Բառերու Քաղաքական Նոր Իմաստներ
Սարգիս Տաղտէվիրեան
Ստորեւ ներկայացուածը բառերու եւ բառակապակցութիւններու ցանկ մըն է, կազմուած ստորագրեալիս կողմէ, նախ տալով իսկականը, ապա կողքին նոր իմաստը, հիմնուած վերջին 7-8 տարիներուն, «գերագոյն դաւաճան»-ին (Նիկոլ Փաշինեանին) եւ իր յետնապարկերուն Հայաստանի իշխանութեան վրայ տեղադրուելէն ետք, գործածածներուն եւ գործունէութեան վրայ մեր հայրենիքին մէջ, բնատիպէն հեռանալով երբեմն 180 աստիճանով (180°):
Մեծ մասը «գերագոյն դաւաճան»-ին ու իր անմիջական շրջապատին բառացի արտայայտութիւններն են, մնացեալը իմ հետեւութիւնը վերոյիշեալ անձերուն կառավարական վարմունքին: Նշում մըն ալ ընեմ, իւրաքանչիւր բառին (բառակապակցութեան) ու անոր նոր իմաստին մասին կարելի է լուրջ վերլուծական ուսումնասիրութիւն կատարել: Նաեւ կարելի է շա՜տ երկարել այս ցանկը, երբ վերադառնանք աթոռակալներուն օրական յայտարարութիւններուն:
Իսկականը Իշխանութեան ստեղծած իմաստը
– Պարտութիւն Յաղթանակ
– Պարտութենէ ետք ստորնացում Հպարտութիւն
– Գերութիւն Ինքնորոշում
– Նահատակութիւն Անիմաստութիւն, «ի զուր»-ութիւն
– Դաւաճանութիւն Պետականութեան ստեղծում
– Հողատուութիւն Սահմանազատում, սահմանագծում
– Խաղաղութիւն Թշնամիին պահանջներուն միակողմանի բաւարարութիւն
– Այլախոհի բանտարկութիւն Ժողովրդավարութիւն
– Քաղաքացիի դէմ սպառնալիք Խօսքի ազատութիւն
– Ճշմարտախօսութեան դէմ ճնշում Խօսքի ազատութիւն
– Եկեղեցիին զօրակցութիւն Պետականութեան դէմ բռնամիջոց
– Պատմական անցեալ Պետականութեան սպառնալիք
– Պատմական խորհրդանիշներ Այլեւս թշնամիին պատկանող
– Պատմական հերոսներ Նորահաս սերունդի այլասերում
– Մարմար արձան Սեռային գրգռութիւն
– Ծնկաչոք Վերընտրութիւնը ապահովելու դիրք
– Ծնկաչոք Գումար վաստկելու վիճակ
– Անգործութեան վարձատրութիւն Պարգեւավճար
– Անկարողութեան վարձատրութիւն Կրկնակի պարգեւավճար
– Հայագիտական նիւթեր Բարձրագոյն ուսումնական հիմնարկներու մէջ՝ անհարկի
– Տգէտ Իշխանութեան պաշտօնեայ
– Առաջարկ Ընդդիմութեան ձախողեցուած քայլ
– Քննադատութիւն Ազատազրկման առիթ
– Պետական պարտք Իշխանաւորներուն համար նուիրատուութիւն
– Ընտրակաշառք Արտասահմանէն իշխանաւորականներուն աշխատավարձ
– Ընտրակաշառք Թոշակներու յաւելում (ընտրութիւններէն անմիջապէս առաջ)
– Տնտեսական ցած վարկանիշ Բարօրութիւն
– Դատաւոր Իշխանաւորի պահանջածին հակառակիլ չհամարձակող
– Դատախազ Իշխանաւորի անհիմն փաստերու ներկայացնող
– Դատական քննիչ Փաստերու կեղծարար
– Դատարան Այլախոհի զոհարան
– Ոստիկանութիւն Բարձր աշխատավարձ
– Ոստիկանութեան բռնութիւն խաղաղ
ցուցարարներու դէմ Արդարացի միջամտութիւն
– Յղի կնկայ վրաերթ Վարչապետի մեքենայի ապահով սլացք
– Ստախօսութիւն Խոստում, իշխանաւորի ամէնօրեայ վարք
– Տարեց սերունդ Իր թոշակը ճիշդ ծախսել չգիտցող
– Ամուսնական Ս. Պսակ Յետամնացութիւն
– «Ամուսնական» բաժանում Սեփականութեան պահպանում
– Ընկերային այլասերում Յառաջդիմութիւն
– Թմրամոլութիւն Արեւմտականացում, զարգացման հետ քայլ պահել
– Եղծանումի (corruption) դէմ պայքար Կոպեկ առ կոպեկ վերադարձնել ժողովուրդին
– Հայաստանի բնակչութիւն 3 միլիոն վարչապետ
Յատուկ անուններ
– Հայոց ցեղասպանութիւն Ճշմարտացիութիւնը վերանայիլ
– Հայոց ցեղասպանութեան
սրբադասուած զոհեր Ցանկագրումի հարկ
– Արարատ Ի՞նչ – այլեւս Արագած
– Պատմական Հայաստան Գոյութիւն չունեցող
– Ներկայի Հայաստան Ազրպէյճանին տակաւին յանձնուելիք տարածքներու երկիր
– Արցախ Ղարաբաղ
– Արցախ բառի գործածութիւն Պատերազմի հրաւէր
– Արցախցի Փախուստ տուող, չկռուող
– Արցախահայութիւն Ղարաբաղը լքածներ
– Արցախեան շարժում Ճակատագրական սխալ
– Արցախի պատմամշակութային
կոթողներ Ազրպէյճանի սեփականութիւն. ինչ կ’ուզէ կ’ընէ
– Արցախի ռազմաքաղաքական
գերիներ Լուրջ հարց. առանց աղմուկի լուծելի
– 2018-ի իշխանափոխութիւն Արցախեան շարժումէն աւելի կարեւոր
– Շուշի Դժբախտ, տժգոյն քաղաք
– Սեւ լիճ Ձիւնոտ, կռիւի անարժանի վայր
– Համաթուրանականութիւն Զարգանալիք առեւտուրի կարելիութիւն
– Սփիւռք Հայաստանէն հեռո՛ւ
– Սփիւռքահայութիւն Հայ դատով զբաղող զանգուած
– Համահայկական հիմնադրամ 2020-էն սկսեալ կառավարութեան գանձարանի մաս
– Եւրոպա Ազատութիւն
– Եւրոպա Մուտքի արտօնագիր
– Ռուսական դաշնութիւն Անազատութիւն
– Ռուսական դաշնութիւն Թերացած դաշնակից. Հայաստանի գործը ինք պէտք է կատարէր
– ՀԱՊԿ (Հաւաքական անվտանգութեան
պայմանագրի կազմակերպութիւն) Թերացած զինակցութիւն. Հայաստանի գործը ինք պէտք է կատարէր
– Ատրպէյճան Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւոր
– Հայաստան Ատրպէյճանի անվտանգութեան երաշխաւոր
– Ալիեւ Կիրթ անձնաւորութիւն
– Էրտողան Ընթերցանութեան արժանի հեղինակ
– Նիկոլ Փաշինեան Էրտողանի եւ Ալիեւի խօսուն թութակ
– Էրատօ Բանակի սպայակոյտին «բարոյական» զօրակցութիւն տրամադրող
– Էրատօ Պատերազմի թիկունքին անձնական շպարումով զբաղող
– ԿԸՅ (Կեդրոնական ընտրական
յանձնաժողով) Ընտրութիւններու պահանջուած արդիւնքներու տպարան
Ասոնք կրնան երբեմն ծիծաղ առաջացնել իրենց անհեթեթութեամբ ու հակասական բնոյթով, բայց իրականութիւն են եւ գրած ու վերընթերցած ընթացքիս մէջս ստեղծած են դժոխային ծանրութեամբ բաց վէրք:
Միշտ հաւատացած եմ, որ 2020-ի Հայաստանի ներկայ իշխանութեան հայրենադաւ պարտութենէն ետք, հայ իսկական արիւնով ժողովուրդը ՉԷ՛ ԸՆՏՐԱԾ, ՉԷ՛Ր ԿՐՆԱՐ ԸՆՏՐԵԼ «գերագոյն դաւաճան»-ն ու իր ուսապարկերը, այլ մեր թշնամիները կատարած են այդ, զանազան միջոցներով, փաստուած անոր յետագայ օրերուն Հայաստանի Սահմանադրական դատարանին մէջ բարձրաձայնուած ապացոյցներով ու մանաւանդ յաջորդող ամիսներու դէպքերով՝ Հայաստանի պաշտպանական ուժերու Արցախէն պարպումով, Արցախի պաշարումով, Արցախի ցեղասպանական հայաթափումով, Հայաստանի ռազմավարական նշանակութեան տարածքներու յանձնումով, Հայաստանեայց եկեղեցիին դէմ թշնամիին յայտարարած պայքարի գործադրութեամբ, հայրենատէր անձերու ազատազրկումով, եւայլն:
Կորուստներու եւ զրկանքներու շարքը հարկ է շրջել որպէսզի Արեւմտեան Հայաստանի ու Արցախի իրավիճակը չկրկնուի. իսկ այս նիւթիս մասին, վերոյիշեալ բառերուն վերադարձնել իրենց հարազատ իմաստները՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆՆԵ՛ՐԸ:

