ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ.- ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՒ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ “ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ“ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ ԵԿԱՒԵԱՆԻՆ
Վերջերս, Փարիզի Միջազգային համալսարանական ոստանի Հայ ուսանողներու տան մէջ, յատուկ հրաժեշտի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին, որ անցնող տարեշրջանի աւարտին, հանգստեան կոչուեցաւ “Կիւլպէնկեան“ հաստատութեան հայկական բաժնի տնօրէնութենէն: “Կիւլպէնկեան“ հիմնարկը Փարիզի ուսանողական ոստանին մէջ կարեւոր ներդրում ունի հայ ուսանողներու տան կապակցութեամբ, նաեւ Փորթուգալի ուսանողական տան: Հայ ուսանողներու տան համար տարեկան 30-40 հազար եւրոյի ներդրում ունի որ կ՛ընդգրկէ` տան սենեակներու մատակարարում, ուսանողներու կրթաթոշակ եւ զանազան բարենորոգումներու մասնակցութիւն:
Հայ ուսանողական տան ներկայ տնօրէն Սահակ Սուքիասեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրը: Զաւէն Եկաւեան Հայ ուսանողական տան հետ առնչուած երկար անցեալ մը ունի: 12 տարիներ շարունակ եղած է Հայ տան տնօրէն, որմէ ետք նշանակուած է Լիզպոնի “Կիւլպէնկեան“ հաստատութեան հայկական բաժնի տնօրէն: Նոր պաշտօնի կոչուելով հանդերձ, կը մնար կապուած Հայ ուսանողական տան քանի որ իբրեւ Պօղոս Նուպար ընտանիքի ներկայացուցիչ, ի պաշտօնէ վարչութեան անդամ էր: Խօսք առաւ նաեւ ընդհանուր վերակացու Քարին Քամպի:
Զաւէն Եկաւեան խօսք առնելով նշեց թէ համալսարանական ոստանը միջազգային կառոյց ըլլալով‘ միջպետական համաձայնութեամբ կառուցուած են տարբեր ժողովուրդներու համալսարանական տուները. Հայ ուսանողական տունը կը հանդիսանայ միակը, որ պետութիւն չունենալով հանդերձ, կառուցուած է Պօղոս Նուպար Փաշայի կողմէ: Ան շեշտեց թէ միջազգային համալսարանական ոստանը ժողովուրդներու միջեւ փոխհասկացողութեան եւ հանդուրժողութեան խորհրդանիշն է եւ այստեղ է որ զանազան պետութիւններու, ազգերու զաւակներ կու գան ուսանելու եւ իրարու հետ բնականօրէն կը հաղորդակցին ու կ՛ընկերանան:
Նշենք թէ “Կիւլպէնկեան“ հաստատութեան հայկական բաժնի նորանշանակ տնօրէնութեան պաշտօնը ստանձնած է Աստղիկ Չամքերթըն: