Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 19 Մայիսին, hրաւէրով Վատիկանի Կրէկորեան եւ Արեւելեան համալսարաններու տնօրէնութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն տուաւ «Միջին Արեւելքի Եկեղեցիները Դիմագրաւող Մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ: Ներկայ էին համալսարանի դասախօսներ, դեսպաններ, հոգեւորականներ եւ Վեհափառ Կաթողիկոսին պատուիրակութեան անդամները: Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր խօսքը սկսաւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելով տագնապներով լեցուն Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ապա, ան լայնօրէն անդրադարձաւ երկու կարեւոր խնդիրներու.
ա) Քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու անտեսումը իբրեւ քաղաքացիներ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ (բացի Լիբանանէն):
բ) Քրիստոնեաներուն արտագաղթը Միջին Արեւելքէն:
Յիշեալ երկու դժուարութիւններուն առաջքը առնելու կարելիութիւններուն ուղղութեամբ իր տեսակէտները պարզեց Վեհափառ Հայրապետը: Ապա, ան շեշտեց, թէ շրջանէն ներս քրիստոնէութիւնը պէտք է ունենայ յստակ ռազմավարութիւն, որ ըլլայ իրատես ու գործնական՝ համապատասխան աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու հոլովոյթին: Այս ուղղութեամբ, Հայրապետը եօթը կէտեր ընդգծեց՝ իւրաքանչիւրին պարագային անհրաժեշտ բացատրութիւններ տալով.
ա) ամուր կապուածութիւն ապրած երկիրներուն
բ) համայնքային կեանքի վերակազմակերպում ու վերակենսաւորում
գ) կրօնական ինքնութեան եւ ազգային ինքնութեան փոխ-կապակցութիւն
դ) փոքրամասնութիւն ըլլալու հասկացողութեան յստակացում
ե) քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութենէ անդին գործակցութիւն
զ) սոսկ դիտողի կրաւորական վիճակէն՝ գործողի դերակատարութիւն
է) ինքնակղզիացումէ ու ինքնապաշտպանութենէ՝ մասնակցութիւն
Դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ եկեղեցիներու միջեւ ամուր գործակցութիւն յառաջացնելու, հասարակաց գետիններ ճշդելու եւ եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութիւնը ծաւալելու կարելիութիւններու մասին: Այս ուղղութեամբ ան Զատկուան միացեալ թուական մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց: Ան նաեւ ընդգծեց եկեղեցիներու կրթական առաքելութիւնը վերակազմակերպելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մատնանշեց որոշ կարելիութիւններ, միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու գծով:
Իր դասախօսութեան աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն՝ իրենց գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու եւ եկեղեցի-ժողովուրդի յարաբերութիւնը ազդու միջոցներով նոր հունաւորում տալու։ Միջին Արեւելքի պետական պատասխանատուներուն՝ իրենց երկիրներու կեանքին աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու կարելիութիւնը տալու իրենց քրիստոնեայ քաղաքացիներուն: Արեւմտեան երկիրներուն՝ իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտելու շրջանի եկեղեցիներուն նկատմամբ: Եկեղեցիներու սփիւռքներուն՝ իրենց հաւատարմութիւնը գործնական միջոցներով ցոյց տալու թէ՛ իրենց մայր եկեղեցիներուն եւ թէ՛ իրենց հայրենիքներուն նկատմամբ:
Դասախօսութենէն ետք, համալսարանի տնօրէնութիւնը ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Կրէկորեան եւ Արեւելեան համալսարանի դասախօսները:
ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՔԱՐՏԻՆԱԼ ՔՈՒՐԹ ՔՈԽԻ ՀԵՏ
Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքը Վատիկանի կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկն է, որ ո՛չ միայն յարաբերութիւն կը մշակէ աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն ու միջ-եկեղեցական խորհուրդներուն հետ, այլ նաեւ կը նախաձեռնէ աստուածաբանական երկխօսութիւններու: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տասնամեակներէ ի վեր մնայուն կապի մէջ է յիշեալ բաժանմունքի պատասխանատուներուն հետ եւ մօտէն ծանօթ է անոնց կողմէ կատարուած աշխատանքներուն:
Վեհափառ Հայրապետին եւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի պատասխանատու Քարտինալ Քուրթ Քոխին միջեւ հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը: Առաջին հերթին, Հայրապետն ու Քարտինալը ունեցան առանձին հանդիպում, որուն ընթացքին վերջինս ուզեց իմանալ Նորին Սրբութեան տեսակէտը կարգ մը զգայուն հարցերու շուրջ: Ապա, աւելի քան ժամ մը տեւողութեամբ, կայացաւ հաւաք մը, որուն ներկայ էին Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան անդամները եւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի անձնակազմը:
Քարտինալ Քոխ խօսք առնելով՝ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ժամանումը Վատիկան՝ յիշելով Նորին Սրբութեան ունեցած բազմաթիւ հանդիպումները նախկին պապերուն եւ միջ-եկեղեցական պատասխանատուներուն հետ: Ան վեր առաւ Հայրապետին կարեւոր դերակատարութիւնն ու հարուստ փորձառութիւնը միջ-եկեղեցական մարզին, ինչպէս նաեւ սերտ գործակցութիւնը Վատիկանի հետ:
Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը խօսք առնելով՝ ըսաւ, որ Հայ եկեղեցին ընդհանրապէս եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մասնաւորաբար յատուկ կարեւորութիւն տուած է միջ-եկեղեցական շարժումին, հին դարերէն սկսեալ: Այսօր, մեր Սուրբ Աթոռը գործօն ներկայութիւն է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն, շրջանային խորհուրդներէն եւ այլ էքիւմէնիք կառոյցներէ ներս, ինչպէս նաեւ մասնակից է աստուածաբանական երկխօսութիւններու: Այս յիշեցումէն ետք, Հայրապետը անդրադառնալով միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութեան՝ նշեց, թէ ընդհանրապէս էքիւմէնիք շարժումը տագնապի մէջ է: Աշխարհի դիմագրաւած տագնապները զանազան ձեւերով նաեւ ազդած են միջ-եկեղեցական շարժումին վրայ: Եկեղեցիները առաջնահերթութիւն սկսած են տալ դաւանակից եկեղեցիներու միջեւ գործակցութեան:
Այս ընդհանուր ակնարկէն ետք, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, թէ անհրաժեշտ է ձեւաւորել միջ-եկեղեցական նոր մտածողութիւն, մօտեցում ու շեշտաւորում, որոնք ըլլան համապատասխան ներկայ աշխարհի պայմաններուն եւ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ակնկալութիւններուն: Այսօր, անցեալէն ժառանգուած դաւանաբանական ու աստուածաբանական հարցերը այնքան հրատապ չեն եկեղեցիներուն համար, որքան բարոյագիտական հարցերը, որոնք դարձած են գոյութենական ներկայութիւն եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Հետեւաբար, այս հարցերը հարկ է առաջնահերթութիւն ստանան միջ-եկեղեցական գործակցութեան մէջ, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, միաժամանակ անդրադառնալով Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան առնչուած կարգ մը խնդիրներու:
Հանդիպման աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քարտինալ Քոխին նուիրեց Աստուածամայրը ներկայացնող յուշանուէր մը:
Յայտնենք, որ նոյն երեկոյեան, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, Քարտինալ Քոխ սարքեց ճաշկերոյթ մը, որուն Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան անդամներուն կողքին ներկայ էին Վատիկանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի բարձրաստիճան պատասխանատուները: Ճաշկերոյթի ընթացքին դարձեալ խօսք առնելով՝ Քարտինալը անդրադաձաւ Նորին Սրբութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութեան եւ անոր բերած մեծապէս գնահատելի նպաստին միջ-եկեղեցական շարժումին առաւել զարգացման ուղղուած:
Նշենք, թէ Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան առաջին օրը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, հանդիպում ունեցաւ Քարտինալ Փարոլինի հետ: Վերջինս վարչապետն է Վատիկանի եւ կը նկատուի երկրորդ կարեւոր անձը՝ Պապէն ետք: Քարտինալը պատասխանատուն է Վատիկանի վարչական, քաղաքական եւ արտաքին յարաբերութեանց առնչուած հարցերուն:
Նորին Սրբութիւնը, առաջին հերթին, անդրադարձաւ Լիբանանի կացութեան եւ գնահատեց Լիբանանի նախագահին ու վարչապետին գլխաւորութեամբ կառավարութեան հետեւողական աշխատանքը: Ապա, անդրադառնալով հարաւային Լիբանանին՝ ան ըսաւ, որ Իսրայէլ պէտք է իր զինուորական ոյժերը քաշէ հարաւային Լիբանանէն, երկրին բանակը ստանձնէ ընդհանուր ապահովութիւնը եւ Լիբանանի պետութիւնը վերահաստատէ իր գերիշխանութիւնը բոլոր շրջաններէն ներս: Հայրապետը նաեւ շեշտեց Լիբանանի բոլոր համայնքներուն միջեւ ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը եւ ջերմօրէն ողջունեց Լիբանանի գծով Վատիկանի ցուցաբերած զօրակցութիւնը:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն՝ շեշտելով քրիստոնեաներու արտագաղթը կասեցնելու հրամայականը եւ այս գծով շրջանի եկեղեցիներուն դերը:
Արամ Ա. Կաթողիկոս բարձր գնահատեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերահաստատման գծով Վատիկանի ցուցաբերած շարունակական նեցուկը: Խօսելով Արցախի մասին՝ Սրբազնագոյն Հայրապետը ըսաւ, որ Արցախի ժողովուրդին վերադարձը եւ անոր իրաւունքներուն վերահաստատումը, եկեղեցիներու ու պատմական կոթողներու պաշտպանութիւնը եւ Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի ղեկավարներու շուտափոյթ ազատ արձակումը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին համար հրամայական է: Այս ուղղութեամբ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց Վատիկանի աջակցութեան:
Քարտինալ Փարոլին, իր կարգին, խօսելով Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց Իսրայէլի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանքներու մօտ Վատիկանի տարած աշխատանքներուն մասին: Ընդհանրապէս Արցախի եւ յատկապէս բանտարկեալներու ազատ արձակման գծով Վատիկանի կողմէ կատարուող նախաձեռնութիւններուն մասին եւս որոշ լուսաբանութիւններ փոխանցեց: Քարտինալ Փարոլին ողջունեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ կատարուած առաջարկը՝ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու՝ Վատիկանի մէջ յատուկ խորհրդակցական հանդիպումներ կազմակերպելու:
Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը Քարտինալ Փարոլինին նուիրեց Աստուածամայրը ներկայացնող յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական եկեղեցիներուն պատկերները բովանդակող երկու հատորներէ բաղկացած հրատարակութիւն մը: Իսկ Քարտինալ Փարոլին Նորին Սրբութեան յուշանուէր մը յանձնեց:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը առիթ ունեցաւ առանձին զրոյց ունենալու Քարտինալին հետ՝ կարգ մը զգայուն բնոյթ ունեցող խնդիրներու շուրջ:

