casinowazambaԼրահոս
Մասաչուսէց․- Արլինկթընի Ֆիլհարմոնիք Նուագախումբը Պիտի Ներկայացնէ Հայկական Գործեր
Կիրակի, 8 Փետրուար, ժամը 3:00-ին, Արլինկթընի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, տեղւոյն երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ, պիտի ներկայացնէ հայկական գործեր, ղեկավարութեամբ Օրլանտօ Սելայի։
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ գործեր Գեղունի Չիչեանէն (Պալէ Սիւիթ), Եդուարդ Պաղտասարեանէն (Ռափսոտիա ջութակի եւ նուագախումբի համար),մենակատարութեամբ՝ Սարգիս Կարապետեանի, Առնօ Պապաճանեանէն (Էլէկիա՝ ի յիշատակ Արամ Խաչատուրեանի) եւ Ալըն Յովհաննէսէն (Սիմֆոնիա Թիւ 1):
Տոմսերու արժէք՝ $20, Տարեցներ եւ ուսանողներ՝ $15, 17 տարեկանէն վար՝ $5։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ․- www.psarlington.org

