ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա․Մ․Ն․ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՆՇԷ «ՏԱԹԵՒԻԿ»-Ի ԾՆՈՒՆԴԸ

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ Ազգային Առաջնորդարանի կրօնական եւ քաղաքական Ժողովները ուրախ են յայտնելու նոր առաքելութեան մը ծնունդը Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեանի, Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեանի եւ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանի նախաձեռնութեամբ։ Առաջին «Տաթեւիկ» ճամբարը տեղի ունեցաւ Միշիկընի Miracle Camp-ին մէջ, Երկուշաբթի, Օգոստոս 17-էն մինչեւ Հինգշաբթի, Օգոստոս 20։ Ճամբարը հիւրընկալեց 8-էն 14 տարեկան 25 մասնակիցներ՝ Սուրբ Սարգիս (Տիրպորն, Միշիկըն), Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ (Կըանիթ Սիթի, Իլինոյ) եւ Սուրբ Յակոբ (Ռէյսին, Ուիսքանսըն) եկեղեցիներէն։
Նախաձեռնութեան նպատակն է մասնակիցներուն աւելի մօտէն ծանօթացնել Հայ Եկեղեցին եւ իրենց հաւատքը։ Չորս օրերու ընթացքին, աշակերտները առիթ ունեցան անձնական եւ իմաստալից ձեւով ապրելու եկեղեցական կեանքը՝ հոգեւորականներուն հետ մատուռին եւ դասարանին մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցելով բացօթեայ գործունէութեան եւ ընկերային պահերու։

Դասերը վարեցին Պարոյր Ծ. Վրդ. Շէրնէզեան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Դպրեվանքի տեսուչը, Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան, Դանիէլ Քհնյ. Մանճիկեան, Սամուէլ Քհն. Աճէմեան եւ Կարօ Սրկ. Պալեան։ Իւրաքանչիւր դաս կեդրոնացած էր աղօթելու տարբեր եղանակի մը վրայ՝ երգեցողութեամբ, Սուրբ Գիրքով, Տէրունական Աղօթքի տարբեր բաժիններու միջոցով եւ աղօթքի օրագիր պահելով։ Ամէն օր սկսաւ եւ աւարտեցաւ առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւններով, որոնց երեխաները մասնակցեցան՝ կարդալով եւ երգելով աղօթքներն ու շարականները։ Դասարանէն դուրս, երեխաները իրենց ժամանակը կ՚անցընէին խաղերով եւ ժամանցի ու ընկերային այլ ձեւերով։
Երեքշաբթի, Օգոստոս 18-ին, Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց ճամբարը՝ օրհնելու «Տաթեւիկ»-ի ծնունդը որպէս Թեմի նոր ծառայութիւն։ «Տաթեւիկ» անունը բխած է «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային հիմնարկի անունէն, այն ակնկալիքով, որ «Տաթեւիկ»-ի շրջանաւարտները հետագային պիտի յաճախեն հոն։
Սրբազան Հայրը երեխաներուն խօսեցաւ աղօթքի կարեւորութեան մասին եւ ներկայ գտնուեցաւ զանազան գործունէութիւններու։ Երեխաները մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին զինք եւ խանդավառութեամբ հարցումներ ուղղեցին անոր եւ միւս հոգեւորականներուն։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս բարձրօրէն գնահատեց Միջին Ամերիկայի մեր հոգեւոր հովիւներուն նուիրումը, որոնք կը սպասարկեն մեր ամենակրտսեր սերունդի կարիքներուն։ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 19-ին, ան նախագահեց բացօթեայ առաւօտեան ժամերգութեան մը, ապա եզրափակեց իր այցելութիւնը՝ բոլոր մասնակիցներուն նուէրներ բաժնելով։
Նորածին «Տաթեւիկ» ծրագրին ուրախ եւ յաջող ընթացք կը մաղթենք, յուսալով, որ անիկա յաջորդ տարի պիտի դիմաւորէ աւելի մեծ թիւով մասնակիցներ։

