Լրահոս

Ազգային Ժողովը Քննեց Լիլիթ Գալստեանի Թեկնածութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ քննարկուեցաւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին թեկնածութիւնը։ Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը այդ պաշտօնին առաջադրած է Լիլիթ Գալստեանը, որ իր հիմնական ելոյթին կարեւորագոյն մասը նուիրեց Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին՝ խիստ քննադատութեան ենթարկելով իշխանութիւնները։ Ան անդրադարձաւ քաղաքական հետապնդումներու, քաղաքական բանտարկեալներու, դատական համակարգի անկախութեան եւ ոստիկանութեան գործողութիւններուն։

«Ինծի կը ճանչնան նախորդ գումարումէն եւ քաջատեղեակ են այն ծանր գնահատականներուն, որոնք հնչեցուցած եմ մարդու իրաւունքներու համատեքստին մէջ», յայտարարեց Գալստեան՝ պնդելով, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը «ոչ մէկ առնչութիւն ունի ո՛չ իրաւական, ո՛չ ժողովրդավարական պետութեան հետ»։

Դատական համակարգի անկախութեան մասին խօսելով՝ Գալստեան անդրադարձաւ Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի բանտարկան։ Անոր համաձայն՝ այդ գործը քաղաքական հակառակորդները լռեցնելու փորձ մըն է։ «Քաղաքական հակառակորդները լռեցնելու, հրեշայնացնելու բացայայտ դիտաւորութիւն, մոնտաժուած հիմքեր, անմեղութեան կանխավարկածի ոտնահարում», յայտարարեց ան։

Գալստեան անդրադարձաւ նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն՝ իշխանութիւնները մեղադրելով Եկեղեցւոյ գործերուն միջամտելու մէջ։ Անոր գնահատմամբ՝ պետութիւնը այս հարցին մէջ որդեգրած է հակասահմանադրական դիրքորոշում՝ փորձելով որոշել, թէ ով պէտք է առաջնորդէ Եկեղեցին։

Գալստեան յիշատակեց նաեւ նախընտրական շրջանին ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ իրականացուած քրէական հետապնդումներն ու կալանաւորումները՝ նշելով Սամուէլ Կարապետեանի, Աւետիք Չալապեանի, Գագիկ Ծառուկեանի եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամ Իգոր Սարգսեանի անունները։ Անոր պնդումով՝ այս գործընթացները ազդեցութիւն ունեցած են նաեւ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ։

Advertisement Subscribe Today

Անդրադառնալով ոստիկանութեան աշխատանքին՝ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորը պնդեց, որ համակարգին մէջ կը շարունակէ գործել «անպատժելիութեան մթնոլորտ»։ Անոր խօսքով՝ մինչեւ 2025 թուականը որեւէ ոստիկան պատասխանատուութեան չէ ենթարկուած խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ ոչ օրինական գործողութիւններու, ընդդիմադիր պատգամաւորներու նկատմամբ բռնութիւններու կամ լուսաձայնային նռնակներու ապօրինի կիրառման համար։

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Յասմիկ Յակոբեան հարց ուղղեց Լիլիթ Գալստեանին՝ նշելով, որ վերջինս խօսած է միակողմանիօրէն՝ չնկատելով ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցող անձերու նկատմամբ արձանագրուած խախտումները։ Ան հարցուց, թէ ինչպէ՛ս Գալստեան պիտի կարենայ իր կուսակցական եւ քաղաքական հայեացքները մէկ կողմ դնել ու արձանագրել նաեւ իր թիմակիցներու խախտումները։ Գալստեան կարճ պատասխանեց. «Ես ապացուցելու կարիք չունիմ ըսելու, թէ ինչ մեթոտաբանութեամբ պիտի աշխատիմ»։

Ընդդիմադիր թեկնածուն յայտարարեց նաեւ, որ ընտրուելու պարագային յանձնաժողովին մէջ իր աշխատանքի առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլայ Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութենէն Լիլիթ Մինասեան ըսաւ, որ ընդդիմադիր թեկնածուին վերաբերեալ տակաւին որոշում չունին։ Ան նշեց, որ բոլոր թեկնածութիւնները պէտք է քննարկուին, ապա որոշում կայացուի։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button