Լրահոս

«Ուժեղ Հայաստան»-ի Թեկնածուներուն Ընտրութիւնը Ազգային Ժողովին Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ.- երկրորդ փորձով ընդդիմադիր «Ուժեղ Հայաստան»-ի թեկնածուն՝ Լիաննա Մանուկեանը ընտրուեցաւ պիւտճէի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին։

Նախապէս «Ուժեղ Հայաստան»-ը այս պաշտօնին առաջադրած էր Հայկ Ֆարմանեանի թեկնածութիւնը, որ նախօրէին տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքով չէր ընտրուած։

Լիաննա Մանուկեանի թեկնածութեան քննարկումը աւելի դրական մթնոլորտի մէջ անցաւ, քան անոր նախորդին՝ Հայկ Ֆարմանեանի պարագային։

Լիաննա Մանուկեանը շեշտը դրաւ պիւտճէի ծախսերու վերահսկողութեան հարցին վրայ։

Խորհրդարանի 12 յանձնաժողովներէն 10-ի նախագահներն արդէն ընտրուած են։

Նախապէս «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու թեկնածուները ընտրուած էին Ագային ժողովի յանձնաժողովներու նախագահներ, մինչդեռ «Ուժեղ Հայաստան»-ի բոլոր երեք թեկնածուները չէին ընտրուեցան։

Advertisement Subscribe Today

Հայկ Կոնջորեան յայտարարեց, որ երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 10-էն պիտի սկսին քննարկել կառավարութեան ծրագիրը։ Ասիկա, ըստ էութեան, կը նշանակէ, որ յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութեան հարցի քննարկումը խորհրդարանը պիտի շարունակէ արդէն կառավարութեան գործունէութեան ծրագրի քննարկումէն ետք։

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button