ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Պելճիքայի Մաթիլտա թագուհիին հետ՝ քննարկելով առեւտուրի, պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի հարցեր։
Էրտողան անդրադարձաւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան եւ մաքսային միութեան վերականգնման հարցերուն։ Ան շեշտեց, որ շրջանային վերջին զարգացումները յստակօրէն կ՛ընդգծեն Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու աշխարհաքաղաքական նշանակութիւնը։
Տեղին է նշել,որ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմում կատարած է մօտաւորապէս 40 տարի առաջ, իսկ բանակցութիւնները ընթացք առած են միայն 2005-ին։ Սակայն անոնք շատ դանդաղ կ՛ընթանան՝ մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան մարզերուն ոտնակոխումներուն եւ սխալներուն պատճառով։
*

Այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին, Վոսփորի նեղուցէն անցած են 9195 նաւեր՝ օրական միջին հաշուով 102 նաւ։
Տուեալ ժամանակաշրջանին 3277 բեռնատար, 1833 յատուկ ապրանքներով բեռնաւորուած բեռնատար եւ քիմիական նիւթ փոխադրող 451 բեռնատար նաւեր կտրած են նեղուցը։ Բոլոր նաւերուն երկարութիւնը 300 մեթրը չէ անցած։
Ըստ Թուրքիոյ նաւային փոխադրութիւններու պետական վարչութեան տուեալներուն, ընթացիկ տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին նեղուցին միջոցով մօտաւորապէս 135,182,851 թոն ապրանք փոխադրուած է։
*
Թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութիւնը իր վերջին վեհաժողովին ընթացքին քննարկման առարկայ դարձուց թուային արհեստագիտութեան եւ արհեստական բանականութեան զարգացման հեռանկարները, այն ակնկալութիւններով, թէ երկու մարզերուն մէջ գործակցութեան յստակ նախագիծեր պիտի ծրագրուին։
Ժողովականները նաեւ քննարկեցին անդամ պետութիւններու տնտեսութիւններուն աճը պահպանելու եւ հանրային սպասարկութիւններու զարգացման կարելիութիւնները։
Տեղին է նշել, որ Թուրքիա կը գտնուի կազմակերպութեան ցանկին առաջին դիրքին վրայ՝ արտածման առումով։ Միայն այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն, Թուրքիա կազմակերպութեան անդամ երկիրներ թրքական արտադրութիւններ արտածած է՝ 2.1 միլիառ տոլարի արժողութեամբ։
*
Մ.Ա.Կ.-ի խաղաղարար գործողութիւններու հարցով ենթաքարտուղար Ժան Փիեռ Լաքրուա յայտնեց, որ Միջազգային կազմակերպութիւնը կը հետապնդէ իր խաղաղարար առաքելութիւններուն Թուրքիոյ առաւել մասնակցութիւնը ապահովելու ծրագիրը։
Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին Լաքրուա նաեւ նշեց, որ ՄԱԿ եւ Անգարա սերտօրէն կը գործակցին բազմաթիւ մարզերու մէջ՝ վկայակոչելով ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի Թուրքիա վերջին այցելութիւնը՝ զայն նկարագրելով իբրեւ գործակցութեան զարկ տալու դրսեւորում մը։
*
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր Անգարայի մէջ ընդունեց Պելճիքայի պաշտպանութեան նախարար Թէօ Ֆրանքէնը, որ թունդ թրքասէր մըն է։
Ֆրանքէն, որ մաս կը կազմէր Մաթիլտ թագուհիին ընկերակցող պատուիրակութեան, յայտարարած էր, որ նախապէս ծունկի եկած է Աթաթուրքի արձանին առջեւ եւ պատրաստ է նոյնը կրկնելու, որովհետեւ կը համարէ, որ Աթաթուրք մեծ ղեկավար մըն է։
Եաշար եւ Ֆրանքէն ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն աւարտին ստորագրեցին Միտումներու նամակ մը, որ կը համարուի Թուրքիոյ եւ Պելճիքայի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան սկիզբ մը։

