Գլխաւոր

Եւրոպական Խորհրդարանը Վերահաստատեց Իր Դիրքորոշումը՝ Հայ Գերիներու Նկատմամբ 

 

ՊՐԻՒՔՍԷԼ․- Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին աջակցութեամբ եւ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորներ՝ Քոսթաս Մաւրիտէսի եւ Միրիամ Լեքսմանի հիւրընկալութեամբ, Յուլիս 14-ին Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալները եւ Եւրոպական Միութեան ներգրաւման հրամայականը» խորագրով քննարկումը։ Անոր մասնակցեցան Եւրոպական Խորհրդարանի անդամներ, իրաւաբաններ, մարդկային իրաւանց պաշտպաններ եւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատանդներու ընտանիքներու անդամներ։ Քննարկման կեդրոնը Ատրպէյճանի մէջ շարունակուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական պատանդներու կալանաւորումն էր, ինչպէս նաեւ անոնց ազատ արձակումը ապահովելու գործին մէջ Եւրոպական Միութեան հնարաւոր դերակատարութիւնը։

Բանախօսները անդրադարձան մարդասիրական, իրաւական եւ քաղաքական բոլոր կողմերուն՝ շեշտելով, որ հայ գերիներու շարունակուող ապօրինի կալանաւորումը կը խախտէ միջազգային իրաւունքը եւ կը վտանգէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ մնայուն խաղաղութեան հեռանկարը։

Քննարկումը բացաւ Քոսթաս Մաւրիտէսը, որ վերահաստատեց Եւրոպական Խորհրդարանի յստակ դիրքորոշումը՝ պահանջելով հայ գերիներու անհապաղ ազատ արձակումը։ Ան նաեւ յիշեցուց եւրոպական յանձնաժողովին իր պարտաւորութիւնը՝ նման պահանջներ բարձրացնելու, ինչպէս ամրագրուած է եւրոպական Խորհրդարանի շարք մը բանաձեւերուն մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծեց, թէ անհրաժեշտ է վերանայել ԵՄ–Ատրպէյճան ուժանիւթի համաձայնութիւնը՝ միջազգային իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն։ Մաւրիտէս նաեւ արտայայտեց այն հիասթափութիւնը, զոր կը կիսէին շատ մը ներկաներ, որ գործադիր իշխանութեան աշխարհաքաղաքական հաշիւները ստուերի տակ ձգած են թէ՛ Եւրոպական Խորհրդարանի կամքը եւ թէ՛ այն արժէքները, որոնց վրայ հիմնուած է Եւրոպական Միութիւնը։

Միրիամ Լեքսման իր կարգին շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու շարունակական խորացումը առիթ կու տայ եւրոպական յանձնաժողովին՝ այս հարցին մէջ առաջնորդող դեր ստանձնելու։ Ան ընդգծեց, թէ քաղաքական բանտարկեալներու հարցը պէտք է ունենայ բարձրագոյն առաջնահերթութիւն եւ երբեք չպիտի ստորադասուի այլ նկատառումներու։

Կալանաւորներու ընտանիքներուն անունով խօսեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի որդին՝ Արմէն Իշխանեան։ Ան պատմեց, թէ իր հայրը 2023-ին, Արցախի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան օրերուն, մնացած էր Արցախ՝ աջակցելու խաղաղ բնակիչներու անվտանգ տարհանման, որմէ ետք ձերբակալուած էր ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ։ Այդ օրէն ի վեր, քաղաքական դրդապատճառներով ընթացած դատավարութենէ ետք, ան դատապարտուած է ցկեանս ազատազրկման։

Advertisement Subscribe Today

Անդրադառնալով աւելի քան հազար օր տեւող բաժանումին՝ Արմէն Իշխանեան նկարագրեց այն ծանր հոգեբանական ազդեցութիւնը, զոր բանտարկութիւնը ձգած է իր ընտանիքին վրայ։ Յիշելով դստեր հետ ունեցած զրոյցը՝ ան ըսաւ. «Երբ հարցուցի, թէ ի՛նչ կ՚ուզէր ծննդեան նուէր, ան պարզապէս պատասխանեց. «Ես կ՚ուզեմ, որ պապիկս տուն գայ»»։

Համաժողովին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կալանաւորներու շարունակուող ազատազրկման իրաւական հետեւանքները։ Փաստաբան Սիրանուշ Սահակեան, որ Մարդու Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին մէջ կը ներկայացնէ բազմաթիւ հայ գերիներու շահերը, շեշտեց, որ այս գործերը շատ աւելի մեծ նշանակութիւն ունին, քան առանձին անձերու ճակատագիրները։ Ան մասնաւորապէս նշեց.

«Հայ գերիներու ապօրինի կալանաւորումն ու դատապարտումները պարզապէս մարդու իրաւունքներու խնդիր չեն, այլ վճռորոշ փորձութիւն՝ Եւրոպայի կարողութեան համար պաշտպանելու իրաւունքի գերակայութիւնն ու միջազգային իրաւակարգը։ Թէեւ Եւրոպական Խորհրդարանը ընդունած է կարեւոր բանաձեւեր, այժմ անոնք պէտք է ուղեկցուին գործնական եւ արդիւնաւէտ քաղաքական քայլերով։ Հակառակ պարագային, վաղը անպատժելիութիւնը պիտի դառնայ ընդունուած երեւոյթ»։

Մարդու Իրաւանց Միջազգային Գործընկերութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հարաւային Կովկասի ծրագիրներու տնօրէն Սիմոն Փափուաշվիլին իր հերթին շեշտեց, որ կալանաւորներու ազատ արձակումը պէտք է դիտուի որպէս ամէն վստահելի խաղաղութեան գործընթացի նախապայման։ Ան ըսաւ.

«Խաղաղութիւնը չի կրնար արժանահաւատ ըլլալ, քանի դեռ հայ գերիները կը մնան բանտարկուած Ատրպէյճանի մէջ։ Անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը երկրորդական հարց չէ, այլ հիմնարար մարդասիրական պարտաւորութիւն եւ իրական խաղաղութեան գործընթացի անբաժան հիմքը։ Արդարութիւնը, վստահութիւնն ու հաշտեցումը պէտք է սկսին իւրաքանչիւր գերու ապահով եւ առանց յապաղման տուն վերադարձով»։

«Միջազգային Քրիստոնէական Համերաշխութիւն» կազմակերպութեան հանրային շահերու պաշտպանութեան տնօրէն Ճուէլ Վելտքամփ նշեց, որ այս հարցը նաեւ աւելի լայն ռազմավարական նշանակութիւն ունի Եւրոպայի համար։ Անոր համաձայն՝ «Հայաստանը կրնայ Եւրոպական Միութեան արժէքաւոր դաշնակիցը դառնալ այն ժամանակաշրջանին, երբ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը կ՚աւելնայ, իսկ միջազգային կանոնակարգերը կը տկարանան։ Հայաստանը հզօրացնելու նպատակով, եւրոպացի քաղաքական որոշում կայացնողները պէտք է գտնեն միջոցներ՝ Հայաստան–Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը աւելի հաւասարակշռուած դարձնելու։ Պաքուի մէջ պահուող քսան հայ պատանդներու պաշտպանութեան ուղղուած միջամտութիւնը կրնայ այդ ուղղութեամբ կարեւոր առաջին քայլ մը ըլլալ»։

Համաժողովի ընթացքին բանախօսները Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեցին դուրս գալու պարզ մտահոգութիւն արտայայտող յայտարարութիւններու սահմաններէն եւ գործի դնելու իր տրամադրութեան տակ գտնուող դիւանագիտական ու քաղաքական միջոցները՝ ճնշում բանեցնելու կալանաւորներու անհապաղ ազատ արձակման համար։ Անոնք շեշտեցին, որ հայ քաղաքական բանտարկեալներու եւ ռազմագերիներու շարունակուող ազատազրկումը կը մնայ վստահութեան կառուցման եւ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկը։

Համաժողովը աւարտեցաւ միասնական կոչով՝ ուղղուած Եւրոպական Միութեան հաստատութիւններուն, որպէսզի անոնք աւելի աշխուժացնեն Ատրպէյճանի հետ իրենց ներգրաւուածութիւնը եւ բոլոր հայ գերիներու ազատ արձակումը դարձնեն անմիջական եւ առաջնահերթ պահանջ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button