Լրահոս
Արցախ.- Հ.Յ.Դ. 33-րդ Ընդհանուր Ժողովի Հանդիսաւոր Բացում
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Յունուար 16-ին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հ.Յ.Դ. 33-րդ Ընդհանուր ժողովին:
Պաշտօնական բացման նիստէն ետք ժողովականները այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցած եւ ծաղիկներ զետեղած են Եղբայրական գերեզմանոցի եւ Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի յուշաքարին:


