բանը, որ մեզի համար ամենէն աւելի ասուրբն է։
Եզրակացութիւն՝ Մարին մեզի կը յիշեցնէ, թէ ի՞նչն է իսկապէս կարեւորը
Աւելի առաջ խօսեցայ սերունդէ սերունդ փոխանցուած ցաւին մասին եւ այն մասին, թէ շատեր այդ ցաւէն փրկութիւն կը գտնեն լռութեան ու ճնշումին մէջ։ Կան մարդիկ, որոնց տառապանքը այնքան խոր է, որ այդ կը դառնայ իրենց միակ ապաստանը։ Բարեբախտաբար, մեզմէ շատերուն վիճակուած չէ այդ ճանապարհը։
Մարին Ցեղասպանութիւնը ապրեցաւ երկու անգամ՝ առաջինը 1915-ին, երկրորդը՝ 1922-ին։ Սակայն ան միշտ մնաց աննկուն։ Աստուած զինք օրհնեց վեց զաւակներով, 15 թոռներով, 21 ծոռներով եւ երկու ծոռնորդիներով։
Բայց ան աշխարհ բերաւ նաեւ անհամար ասեղնագործութիւններ, որոնք կնքեց «հայկական» անունով, եւ որոնցմէ իւրաքանչիւրը դարձուց Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան կենդանի վկայութիւն՝ վրան գրելով. «Հայեր, երբեք մի՛ մոռնաք Ցեղասպանութիւնը»։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ ան կը հաւատար մարդկութեան վերջնական յաղթանակին, եւ այդ յոյսը կը բխէր Երուսաղէմի փայտէ խաչին վրայ կատարուած անձնուէր զոհաբերութենէն՝ խորհրդանիշ մը, զոր ան մեծ խնամքով կը կրկնէր իր ասեղնագործութիւններուն մէջ։
Տիկին Մարի մենք պիտի շարունակենք յիշել՝ նոյնիսկ անհաւատալի եւ նորածին մարտահրաւէրներու մէջ, ինչպէս դուն քաջաբար ըրիր ամբողջ դար մը։ Բայց հիմա ժամանակն է, որ վերջապէս հանգչիս՝ սուրին բոլոր զոհերուն եւ անոր վերապրողներուն կողքին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button