«Եունեսքօ»-ի Ժառանգորդներն Ու Գահաժառանգները
Խմբագրական
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէկ մասնիկն է «Եունեսքօ»-ն, հեռու՝ քաղաքականութենէ — հաւանաբար տը եուրէ միայն, սակայն ո՛չ՝ տը ֆաքթօ — որուն բնագաւառն է մշակոյթը, կրթութիւնն ու գիտութիւնը։
Բնականաբար, Մ․Ա․Կ․–ի հովանիին տակ գործելով, «Եունեսքօ»-ն հետզհետէ աւելի աշխուժացած է եւ կը գործէ բազմաթիւ ենթաբաժանումներով։
Վտանգի տակ գտնուող լեզուներէն մինչեւ հեռաւոր արահետներու մէջ կորսուած գիւղ մը կամ հնութիւն մը, իւրայատուկ պարի, եղանակի կշռոյթ մը կամ նոյնիսկ տոհմիկ ճաշի տեսակ մը «Եունեսքօ»-ի համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի կողմէ յատուկ ուսումնասիրութեան եւ գուրգուրանքի առարկայ կը հանդիսանան։
Այս բոլորին լոյսին տակ, հետզհետէ աւելի կը գործէ «Եունեսքօ»-ն։ Իսկ շատ աւելի հետաքրքրական է Ատրպէյճանի բեղուն գործունէութիւնը այս կառոյցին մէջ։ Արդարեւ, «Եունեսքօ» քանի մը տարիէ ի վեր, «Միջմշակութային երկխօսութիւն» անունով համաժողովներ կը կազմակերպէ։
Յունիս 30-էն Յուլիս 10 թուականներուն, «Եունեսքօ»-ի համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 43-րդ նստաշրջանէն շաբաթներ առաջ իսկ, Ատրպէյճանի մայրաքաղաքը հիւրընկալած էր երկօրեայ «Միջմշակութային երկխօսութիւն» անուան տակ համաժողովը՝ Մայիս 2-3 -ին, նիւթ ունենալով «Խտրականութեան,անհաւասարութեան եւ բռնի հակամարտութիւններու քննարկում»-ը։
Մշակոյթը հեռու է քաղաքականութենէն եւ երկխօսութեան բեմահարթակ մըն է, ուր կարելի է անուղղակիօրէն յարաբերութիւններ եւ սերտ կապեր ստեղծել։ Հայորդիին համար զարմանալի է Ատրպէյճանի ներդրումն ու գործօն դերակատարութիւնը այսպիսի բնագաւառներու մէջ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք Արցախեան հիմնահարցէն, Պաքուի եւ Սումկայթի փոկրոմներէն անկախ, Նախիջեւանի խաչքարերուն սրբապղծումը, փճացումն ու հիմնայատակ քանդումը եւ ՆԱԹՕ–իմէկ մասնագիտական ժողովին մասնակցող անմեղ Գուրգէն Մարգարեանի կացինահար գլխատումը․․․ազգային հերոս հռչակուած Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ։
Յատկապէս Նախիջեւանի խաչքարերու հարցին գծով կարելի է փոթորիկ ստեղծել եւ այդ ալ Պաքուի մէջ, այդ համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 43-րդ նստաշրջանին։ Սակայն, դժբախտաբար Հայաստան բացակայ էր այս ժողովին։ Բացակայութիւն մը, որ աւելի դիւրացուց Պաքուն իր երկրին մէջ կատարուելիք այսհաւաքին դասաւորումներ եւ ի նպաստ իրեն բանաձեւեր որդեգրելով եւ որոշումներ առնելով, որոնց կարգին երկու պատմական վայրեր գրանցուեցան համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
Գրեթէ տարի մը առաջ, Պահրէյնի մէջ, նախանցեալ նստաշրջանին Պաքու քարոզչական աշխատանք տարած էր եւ մշակոյթի նախարար Ապուլֆազ Կարայեւի ստանձնած էր այս տարուան գիտաժողովը Պաքուի մէջ կազմակերպելու պարտականութիւն։
Այսպէս, տարի մը շարունակ Ատրպէյճան գործի լծուեցաւ այս հաւաքը կազմակերպելու։ Բեմահարթակ մը, որուն եթէ Հայաստան մասնակցէր, բնականաբար եռագոյն դրօշը պիտի ծածանէր եւ դեռ աւելին՝ բեմահարթակէն գէթ կարելի էր ցուցադրել խաչքարերը քանդող բրիչներն ու մուրճերը․․․ամենայն հմտութեամբ ալ ցուցադրելովնաեւ նենգամիտ եւ բարբարոս Սաֆարովի կացինը։
Դժբախտաբար, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը կը մնայ կիսաթափուր եւ անդամալոյծ վիճակի մէջ։ Եթէ այսպէս շարունակուի անտարբերութիւնը, անգործութիւնն ու մանաւանդ անլրջութիւնը, «քոչարի»-էն ետք բազմաթիւ այլ կառոյցներ ու գործեր կրնան գրանցուիլ իբրեւ ատրպէյճանական մշակութային ժառանգութիւն, սկսելով տուտուկէն՝ ծիրանափողէն։


