Լրահոս

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն Կը Ցաւակցի Քաթարի Նախկին Իշխանին Մահուան Առիթով

Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատի հօր` նախկին իշխան Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի մահուան առիթով, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի այցելեց Քաթարի դեսպանատուն, ուր յանուն ՀՅԴ Բիւրոյին Պէյրութի մէջ Քաթարի դեսպանին ներկայացուց ցաւակցութիւններ միաժամանակ անոր փոխանցելով Քաթարի իշխանին ուղղուած յատուկ ցաւակցագիր:

Բագրատունի վեր առաւ Քաթարի հանգուցեալ իշխանին հայրական վերաբերումը Լիբանանի նկատմամբ, ոչ միայն հովանաւորելով Տոհայի համաժողովը, այլեւ տեւաբար զօրավիգ կանգնելով անոր: Ան ըսաւ, որ տարբեր հանգրուաններու Քաթար` իբրեւ պետութիւն եւ ժողովուրդ, ամբողջ տարածաշրջանին մէջ միշտ հաւատացած է երկխօսութեան, միասնութեան եւ արդարութեան, յիշելով, որ արաբական երկիրներուն մէջ հայկական համայնքները տեւաբար ականատես եւ գնահատող եղած են Քաթարի հանգուցեալ իշխանէն մինչեւ այսօր այս ոգիի պահպանման:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button