ՇԻՔԱԿՕ.- “ՄԱՍՆԱԿՑԻ՛Ր ԱՊԱԳԱՆ ԿԵՐՏԵԼՈՒ ԱՐՇԱՒԻՆ“ ԿԱՐԳԱԽՕՍԻՆ ՆԵՐՔԵՒ.- ԱՄԵՆԱՅՆ ՍՐԲՈՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՀԱՆԳԱՆԱԿԵՑ 460 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐ

0 0
Read Time:7 Minute, 27 Second
Կլեն­վիւ (Իլի­նոյ).- Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Թե­միս Բա­րեխ­նամ Առաջ­նորդ Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եա­նի ու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ամե­նայն Սրբոց Հա­յաս­տան­եայց առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ Հո­գե­ւոր Հո­վիւ Արժ. Տ. Զա­րեհ Աւագ քհնյ. Սա­հակ­եա­նի, Հո­գա­բար­ձու­թեան, եւ “Մաս­նակ­ցի՛ր Ապա­գան Կեր­տե­լու Ար­շա­ւին“ Կազ­մա­կեր­պիչ Յանձ­նա­խում­բին, Շա­բաթ, Նո­յեմ­բեր 5, 2011-ի երե­կոյ­եան, տեղ­ւոյն Հայ Կեդ­րո­նի Շահ­նա­զար­եան սրա­հին մէջ  նշուե­ցաւ եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 68-ամ­եա­կը, հան­գա­նա­կե­լով 460 հա­զար տո­լար:

Ձախէն աջ` Մուրատ Թոփալեան (օրուան բանախօս), Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Բարեջան Առաջնորդ Օշական Արք. Չօլոյեան, Արի Քիլեան (Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ օրուան հանդիսավար) եւ Քէն Խաչիկեան (Հայ Դատի Յանձնախումբի ղեկավար)

Ներ­կայ էր նա­եւ Էվընս­թը­նի Սուրբ Յա­կոբ Հա­յոց Առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ Հո­գե­ւոր Հո­վիւ Արժ. Տ. Յով­հան քհնյ. Խո­ճա էյ­նա­թեան:

Օր­ուայ հան­դի­սա­վարն էր Կազ­մա­կեր­պիչ Յանձ­նա­խում­բի եւ Հ.Յ.Դ. Արե­ւել­եան Ամե­րի­կա­յի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ան­դամ` Արի Քիլ­եան, որ բա­րի գալստ­եան իր խօս­քին մէջ յե­տա­դարձ  ակ­նար­կով  մը  անդ­րա­դար­ձաւ 1943-ին տե­ղի ու­նե­ցած Ամե­նայն Սրբոց Հա­յաս­տան­եայց առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան առա­ջին հան­գա­նա­կու­թեան, որու ըն­թաց­քին հան­գա­նակ­ուած էր 12,500 տո­լար: Այդ գու­մա­րով կա­րե­լի եղած էր գնել առա­ջին եկե­ղե­ցին ու կեդ­րո­նը: Այ­սօր, երբ մենք “Ներդ­րում կը կա­տա­րենք ապա­գա­յին հա­մար. Մեր Զա­ւակ­նե­րը, Մեր Եկե­ղե­ցին, Մեր Հա­մայն­քը“, ընդ­հա­նուր կար­գա­խօ­սին ներ­քեւ, նկա­տի ու­նինք եր­կա­րա­ժամ ծրա­գիր մը, եկե­ղեց­ւոյս կից վեր­ջերս գնուած եր­կու հեք­թար հո­ղա­շեր­տին վրայ Եւ աւել­ցուց.- “Այս  օրե­րուն, երբ շատ մը հա­մայնք­ներ, նոյ­նիսկ հոս Շի­քա­կո­յի տա­րած­քին տնտե­սա­կան լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ կը գտնուին, մենք, Ամե­նայն Սրբոց Հայց. առաք. եկե­ղեց­ւոյ հա­մայնքս կ՛ե­րա­զենք մեր կալ­ուա­ծը ըն­դար­ձա­կե­լու մա­սին“:

Իր սրտի խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կա­նե­րուն, եկե­ղեց­ւոյ Հո­գա­բար­ձու­թեան Ատե­նա­պետ` Մայք Տէ­միրճ­եան անդ­րադ­րա­ձաւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետ Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի այս տար­ուայ “Հայ Մա­նու­կի Տա­րի“ հռչա­կագ­րին, ըսե­լով.- “Եթէ կը փա­փա­քինք, որ մեր եկե­ղե­ցին բար­գա­ւա­ճի, ապա­հո­վէ մեր հա­մայն­քի ապա­գան, մենք պէտք է մեր հայ­եացք­նե­րը կեդ­րո­նաց­նենք մեր զա­ւակ­նե­րուն վրայ, եւ հե­տե­ւինք  Քրիս­տո­սի  պատ­ուի­րան­նե­րուն, մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն տա­լով մեր մա­նուկ­նե­րուն ըն­տա­նե­կան յար­կե­րէն ներս, դպրո­ցէն ներս, եկե­ղեց­ւոյ ու հա­մայն­քի կեան­քէն ներս“:

Տարիներ շարունակ Հայոց Առաքելական Ամենայն Սրբոց Եկեղեղւոյ ծառայած Հրանդ Մատրուսեան կւ ստանայ յուշանուէր մը: Լուսանկար` Զ.Թազեանի

Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը` եկե­ղեց­ւոյ Հո­գե­ւոր Հո­վիւ Արժ. Տ. Զա­րեհ Աւ. քհնյ. Սա­հակ­եան ըսաւ.- “Շատ մը առիթ­նե­րով, երբ կը փոր­ձեմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել մեր ծխա­կան­նե­րուն իրենց կա­տա­րած նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան աջակ­ցու­թեան հա­մար, ընդ­հան­րա­պէս կը ստա­նամ նոյն պա­տաս­խա­նը, թէ` այդ մէ­կը իրենց հա­մար քաղցր պար­տա­կա­նու­թիւն եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն է հան­դէպ եկե­ղեց­ւոյ եւ հա­մայն­քին“:

Այ­նու­հե­տեւ Արժ. Հայ­րը հրա­ւի­րեց Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը որ­պէս­զի կա­տա­րէ սե­ղա­նի օրհ­նու­թիւնը:

Ընթ­րի­քի աւար­տին, հան­դի­սա­ւա­րը պատ­շա­ճօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց օր­ուայ հիւր բա­նա­խօ­սը` ազ­գա­յին հան­րա­յին գոր­ծիչ, Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի նախ­կին ատե­նա­պետ` Մու­րատ Թո­փալ­եա­նը:

Յար­գե­լի բա­նա­խօ­սը, իրեն յա­տուկ գրա­ւիչ ոճով մը ներ­կա­նե­րը փո­խադ­րեց յետ եղեռն­եան ժա­մա­նակաշր­ջան, ուր ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն մա­զա­պուրծ փրկուած հա­յոր­դի­ներ կայք հաս­տա­տե­լով Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու ազատ եր­կին­քի տակ, իրենց սահ­մա­նա­փակ նիւ­թա­կան  մի­ջոց­նե­րով կա­ռու­ցե­ցին եկե­ղե­ցի­ներ, կեդ­րոն­ներ եւ կազ­մե­ցին ըն­տա­նիք­ներ, ու այս բո­լո­րէն ետք նիւ­թա­պէս օգ­տա­կար դար­ձան Հա­լէ­պի, Պէյ­րութի, Թեհ­րա­նի եւ Սփիւռ­քի զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րու մէջ հաս­տատ­ուած հայ­կա­կան դպրոց­նե­րուն, այն օրե­րուն երբ տա­կա­ւին Ամե­րի­կա­յի մէջ  գո­յու­թիւն չու­նէր հայ­կա­կան դպրոց: Թո­փալ­եան խնդրեց ներ­կա­ներն ճիգ չխնա­յել, այն­պէս ինչ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող­նե­րը, մեր զա­ւակ­նե­րուն, մեր եկե­ղեց­ւոյ ու մեր հա­մայն­քի փայ­լուն ապա­գա­յին հա­մար:

Բա­նա­խօ­սի ներշն­չող խօս­քի աւար­տին, Ար­թին Տէր­մէնճ­եան եւ Դա­տա­ւոր Տէյ­վիտ Էրիք­սըն ազ­դան­շա­նը տուին դրա­մար­շա­ւին: Խան­դա­վառ մթնո­լոր­տը պա­հի մը հա­մար վե­րած­ուե­ցաւ յու­զում­նա­լից, երբ տիկ. Սու­զան Էրիք­սըն- Չիթճ­եան, ի յի­շա­տակ իր հօր` եկե­ղեց­ւոյս հան­գուց­եալ վի­թե­րան ան­դամ, Ներ­սէս Չիթճ­եա­նի, կա­տա­րեց հա­րիւր հա­զար տո­լա­րի նուի­րատ­ուու­թիւն մը, իր ըն­տա­նի­քի նուի­րատ­ուու­թեան ընդ­հա­նուր գու­մա­րը բարձ­րաց­նե­լով 110 հա­զա­րի: Յի­շենք նա­եւ, Բժ. եւ տիկ. Արամ Սե­մէրճ­եա­նի կա­տա­րած 42 հա­զար տո­լա­րի եւ անա­նուն ըն­տա­նի­քի մը 25 հա­զար տո­լա­րի նուի­րատ­ուու­թիւն­նե­րը: Նուազ գնա­հա­տե­լի չէ­ին մեր հա­մայն­քի երի­տա­սարդ զոյ­գե­րու եւ ան­հատ­նե­րու կա­տա­րած սրտա­բուխ նուի­րատ­ուու­թիւն­ներն ու խոս­տումնե­րը, որոնց ընդ­հա­նուր գու­մա­րը հա­սաւ 460,000 տո­լա­րի:

Ու այս գե­ղե­ցիկ մթնո­լոր­տին մէջ, Թե­միս Բա­րեխ­նամ Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը յա­տուկ գնա­հա­տագ­րով մը մե­ծա­րեց եկե­ղեց­ւոյս հո­գա­բար­ձու­թեան եր­կա­րամ­եայ նուիր­եալ ան­դամ` Հրանդ Մատ­րուս­եա­նը: Յա­նուն հովիւին ու հո­գա­բար­ձու­թեան մե­ծար­եա­լը ներ­կա­յա­ցուց տիկ. Սու­զի Մկրտիչ­եան:

Օր­ուայ հան­դի­սա­վար Արի Քիլ­եան բարձր գնա­հա­տե­լով Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր հա­մայն­քիս հան­դէպ ցու­ցե­բե­րած հայ­րա­կան մօ­տե­ցու­մը, հրա­ւի­րեց զինք որ­պէս­զի եզ­րա­փա­կէ երե­կոն:

Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը ներ­կա­նե­րը հա­ղոր­դա­կից դար­ձուց Անգ­եայ Մար­գա­րէի իմաս­տու­թեան, թէ` “Արդ­եօք ժա­մա­նա՞կն է, որ դուք ձե­ղու­նա­զարդ տու­նե­րու մէջ բնա­կիք, իսկ այս տու­նը աւե­րակ մնայ“: (Անգ­եայ 1:4) Սրբա­զան Հայ­րը իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւնը տա­լով Ամե­նայն Սրբոց Հայց. առաք. եկե­ղեց­ւոյ հա­մայն­քին, ող­ջու­նեց հա­մայն­քին նոր ձեռք­բե­րում­նե­րը:

Ան­նախն­թաց յա­ջո­ղու­թեամբ պսակ­ուած երե­կոն իր աւար­տին հա­սաւ Սրբա­զան Հօր կող­մէ ար­տա­սան­ուած “Պահ­պա­նիչ“ով եւ մի­աս­նա­բար երգ­ուած “Կի­լիկ­իա“ մաղ­թեր­գով:

Թղթա­կից

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles