ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼ

Կիրակի, 16 Օգոստոսին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, Սուրբ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առթիւ, պատարագեց ու քարոզեց Ուայթընզվիլի (Մասաչուսէց), Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց եկեղեցւոյ տարեկան դաշտահանդէսին, ուր ներկայ էրին աւելի քան 800 հոգի՝ հայ եւ օտար հանդիսականներ համախմբեց, ընկերային գեղեցիկ մթնոլորտ մը ստեղծելով։ Դաշտահանդէսի առիթով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս կատարեց Անդաստանի եւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնները, առընթերակայութեամբ շրջանի եկեղեցականներուն՝ Արժպ․ Տ. Միքայէլ Քհն․ Տէր Խոսրովեանի (հոգեւոր հովիւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, Ուայթընզվիլ), Արժպ. Տ. Պետրոս Ա. Քհն. Շիթիլեանի (հոգեւոր հովիւ, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Ինտիըն Օրչըրտ), Արժպ․ Տ. Ստեփան Քհն․ Պալճեանի (հոգեւոր հովիւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, Նորթ Անտովըր), Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի (հոգեւոր հովիւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ, Փրաւիտընս), Արժպ․ Տ Թադէոս Քհն․ Բարսեղեանի (հոգեւոր հովիւ էջմիածնական Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ, Ուստըր), Արժպ․ Տ. Արամ Ա. Քհն․ Ստեփանեանի (պատուակալ հովիւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ, Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) եւ Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեանի (պատուակալ հովիւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ, Փրաւիտենս)։

Սրբազան Հայրը երախտագիտութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւպ եւ անոր հաւատացեալներուն տուած օրհնութիւններուն եւ գեղեցիկ եղանակին համար։ Նաեւ գնահատեց իր հոգեւոր եղբայրները եւ ներկայ ժողովուրդը՝ Ուայթընզվիլի համայնքին ցուցաբերած զօրակցութեան համար։ Ան կարճ բացատրութիւն մը տուաւ Անդաստանի եւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւններուն մասին։
Դաշտահանդէսը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ՝ համադամ ճաշերով ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ, որուն նպաստեցին հայկական երաժշտութիւնն ու պարը։

