Յունիս 7-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն Ետք Արդեօք Նիկոլ Փաշինեան Պիտի Մնա՞յ Պաշտօնի Վրայ

Յարութ Սասունեան
Աշխարհասփիւռ հայութիւնը ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւին` տեսնելու համար, թէ արդեօք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կուսակցութիւնը պիտի պահպանէ՞ իր մեծամասնութիւնը Ազգային ժողովին մէջ, ինչ որ իրեն կարելիութիւն պիտի տայ յաւելեալ հինգ տարիներ մնալու պաշտօնի վրայ։
Այս ընտրութիւնները կրնան ունենալ երկու հիմնական հետեւանքներ։ Մէկը՝ Հայաստանի ապագային համար, իսկ միւսը` ինքնին Փաշինեանին:
1.- Հետեւանքները Հայաստանի համար
Նկատի առնելով Փաշինեանի վերջին ութ տարիներու կործանարար գործունէութիւնը` բազմաթիւ հայեր մտավախութիւն ունին, որ եթէ ան շարունակէ մնալ իշխանութեան գլուխ, Հայաստանի գոյատեւումը կրնայ վտանգուիլ: Ահա անոր հիմնական ձախողութիւններէն քանի մը հատը.
Ա) Ազրպէյճանի դէմ 2020 թուականի պատերազմի սխալ կառավարումը, որ պատճառ դարձաւ Արցախի մեծ մասի կորուստին եւ հազարաւոր հայ զինուորներու մահուան:
Բ) Ազրպէյճանական բանակին արտօնել, որ ներխուժէ եւ շարունակէ բռնագրաւուած պահել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի որոշ հատուածները 2021 եւ 2022 թուականներէն ի վեր:
Գ) 2022 թուականին Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալը` հակառակ նախապէս կատարած այն յայտարարութեան, թէ՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ»:
Դ) Անկարողութիւնը՝ 2023 թուականին Արցախէն 120.000 հայերու բռնի տեղահանումը կանխարգիլելու:
Ե) Արցախեան հարցը փակուած նկատելը եւ արցախցի գաղթականները «փախածներ» որակելը:
Զ) Պնդելը, որ Արցախի յանձնումը ամրապնդած է Հայաստանի անկախութիւնը:
Է) Սահմանադրութեան խախտումով Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ ներքին գործերուն միջամտելը եւ քանի մը բարձրաստիճան հոգեւորականներու բանտարկութիւնը:
Ը) Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու եւ Արցախի ղեկավարներու ազատ արձակումը ապահովելու հարցին մէջ ձախողութիւնը:
Թ) Յաճախակիօրէն ենթարկուիլը նախագահ Իլհամ Ալիեւի պահանջներուն` Հայաստանի կարեւորագոյն հարցերուն մէջ զիջումներ կատարելու:
2.- Հետեւանքները Փաշինեանի համար
Փաշինեանի ապագան կրնայ ամբողջութեամբ կախեալ ըլլալ այս ընտրութիւններու արդիւնքէն: Հայաստանի օրէնքներու եւ սահմանադրութեան խախտումներուն պատճառով ան կրնայ ձերբակալուիլ եւ ենթարկուիլ հետապնդման, եթէ կորսնցնէ իշխանութիւնը: Այդ պատճառով ան կարելին պիտի ընէ օրինական կամ այլ ուղիներով յունիս 7-ի ընտրութիւններուն յաղթանակ ապահովելու եւ բանտարկութենէն խուսափելու համար:
Հակառակ համատարած դժգոհութեան` Փաշինեանը դեռ կրնայ մնալ պաշտօնի վրայ, որովհետեւ գործող իշխանաւորները նախընտրական քարոզարշաւներու ժամանակ սովորաբար կ՛օգտուին պետական հսկայական միջոցներէ ու կարողականութենէ: Բացի ատկէ՝ իր կատարած զիջումներուն շնորհիւ ան ստացած է Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը: Անոնք կը գիտակցին, որ ընդդիմադիր ուժերու յաղթանակին պարագային, Փաշինեանի քաղաքականութեան եւ զիջումներուն մեծ մասը կրնայ չեղարկուիլ:
Այնուամենայնիւ, Փաշինեանի քաղաքական վարկանիշը մեծ անկում արձանագրած է: Անոր վստահութեան վարկանիշը, որ 2018 թուականին կը կազմէր 82 տոկոս, 2026-ին բաւական նուազած է՝ հասնելով 10 տոկոսէն քիչ մը աւելիի: Այս կտրուկ անկումը կրնայ կարելիութիւն ստեղծել ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն՝ իշխանութեան գալու:
Բայց եւ այնպէս, ընդդիմութիւնը կը բախի շարք մը լուրջ խոչընդոտներու:
Մասնատուած ընդդիմութիւն
Հայաստանը, հակառակ փոքր երկիր մը ըլլալուն, զարմանալիօրէն ունի 123 արձանագրուած կուսակցութիւն, որոնցմէ շատերը կը բաղկանան ընդամէնը հիմնադիրէն եւ համակիրներու փոքր շրջանակէ մը: Բարեբախտաբար բոլորը չեն մասնակցիր յունիս 7-ի ընտրութիւններուն: Այդուհանդերձ, պաշտօնապէս արձանագրուած է 19 քաղաքական միաւոր` 17 առանձին կուսակցութիւն եւ 2 դաշինք: Այս մասնատուածութիւնը ձեռնտու է իշխող կուսակցութեան, որովհետեւ ընդդիմութիւնը կը բաժնուի բազմաթիւ մրցակից խումբերու միջեւ:
Համախոհութեան կարելիութիւնները
Եթէ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները հաւաքաբար ապահովեն քուէներու 50 տոկոսէն քիչ մը աւելին եւ յաջողութեամբ համախմբում կազմեն խորհրդարանին մէջ, անոնք կարելիութիւն պիտի ունենան առաջադրելու իրենց վարչապետը եւ հեռացնելու Փաշինեանը պաշտօնէն:
Հայաստանի բարդ ընտրական համակարգը
Հայաստանի ընտրական համակարգը կը հանդիսանայ համադրումը իսրայէլեան ոճի համամասնական ընտրակարգի, գերմանական ոճի կայունութեան մեքենականութեան եւ յետխորհրդային արեւելեան Եւրոպայի բարեփոխումներու տարրերուն:
Ըստ ներկայ օրէնսդրութեան`
1.- Հայաստանի Ազգային ժողով մտնելու համար կուսակցութիւնը պէտք է ստանայ քուէներու առնուազն 4 առ հարիւրը:
2.- Երկու կամ երեք կուսակցութիւններէ բաղկացած համախոհները պէտք է ստանան քուէներու առնուազն 8 առ հարիւրը:
3.- Երեքէ աւելի կուսակցութիւններէ բաղկացած համախոհութիւնը պէտք է ստանան քուէներու առնուազն 10 առ հարիւրը:
Այն քուէները, որոնք տրուած են կուսակցութիւններուն, որոնք չեն յաղթահարեր սահմանուած շեմը, համամասնօրէն կը վերաբաշխուին անցողիկ շեմը յաղթահարած կուսակցութիւններուն միջեւ:
Ընդդիմութեան մեծագոյն խնդիրը
Այս համակարգին ամէնէն վիճայարոյց կողմն այն է, որ եթէ Փաշինեանի կուսակցութիւնը ստանայ քուէներու մեծագոյն բաժինը, ապա ան պիտի ստանայ նաեւ անցողիկ շեմը չյաղթահարած ընդդիմադիր կուսակցութիւններու վերաբաշխուած քուէներուն զգալի մասը: Հեգնական է, բայց Փաշինեանի դէմ քուէարկող ընտրողները կրնան ակամայ օգնել ամրապնդելու անոր խորհրդարանական մեծամասնութիւնը: Այդ պատճառով շատ աւելի փոքր կուսակցութիւնները, որոնք շեմը յաղթահարելու իրատեսական քիչ կարելիութիւն ունին, պէտք չէր մտնէին պայքարի մէջ: Այդպիսով, անոնք վտանգի կ՛ենթարկեն՝ բաժանելու Փաշինեանի դէմ քուէարկուած ձայները եւ անուղղակիօրէն առաւելութիւն տալու իշխող կուսակցութեան:
Մէկ անսովոր պաշտպանութիւն
Հայաստանի ընտրական համակարգի անսովոր առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ այն է, որ Ազգային ժողովը պէտք է կազմուած ըլլայ առնուազն երեք կուսակցութենէ: Հետեւաբար, եթէ միայն մէկ կուսակցութիւն յաղթահարէ պահանջուող շեմը, յաջորդ երկու բարձրագոյն արդիւնքներ արձանագրած կուսակցութիւնները նոյնպէս կրնան աթոռներ ստանալ, նոյնիսկ եթէ չեն հասած 4 առ հարիւրի շեմը: Նման պարագայի, այդ յաւելեալ կուսակցութիւնները հաւաքաբար պիտի ստանան խորհրդարանական աթոռներուն մէկ երրորդը` անկախ իրենց հաւաքած քուէներու փաստացի քանակէն:
Ի՞նչ պէտք է ընէ ընդդիմութիւնը
Եթէ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կը փափաքին բարելաւել իրենց առիթները, անոնք պէտք է աւելի նուազ կեդրոնանան Փաշինեանի հաւատարիմ կողմնակիցները իրենց կողմը գրաւելու վրայ: Կառավարութեան բազմաթիւ աջակիցներ կ’օգտուին պետական աշխատանքէն, մեծ պարգեւավճարներէն եւ մենաշնորհային պայմանագիրներէն, հետեւաբար քիչ հաւանական է, որ անոնք լքեն իշխող կուսակցութիւնը: Այս ընելու փոխարէն՝ ընդդիմադիր խումբերը պէտք է կեդրոնանան զօրաշարժի մղելու ընտրելու իրաւունք ունեցող այն մեծաթիւ քաղաքացիները, որոնք ներկայիս կը յայտարարեն, թէ պիտի չմասնակցին քուէարկութեան:
Եթէ ընդդիմադիր ուժերը յաջողին խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմել, անոնց առաջնահերթութիւններէն մէկը պէտք է ըլլայ Հայաստանի ընտրական օրէնսդրութեան բարեփոխումը եւ ներկայի համակարգի փոխարինումը աւելի աւանդական ընտրակարգով, որ նման պիտի ըլլայ բազմաթիւ այլ երկիրներու մէջ կիրարկուող կառոյցին։
Մինչ այդ, Հայաստանի իւրաքանչիւր արձանագրուած ընտրող պէտք է մասնակցի յունիս 7-ի ընտրութիւններուն` երկրի ապագան ուրիշներու ձեռքը ձգելու առաջքը առնելու համար:
Արտասահմանի մէջ ապրող Հայաստանի այն քաղաքացիները, որոնք կը պահպանեն ընտրելու իրաւունքը, պէտք է ամէն ջանք գործադրեն Հայաստան մեկնելու եւ իրենց քուէն տալու: Իսկ անոնք, որոնք չեն կրնար երթալ, պէտք է յորդորեն Հայաստանի մէջ գտնուող իրենց հարազատներն ու բարեկամները` մասնակցելու յունիս 7-ի քուէարկութեան:

