Անցնող ամիսներուն, բազմիցս տեղեկացանք թէ հայերէն լեզուն, գիրն ու գիրքը, իրենց վրայ կեդրոնացուցած են բոլոր հայորդիներուն ուշադրութիւնը, սկսելով Սփիւռքի հեռաւոր ոստայններէն մինչեւ մայր Հայաստան:
Հաւաքական կեանքին մէջ, առաջնահերթ է հայ գիրքին դրական ներկայութիւնն ու կարեւորութիւնը: Առ այդ, հայ կրթօճախին եւ ընտանիքին պարտականութիւնն է դառնալու պահապանը` հայ գիրքին: Այս պատճառով ալ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ 2012 տարին, հռչակուած է իբրեւ “Հայ Գիրքի Տարի“:
Նաեւ, 2012 թուականը 500-ամեակն է հայ լեզուն պահպանելու, պաշտպանելու ու տարածելու կոչուած հայ գիրքի տպագրութեան: Հայ լեզուն պէտք է դառնայ աշխարհի բոլոր կողմերը ցրուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ազգային պատկանելիութեան անխորտակելի առանցքը ու միութեան ամուր շաղախը:
Հոս, տեղին է կրկնել, թէ հաւատքի ու հայրենիքի կողքին, նաեւ հայ լեզո՛ւն պահեց մեզ, հայ լեզո՛ւն ամրացուց մեր գոյութիւնը, հայ լեզո՛ւն բիւրեղացուց մեր ինքնութիւնը եւ այսօ՛ր ու մի՛շտ, հայ լեզուն է ազգային պայքարին զօրեղ վահանը, հայորդիի միութեան ամուր օղակը, հայութեան ինքնութեան դրոշմը: Առանց հայ լեզուին մեր կեանքը պիտի պարպուի արժէքներէն, սրբութիւններէն ու աւանդութիւններէն, հայու հարազատ էութենէն: