Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահ՝ Աշոտ Դանիէլեանի Եռօրեայ Այցելութիւնը՝ Կիպրոս

ՆԻԿՈՍԻԱ.- Եռօրեայ այցելութեամբ Կիպրոս կը գտնուէր Արցախի Ազգային ժողովի Նախագահ՝ Աշոտ Դանիէլեան, որուն կ’ընկերակցէր Արցախի Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Արա Պուլուզեան։
Նախքան Կիպրոս այցելութիւնը, Ազգային Ժողովի Նախագահը, այցելած էր եւրոպայի շարք մը երկիրներ, որոնց կարգին Պելճիքա եւ Զուիցերիա, որոնց Խորհրդադաններէն ներս, տեղւոյն խորհրդարականներու հետ քննարկած էր Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու հարցը։ Նախագահը մասնակցած էր նաեւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած, «Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով»-ին։
Կիպրոս այցելութեան առթիւ, քաղաքական հանդիպումներու առընթեր, Ուրբաթ 15 Մայիսի առաւօտեան, Գերշ. Տէր Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը եւ Արցախի Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի ներկայագուցիչը, ուր տեղի ունեցաւ քննարկում ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։
Յաջորդեց այցելութիւն Նիկոսիոյ Նարեկ վարժարան, ուր վարժարանի տնօրէնուհին եւ հոգաբարձութեան ատենապետը ընդունեցին հիւրերը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան դպրոցի կրթական եւ ուսումնական հարցերը։ Դանիէլեան բարձր գնահատեց վարժարանի ծրագիրները։ Ան զեկուցեց նաեւ Արցախահայութեան իրաւունքներուն եւ անոնց ներկայ իրավիճակին մասին։ Նախագահը արձանագրութիւն մըն ալ կատարեց վարժարանի հիւրերու տոմարին մէջ։
Երեկոյեան հանդիպում մը տեղի ունեցաւ, Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչին հետ: Հանդիպումը ընթացաւ մտերմիկ միջավայրի մը մէջ, ուր քննուեցան Հայաստանը ու Արցախը յուզող հարցեր։ Իրիկուան, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ. ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ, նուիրուած Փարիզի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին։ Այս առթիւ, Դանիէլեան իր ունեցած ելոյթով իրազեկեց ներկաները Փարիզի խորհրդաժողովի ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Արցախի հիմնախնդիրի գծով։ Շաբաթ, 16 Մայիսի առաւօտեան, Դանիէլեան այցելեց պետական ռատիոկայան, ուր տուաւ հարցազրոյց մը՝ հայկական ռատիոժամին։

