ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՊԱՏԱՐԱԳ
Իւրայատուկ էր անցնող տարին եւ հայորդիին համար, համեմատած նախանցեալ տարիներուն, շատ աւելի արդիւնաբեր եւ դրական: Խորհրդաւոր ամանորն է որ կը տիրապետէ հայ եկեղեցիէն ներս, սկսելով Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, անցնելով …նոյնիսկ Արեւմտահայաստանէն, ուր անցեալ տարի տեղի ունեցած Վանայ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք, դեռ քանի մը շաբաթ առաջ, կատարուեցաւ Տիգրանակերտի լայնատարած Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ հանդիսաւոր վերաբացումն ու պատարագը: Ասոնք, մեծ մասամբ արդիւնքն են Արեւմուտքին կողմէ կատարուած ճնշումին, որոնց կարգին յատկապէս Դեկտեմբեր 22-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագծի որդեգրումը Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ եւ անշուշտ Դեկտեմբեր 13-ին, Ա.Մ.Ն.-ի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու վաւերացուցած կրօնական ազատութիւններու մասին թիւ 306 բանաձեւը, որուն հիմնական կէտերն են.-
– Դադրեցնել Թուրքիոյ մէջ բոլոր տեսակի կրօնական խտրականութիւնները.
– Արտօնել եկեղեցիներուն իրականացնել կրօնական ծէսեր, մատուցել կրթական, ընկերային ծառայութիւններ` առանց սահմանափակումներու.
– Վերադարձնել քրիստոնէական եկեղեցիները, կրօնական եւ կրթական կառոյցները, դպրոցները, յուշարձանները, սրբավայրերը եւ այլ աղօթատեղիներ, ինչպէս նաեւ շարժական գոյքը (արուեստի գործեր, ձեռագիրներ, եւ այլն).
– Արտօնութիւն տալ քրիստոնեաներուն կատարել եկեղեցիներու, աղօթատեղիներու, այլ սրբավայրերու եւ հիւանդանոցներու նորոգութեան աշխատանքներ: