ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՈՒՄ

Հինգշաբթի, 14 Մայիսի յետմիջօրէին, տեղի ունեցաւ 2026-ի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին բացումը Նիւ Եորքի Էլմհըրսթ շրջանի Double Tree հիւրանոցին մէջ, նախագահութեամբ Ա․Մ․Ն․ Արեւլեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանի, եւ հիւրընկալութեամբ շրջանի Սուրբ Սարգիս (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) եկեղեցւոյ։ Ժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ Շաբաթ, 16 Մայիս։
Թեմի կրօնական եւ աշխարհական երեսփոխաններու մասնակցութեամբ, Երեսփոխանական ժողովը պիտի քննէ վերջին տարուան անցած ուղին եւ ճշդէ Ազգային Առաջնորդարանի հոգեւոր եւ վարչական ուղղութիւնը։ Հոգեւորականաց համագումարը, նոյնպէս Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 13 Մայիսին։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքէն ետք, ժամանակաւոր դիւան մը նշանակուեցաւ՝ յանձին մեթր Մովսէս Շրիգեանի (ատենապետ) եւ տիկ. Պի Մովսէսեանի (ատենադպրուհի)։ Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ երեսփոխաններու լիազօրագիրներու վերաբերեալ զեկոյցը եւ կատարուեցաւ ընտրողական յանձնախումբի ընտրութիւնը։ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, եւ տիկ. Անիթա Ներսէս՝ հոգաբարձութեան ատենապետուհի, բարի գալուստ մաղթեցին հիւրընկալ եկեղեցւոյ կողմէ։
Այնուհետեւ, ժողովականները լսեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ձայնագրուած ուղերձը։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ այս տարի հռչակուած է Հոգեւոր Վերանորոգման Տարի, շեշտելով, թէ «ոգեղէնութիւնը եկեղեցի ըլլալու էութիւնն է եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան կորիզը»։
Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, ուղղուելով ներկաներուն, խորհրդածեց հոգեւոր վերանորոգման հրամայականին մասին, արձագանգելով Վեհափառ Հայրապետի այս տարուան հռչակագրին։ «Կը խնդրեմ բոլորիդ, իբրեւ այս բարձրագոյն մարմնի դեսպանները, որ վերադառնալով ձեր համայնքները, բորբոքեցէք ձեր ծխակիցներուն սրտերը, ջանադրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ, հոգեւոր վերանորոգման պատգամի հուրով։ Բոլորս, իբրեւ Առաջնորդարան, եկեղեցիներ եւ քոյր կազմակերպութիւններ, պէտք է զարկ տանք հոգեւոր գարնան մեր ընտանիքներուն եւ համայնքներուն մէջ», ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Տեղի ունեցաւ մնայուն դիւանի ընտրութիւն։ Մայքըլ Կիւզէլեան եւ Սիմոնէ Թոփուզեան համա-ատենապետներ ընտրուեցան, իսկ Պերճ Պարտիզպանեան եւ Շըրլի Սարեան՝ ատենադպիրներ։ Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Արժպ Տ. Աբրահամ Քհն. Մալխասեան՝ էջմիածնական Արեւելեան Թեմի անունով, եւ Կարօ Թաշճեան՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան անունով։ Գնդ. Արամ Սարաֆեան՝ Ազգ. Վարչութեան ատենապետը, ներկայացում մը կատարեց Ամերիկայի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ պատմոթեան մասին, իսկ Սթիվըն Հարոյեան խօսեցաւ «Թռչնիկ» կազմակերպութեան բերած նպաստին մասին Սիւնիքի սահմանային գիւղերուն։

