Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ Ա. ԼԻԱԳՈՒՄԱՐԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:16 Minute, 24 Second

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 10-րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վէն ընտր­ուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը կը տե­ղե­կաց­նէ թէ, իր Ա. լի­ա­գու­մա­րը կա­յա­ցու­ցած է նստա­վայր` Լի­բա­նա­նի մէջ, Նո­յեմ­բեր 5էն 7, 2011ին:

Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը հիւ­րը եղան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լի­բա­նա­նի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան, որ այս առ­թիւ, յա­տուկ ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պած էր:

Տեղ­ւոյն Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ եղբ. Յա­կոբ Քէ­շիշ­եան, նշեց, թէ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ մար­զա­կան խա­ղե­րու տա­րե­վերջ է, յար­մար նկա­տած են պար­գե­ւատ­րել Հ.Մ.Ը.Մ.ական այն ախոյ­եա­նու­թիւն­նե­րը, որոնք 2011-ի ըն­թաց­քին տի­րա­ցած են տար­բեր ախոյ­եա­նու­թիւն­նե­րու եւ բարձր պա­հած միու­թեան անու­նը: Իր խօս­քը աւար­տե­լով` ան հաս­տա­տեց, որ Շրջա­նա­յին Վար­չու­թիւնն ու իր հո­վանի­ին տակ գոր­ծող յանձ­նա­խում­բե­րը ժրա­ջան կեր­պով եւ մեծ հո­գա­ծու­թեամբ կը հսկեն բո­լոր մար­զա­կան խում­բե­րուն` միշտ առաջ­նա­հեր­թու­թիւն տա­լով մա­նուկ­նե­րուն եւ պա­տա­նի­նե­րուն, որոնք ապա­գան կը մարմ­նա­ւո­րեն:

Աւար­տին խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ եղբ. Գառ­նիկ Մկրտիչ­եան, որ դի­տել տուաւ, թէ ժո­ղո­վա­կան մթնո­լոր­տէն դուրս գա­լով` Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը լից­քա­ւոր­ուե­ցան այս ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին ներ­կա­յաց­ուած գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տա­գի­րով, ինչ­պէս նա­եւ տես­նե­լով Լի­բա­նա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ըն­տա­նի­քին ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը:

Ապա ան նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 10-րդ ժո­ղո­վին կող­մէ ընտր­ուած Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը որո­շած են իրենց լի­ա­գու­մա­րը կա­տա­րել Լի­բա­նա­նի մէջ` նկա­տի ու­նե­նա­լով լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան ու­նե­ցած ու­րոյն եւ հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը սփիւռ­քա­հայ կեան­քին մէջ, ուր անի­կա կը ներ­կա­յա­նայ իբ­րեւ ող­նա­սիւն: Ան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ առի­թը ստեղծ­ուե­ցաւ Հ.Մ.Ը. Մ.ի Լի­բա­նա­նի ըն­տա­նի­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ այս հան­դի­պու­մը ու­նե­նա­լու եւ ծա­նօ­թաց­ման կա­րե­լիու­թիւնը վա­յե­լե­լու:

Աւար­տին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ատե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկրտիչ­եան ներ­կա­նե­րուն ծա­նօ­թա­ցուց Հ.Մ.Ը.-Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը:

Հան­դի­սա­ւոր բա­ժի­նէն ետք տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը իրենց լի­ա­գու­մա­րին աւար­տին այ­ցե­լե­ցին Լի­բա­նա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տուն եւ տե­սակ­ցե­ցան դես­պան Աշոտ Քո­չար­եա­նի եւ հիւ­պա­տոս Կա­րէն Մա­թե­ւոս­եանի:

Հան­դի­պու­մին ըն­թաց­քին Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ատե­նա­պետ եղբ. Գառ­նիկ Մկրտիչ­եան նշեց, որ նկա­տի ու­նե­նա­լով, թէ լի­ա­գու­մա­րը կը կա­յա­նայ Լի­բա­նա­նի մէջ, Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւնը փա­փա­քած է ան­պայ­ման այ­ցե­լել Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նա­տուն` ծա­նօ­թաց­ման հան­դի­պու­մի մը հա­մար: Դես­պան Աշոտ Քո­չար­եան իր կար­գին բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լո­րին` Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան մէջ: Ան ներ­կա­յա­ցուց դես­պա­նա­տան աշ­խա­տանք­նե­րը, ի մաս­նա­ւո­րի Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիու­թեան դի­մում­նե­րու ծի­րին մէջ: Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ եղբ. Բագ­րատ Եսայ­եան հա­կիրճ ծա­նօ­թու­թիւն մը տուաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի սկաու­տա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեան մա­սին` թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ՛ Հա­մաշ­խար­հա­յին սկաու­տա­կան ծի­րին մէջ:

Փո­խա­դարձ գոր­ծակ­ցու­թեան խոս­տում­նե­րով‘ Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը հրա­ժեշտ տուին դես­պան Քո­չար­եա­նին:

Նա­եւ, Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը այ­ցե­լեց Այն­ճար, ուր դի­մա­ւոր­ուե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Այն­ճա­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, Այն­ճա­րի քա­ղա­քա­պետ Կա­րօ Փամ­պուք­եա­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այն­ճա­րի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կող­մէ:

Ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ Այն­ճա­րի պատ­մա­կա­նը, գիւ­ղին քա­ղա­քա­պե­տու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն եւ ապա­գա­յի ծրա­գիր­նե­րուն:

Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Հ.Յ.Դ. “Սար­գիս Զէյթլ­եան“ ժո­ղովր­դա­յին տուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այն­ճա­րի ակումբ, Ս. Պօ­ղոս եկե­ղե­ցի եւ Մու­սա Լե­րան նա­հա­տակ­նե­րու յու­շա­հա­մա­լիր:

Լի­ա­գու­մա­րը, իր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջո­ցով ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ լսեց Շրջան­նե­րու մա­սին զե­կու­ցում մը եւ անդ­րա­դար­ձաւ անոնց դի­մագ­րաւուած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն, ապա` կանգ առաւ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 10րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վի առա­ջարկ-բա­նա­ձե­ւե­րուն վրայ, որոնք կրկին ման­րա­մաս­նօ­րէն ար­ծարծ­ուե­ցան եւ յետ ու­սում­նա­սի­րու­թեան` Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը մշա­կեց իր քա­ռամ­եայ (2011-2015) գոր­ծու­նէ­ու­թեան ու­ղե­գիծ-գոր­ծե­լա­ձե­ւը.-

 

Ա. Կազ­մա­կերպ­չա­կան

 

Միու­թեան ու­ժե­ղա­ցումն ու հզօ­րա­ցու­մը ամ­րապն­դե­լու նպա­տա­կով, առա­ջադր­ուե­ցաւ հե­տա­մուտ ըլ­լալ մար­դու­ժի պատ­րաս­տու­թեան, նոյն­պէս` զարկ տալ ցա­մա­քա­մա­սա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու` ըլ­լան անոնք հա­մա­գու­մար­ներ, դա­սըն­թացք­ներ, բա­նա­կում­ներ եւ մար­զա­խա­ղեր:

Որոշ­ուե­ցաւ հե­տա­մուտ ըլ­լալ վեր­ջին շրջա­նին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ըն­տա­նի­քին վե­րամ­ի­ա­ցած եւ կամ նո­րաս­տեղծ Մե­կու­սի Շրջան­նե­րու ներ­քին կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ` ի պա­հանջ­եալ հար­կին նոր գա­ղութ­նե­րու մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօ­շին ներ­քեւ վառ պա­հել հա­յու դի­մա­գիծն ու դրոշ­մը:

Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը կազ­մա­կեր­պա­կան հիմ­քե­րով առաջ­նորդ­ուե­լու հա­մար ճշդեց իր ներ­վար­չա­կան յա­րա­բե­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը` պաշ­տօն­նե­րու դա­սա­ւո­րում­ներ կա­տա­րե­լով եւ շրջան­նե­րու հետ իր փոխ յա­րա­բե­րու­թեանց գոր­ծե­լա­ո­ճը վե­րա­հաս­տա­տեց շա­րու­նա­կել փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ:

Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը շեշ­տեց հայ­րե­նի պե­տու­թեան հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը առա­ւել եւս սեր­տաց­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւնը` պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ եւ եր­կիր­նե­րու մէջ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան­նե­րուն հետ, ի հար­կին` գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­լիու­թիւնը ըն­դար­ձա­կել եւ այ­ցե­լու­թեանց ըն­թաց­քին ներ­կա­յաց­նել Հ.Մ.Ը.Մ.ի կա­ռոյ­ցը եւ անոր աշ­խար­հա­տա­րած գոր­ծու­նէ­ու­թեան մար­զե­րը:

 

Բ. Ռազ­մա­վա­րա­կան

 

Վեր­ջին տաս­նամ­եակ­նե­րուն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու աճե­լա­վայ­րե­րու տե­ղա­շար­ժը նա­եւ պատ­ճառ դար­ձաւ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­նե­րու եւ կեն­ցա­ղա­յին ըմբռ­նում­նե­րու փո­փո­խու­թեան, թեւ տա­լով հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման արա­գըն­թաց կար­գա­վի­ճա­կին: Հա­յու­թիւնը եւս չէր կրնար ան­մասն մնալ այս պար­տադր­ուած իրա­վի­ճա­կէն:

Հե­տե­ւա­բար, Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեամբ եւ յատ­կա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դին ան­սա­կարկ ծա­ռա­յե­լու իր առա­քե­լու­թեամբ, Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 9րդ Ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վով քննե­լէ ետք վե­րոնշ­եալ կա­ցու­թիւնը, պարտք կը դնէր անց­եալ քա­ռամ­եա­կի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան յա­ռա­ջաց­նե­լու Ռազ­մա­վա­րա­կան ծրագ­րա­ւո­րու­մի Յանձ­նա­խումբ մը, մաս­նա­գի­տա­կան հիմ­քե­րով քննար­կե­լու շրջան­նե­րու միու­թե­նա­կան գոր­ծու­նէ­ու­թեանց տու­եալ դրու­թիւնը եւ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 10րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին ներ­կա­յաց­նե­լու ապա­գա­յի տե­սիլ­քով միու­թեան հզօ­րաց­ման կա­ռոյցն ու որ­դեգ­րե­լիք գոր­ծե­լա­ձե­ւը:

Արդ, Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը, իր կար­գին, իր օրա­կար­գի հիմ­նա­հար­ցե­րէն հա­մա­րե­լով փո­խանց­ուած թղթած­րա­րը, եր­կա­րա­շունչ նիս­տով զայն որ­դեգ­րեց եւ առա­ջադ­րեց հանգր­ուա­նա­յին դրու­թեամբ ան­յա­պաղ իրա­գոր­ծել: Նա­խա­տես­ուած ծրա­գի­րը յա­ջողց­նե­լու հա­մար յա­ռա­ջա­ցուց յանձ­նա­խումբ մը, որ իր կար­գին պի­տի ճշդէ գոր­ծադ­րու­թեան հանգր­ուան­նե­րու յա­ջոր­դա­կան եւ ժա­մա­նա­կագ­րա­կան գոր­ծըն­թա­ցը եւ հե­տա­գա­յին պի­տի ստեղծ­ուին անհ­րա­ժեշտ գոր­ծա­դիր գրա­սեն­եակ­ներ:

 

Գ. Սկաու­տա­կան

 

Միու­թեան ող­նա­սիւնը հա­մա­րուող սկաու­տու­թիւնը եւ անոր ճամ­բով յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­նե­րու դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը ապա­հո­վե­լու ու մե­րօր­եայ պա­հանջ­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս յա­ռաջ­խա­ղացք­ներ ձեռք բե­րե­լու նպա­տա­կով, առա­ջադր­ուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­յաց­նել հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական խմբա­պե­տա­կան Զ. հա­մա­գու­մա­րը, ծրագ­րե­լու եւ իրա­գոր­ծե­լու հա­մար խմբա­ւո­րում­նե­րու խմբա­պե­տա­կան կազ­մե­րուն յա­տուկ վե­րա­ո­րա­կա­ւոր­ման դա­սըն­թացք­ներ, ինչ­պէս նա­եւ հիմն­ուե­լով նա­խորդ փոր­ձա­ռու­թեան վրայ` հա­մա­կար­գել Արա­րատ­եան կար­գը եւ  ընդ­հա­նուր բա­նա­կու­մի նա­խած­րա­գի­րը:

Սկաու­տա­կան կար­գե­րու գի­տե­լիք­նե­րը այժ­մէ­ա­կա­նաց­նե­լու հե­ռան­կա­րով, որոշ­ուե­ցաւ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել այժ­մու գիր­քե­րը եւ հե­տա­գա­յին ի հար­կին զա­նոնք վե­րահ­րա­տա­րա­կել նոր յար­մա­րա­ցում­նե­րով: Հա­մա­գու­մա­րը իր կար­գին պի­տի մշա­կէ նա­եւ բո­լոր շրջան­նե­րու հա­մար երէ­ցա­կան կար­գե­րու գի­տե­լիք­նե­րը, առ ի պատ­րաս­տու­թիւն գիր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թեան:

Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը կա­րե­ւո­րեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի սկաու­տա­կան մի­ջազ­գա­յին գրա­սեն­եա­կի ան­դա­մակ­ցու­թիւնն ու գոր­ծօն դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը եւ անոր ճամ­բով ստեղծ­ուած սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մի­ջազ­գա­յին սկաու­տա­կան մար­մին­նե­րուն հետ, թե­լադ­րեց յա­տուկ ռազ­մա­վա­րու­թեամբ առա­ւել եւս զար­գաց­նել ու ամ­րապն­դել գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը եւ մի­ջազ­գա­յին սկաու­տա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն առա­ւե­լա­գոյն թիւով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րել ի նպաստ Հայ Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը անդ­րա­դառ­նա­լով Հայ սկաու­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 100ամ­եա­կին, որուն ստեղծ­ման ռահ­վի­րան Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը հա­մար­ուի ըլ­լալ, որո­շեց 2012ին յա­տուկ ձեռ­նարկ­նե­րով եւ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս գալ կազ­մա­կեր­պա­կան բո­լոր շրջան­նե­րու մէջ:

 

Դ. Մար­զա­կան

 

Մարմ­նակր­թան­քը մար­զա­խա­ղե­րով կի­րա­ռե­լու ու ազ­գա­յին ոգի թրծե­լու նպա­տա­կադ­րու­թե­նէն առաջ­նորդ­ուած` եզ­րա­կաց­ուե­ցաւ այս քա­ռամ­եա­կին հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մար­զա­խա­ղե­րը ան­գամ մը եւս իրա­կա­նաց­նել հայ­րե­նի Մայր հո­ղին վրայ:

Շրջան­նե­րէն ներս ըստ հնա­րա­ւո­րու­թեան եւ կա­րե­լիու­թեան կի­րար­կել զա­նա­զան մար­զա­խա­ղեր եւ թափ տալ մար­զա­կան դպրոց­նե­րու, ուր փոքր տա­րի­քէն մար­զիկ-մար­զի­կու­հի­ներ հնա­րա­ւո­րու­թիւնը կ՛ու­նե­նան կազ­մա­ւոր­ուե­լու եւ պատ­րաստ­ուե­լու ըստ իրենց կի­րար­կած մար­զա­ձե­ւին:

Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն մաս­նակ­ցիլ աւե­լի մեծ թիւով եւ ըստ կա­րե­լիու­թեան լրիւ խում­բե­րով` բո­լոր մար­զա­խա­ղե­րուն հա­ւա­սա­րա­պէս:

 

Ե. “Մար­զիկպաշ­տօ­նա­թերթ

 

Միու­թեան գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թիւնը ար­տա­յայ­տող եւ Հայ ժո­ղո­վուր­դի ձգտում­նե­րուն մէկ փա­րո­սը եղող “Մար­զիկ“ պաշ­տօ­նա­թեր­թը տա­րա­ծե­լու հրա­մա­յա­կա­նէն թե­լադր­ուած` ան­խու­սա­փե­լի հա­մար­ուե­ցաւ “Մար­զիկ“ին մա­տա­կա­րա­րել բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան աջակ­ցու­թիւն:

Առա­ջադր­ուե­ցաւ սփիւռ­քի որոշ տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րուն հա­մար խմբագ­րա­կան­նե­րը օտար լե­զուով թարգ­մա­նել եւ

անոր լրիւ բո­վան­դա­կու­թիւնը տե­ղադ­րել կայ­քէ­ջին վրայ, հասկ­նա­լի դարձ­նե­լու հա­մար բո­լո­րին:

 

Զ. Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եակ

Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը կանգ առաւ Մեծ Եղեռ­նի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կի` 2015ին հա­մա­հայ­կա­կան տա­րո­ղու­թեամբ տե­ղի ու­նե­նա­լիք յի­շա­տա­կի հան­դի­սու­թեանց:

Առ այդ` իր շար­քե­րուն ամէ­նու­րեք եւ անխ­տիր կը թե­լադ­րէ բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րուն խիտ շար­քե­րով եւ ամ­բող­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն, նոյն­պէս մեր ժո­ղո­վուր­դին գո­յա­պայ­քա­րին ի խնդիր` կազ­մա­կեր­պել Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոգին ներշն­չող` որ­բա­նո­ցէն ծնած միու­թեան ար­ժա­նա­վա­յել հան­դի­սու­թեամբ եւս ոգե­կո­չել Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ամ­եա­կը:

 

Է. 95ամ­եակ

2013ին Շրջան­նե­րէն ներս փա­ռա­շուք հան­դի­սու­թեամբ տօ­նա­կա­տա­րել Հա­յաս­տա­նի առա­ջին ան­կա­խու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նադ­րու­թեան 95ամ­եակ­նե­րը, հան­րու­թեան եւ օտար­նե­րուն աւե­լի ծա­նօ­թաց­նե­լով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազ­նիւ գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւնը եւ Հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­հեր­քե­լի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը:

95ամ­եա­կի առի­թով պատ­րաս­տել խորհր­դա­պատ­կեր (logo)`  տար­ուան ըն­թաց­քին զայն օգ­տա­գոր­ծե­լու, ինչ­պէս նա­եւ ձեռ­նարկ­նե­րուն` շքան­շան­նե­րով պար­գե­ւատ­րել վաս­տա­կա­ւոր եւ բե­ղուն ու յի­շա­տա­կե­լի անց­եալ ու­նե­ցող քոյր-եղ­բայր­ներ:

 

Ը. Կայ­քէջ

Ար­դի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան արա­գըն­թաց պայ­ման­նե­րէն օգտ­ուե­լու հա­մար, նպա­տա­կա­յար­մար նկատ­ուե­ցաւ յա­րա­տեւ եւ նո­րա­գոյն մի­ջոց­նե­րով օժ­տել միու­թեան կայ­քէ­ջը, ստեղ­ծել նա­եւ “Մար­զիկ“ պաշ­տօ­նա­թեր­թի յա­տուկ կայ­քէջ մը եւ զար­գաց­նել միու­թե­նա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը:

 

Թ. Յանձ­նա­խում­բեր

Ընդ­հա­նուր սկզբունք­նե­րէ մեկ­նած եւ ծրագր­ուած աշ­խա­տանք­նե­րը լա­ւա­գոյնս իրա­գոր­ծե­լու եւ յա­ջողց­նե­լու հե­ռան­կա­րով, որոշ­ուե­ցաւ գոր­ծել յանձ­նա­խում­բե­րու դրու­թեամբ, որոնք իրենց մաս­նա­գի­տու­թեամբ ու փոր­ձա­ռու­թեամբ պի­տի ու­նե­նան քա­ռամ­եայ գոր­ծու­նէ­ու­թեան ըն­թաց­քին մնա­յուն բնոյթ, ինչ­պէս` ռազ­մա­վա­րա­կան, սկաու­տա­կան, տնտե­սա­կան, կայ­քէջ, “Մար­զիկ“, քոյր մաս­նա­ճիւ­ղեր, ու­րիշ­ներ` պի­տի յա­ռա­ջա­նան ժա­մա­նա­կա­ւոր, անոնք ձեռ­նարկ­նե­րէն առաջ կեան­քի կոչ­ուե­լով, պի­տի կա­րե­նան կազ­մա­կեր­պել ու վա­րել ճշդուած գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը:

Քա­ռամ­եայ ծրա­գի­րի իւ­րա­քան­չիւր ձեռ­նար­կի յա­ջո­ղու­թիւնը կը վստահ­ուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ամ­բողջ ըն­տա­նի­քին, որուն դափ­նեպ­սակն է իր յա­ւեր­ժահն­չիւն եւ յա­ւեր­ժա­պանծ նշա­նա­բա­նը` Բարձ­րա­ցի՛րԲարձ­րա­ցո՛ւրը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles