Լրահոս

Աևեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Առաջնորդ Վերընտրուեցաւ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան

16 Մայիսին իր աւարտին հասաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը, որ վերընտրեց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը` պաշտօնավարութեան երրորդ քառամեակի մը համար:

Երեսփոխանական ժողովի եզրափակիչ նիստին տեղի ունեցան նաեւ Ազգային վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու մասնակի ընտրութիւններ: Կրօնական ժողովի անդամներ ընտրուեցան` Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան եւ Դանիէլ քհնյ. Մանճիկեան, իսկ Քաղաքական ժողովի անդամներ` գնդ. Արամ Սարաֆեան (վերընտրեալ), Յակոբ Ա. սրկ. Խաչատուրեան (վերընտրեալ), Ռաֆֆի Սամքիրանեան եւ Ալպերթ Սուլթանեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button