Ընդդիմութիւնը Կ՛արծարծէ Փաշինեանի Զօրակցող Ֆիտանի Կատարած Յայտարարութիւնը
ԵՐԵՒԱՆ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի յայտարարութիւնը Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին արծարծուեցաւ ընդդիմութեան կողմէ։
«Կը փափաքինք, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ արդէն նախաստորագրուած համաձայնագիրը վերջնականապէս ստորագրուի, եւ, հետեւաբար, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը կարելի եղածին չափ շուտ իրականացուի, որպէսզի մենք կարենանք տարածաշրջանին մէջ շարունակել մեր ճամբան` կայունութեամբ եւ բարգաւաճումով: Այժմ այս քաղաքական կամքը կայ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քաղաքական ղեկավարութեան մօտ: Հիմա մնացած են քանի մը բաներ, զորս Հայաստան պէտք է ընէ: Ինչպէս գիտէք, յառաջիկայ Յունիսի սկիզբը Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան ընտրութիւններ, այդ նոյնպէս կարեւոր փուլ մը պիտի ըլլայ: Այնուամենայնիւ, մենք կը տեսնենք, որ պարոն Փաշինեան այժմ առաջատար է: Մենք իսկապէս կ՛աջակցինք այն կառուցողական դերակատարութեան, զոր ան ունի այս հարցով: Այս գիծը, այս վճռականութիւնը պէտք է շարունակուի», յայտնած էր Ֆիտան:
«Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Քրիստինէ Վարդանեան դժուար նկատեց պատկերացնել, թէ աւելի ուղղակի կերպով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ինչպէ՞ս կրնայ իր աջակցութիւնը յայտնել Հայաստանի մէջ իշխող ուժին:
«Թուրքիոյ արտաքին գործերի նախարարի յայտարարութիւնը ուղղի այն մասին է, որ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, ստորագրուող ու նախաստորագրուող փաստաթղթերը ամբողջութեամբ տեղաւորւում են իրենց պատկերացումների մէջ, մարդն ուղիղ ասում է` «Անունն ինչ ուզում էք դրէք, դա մեր պատկերացրած Զանգեզուրի միջանցքն է», նախապայմանը Թուրքիոյ այնպիսին է, որ բոլոր պայմանաւորուածութիւնների պէտք է լինեն Ատրպէյճանի պատկերացումներին համապատասխան», եզրակացուց Վարդանեան:

