Գլխաւոր

Կայացաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կառոյցի Հերթական Շրջանային Ժողովը

Օգոստոս 23-ին կայացաւ Հ.Յ.Դ. Արցախի կառոյցի հերթական Շրջանային ժողովը, որուն ներկայ եղան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ՝ Լիլիթ Գալստեան եւ Տարօն Տօնոյեան, Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմնի անդամ Խաչատուր Ստեփանեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի շրջանաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Արցախի բոլոր շրջանային մարմիններէն ժամանած պատուիրակներ եւ հրաւիրեալ ընկերներ։

Ժողովը գնահատեց եւ ամփոփեց շրջանաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի երկամեայ գործունէութիւնը եւ նախանշեց նորընտիր Կեդրոնական կոմիտէի յառաջիկայ ընելիքները։

Ընտրուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի եօթը հոգիէ բաղկացած կազմ։ Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընտրուեցաւ  Արա Պուլուզեան։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button