Լրահոս

Լոյս Տեսաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 45-րդ Հատորի Երկրորդ Գիրքը

Իր 516 էջերուն մէջ գիրքը կը բովանդակէ խմբային հարցազրոյց մը, ուսումնասիրութիւններ նուիրուած՝ հայ արուեստին, լեզուաբանութեան, երաժշտութեան, ազգագրութեան, բանահիւսութեան, գրաքննադատութեան,  պւատմութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ՝ մէկ հրապարակում, երեք հաղորդումներ եւ աշխատակիցներու համառօտ կենսագրականները:

1970-ին հրատարակուիլ սկսած Հայկազեան հայագիտական հանդէսը կը հրատարակուի Հայկազեան համալսարանի Հայագիտական Ամբիոնին կողմէ:  Մինչեւ 2022 ան լոյս կը տեսնէր իբրեւ տարեգիրք, իսկ այնուհետեւ սկսաւ լոյս տեսնել իբրեւ վեցամսեայ: Ստորեւ՝ բովանդակութիւնը.-

Հարց-պատասխան՝ Կարէն Ճալլաթեանի, Արքմենիկ Նիկողոսեանի, Թամար Պոյաճեանի եւ Արհեստական Բանականութեան հետ՝ «Արդի սփիւռքահայ գրականութիւնը» նիւթով

Վահրամ Լ. Շէմմասեան, «Մուսա Լեռան գիւղերուն թաղամասերը, ընտանիքներն ու աշխատանքը»

Զաւէն Կնեազեան, «Հաճընի երգարուեստը»

Գագիկ Մարտոյեան, «Ձկնակերպ վիշապը եւ անգին քարը հայ բանահիւսութեան մէջ եւ աստղային երկնքում»

Տաթեւ Բադալեան, «Հայաստանը Եւրոտեսիլում»

Մանէ Խառատեան, «Էջեր հայկական ռոքի պատմութիւնից, մաս Գ.-հայկական ֆոլք-ռոքը որպէս ինքնութեան կրող»

Արփի Վարդումեան, «Եղիա Տնտեսեանի նորայայտ անստորագիր գիրքը»

Անի Մխիթարեան, «Հայկական կրկնագլուխ արծուի  ծագումնաբանութեան շուրջ»

Արտակ Ասատրեան, «Ածաթը գրաւոր աղբիւրներում եւ հայ ժողովրդական ընկալումներում (պատմա-ազգագրական համառոտ ակնարկ)»

Ազնիւ Չիլինգարեան, «Իրականութեան պատկերներ արդի հայ արձակում»

Միհրան Մինասեան, «Հայերէն անծանօթ հրատարակութիւններ (Լրացուցիչ ցուցակ հայ տպագիր գիրքի մատենագիտութեան)»

Եուրի Աւետիսեան, «Զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցների ժանրեր եւ ոճ. Ժանրային բազմազանութեամբ պայմանաւորուած ոճական բազմազանութիւն»

Վարդան Մատթէոսեան, «’Իտալացի աղջկայ երգ’ բանաստեղծութենէն մինչեւ ‘Մեր հայրենիք’ օրհներգը»

Կարէն Մկրտչեան, «Կրթական գործի կազմակեպման հարցը Իրանի հայօճախում»

Արմինէ Վահանեան, Թեհմինէ Մարտոյեան, «Վերապրողներու օրագրութիւնները իբրեւ Ցեղասպանութեան զոհերու ինքնարժեւորումի եւ հակազդեցութեան ներքին մեքանիզմներու հայելիներ»

Ֆաթիմա Սալահ, «Ինքնութեան սահմանը՝ փաստաթուղթերու եւ առօրեայ կեանքին միջեւ»

Վահէ Պօղոսեան, «Անգլիահայ գաղութին քաղաքականացումը. պատերազմը ի՞նչ տարողութեամբ փոխակերպեց անգլիահայերուն քաղաքական ինքնութիւնը 1913-1920 շրջանին»

Նարինէ Ս. Յակոբեան, «Համիդեան կոտորածները Տրապիզոնում 1895ին»

Գոռ Ղազարեան, Հայկ Նազարեան, «Հայ-իրանական ռազմական համագործակցութիւնը ԺԸ. դարի 20-30ականներին»

Յասմիկ Քելիկեան Պարան, «Չիթճեան ԸՆտանիքին Հաւաքածոն Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի Ճիւղին մէջ»

Սուսաննա Ադամեան, «Հայ Եկեղեցու երախտաւորները. Սարգիս արքեպիսկոպոս Ջալալեանց (1810-1879)»

Անդրէյ Պասլարիու, «Մանուկի իջեւանատունը Բուխարեստում»

Միհրան Գալստեան, Յասմիկ Աբրահամեան, «Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստի-տուտի աշխատութիւններ (ՀԱԻԱ) – 6»

Արծուի Բախչինեան, «Անուշ Ասլիբէկեան, Վիլեամ Սարոյեանի դրամատուրգիայի բնոյթը եւ հայ բեմը»

Գիրքը կարելի է ներբեռնել ՀՀ ԳԱԱ գրադարանի ու ՀՀ Ազգային Գրադարանի հետեւեալ կայքէջերէն.-

https://www.flib.sci.am/journal/haigazian/Frame.html

https://arar.sci.am/dlibra/publication/458738/edition/425909/content

https://tert.nla.am/mamul/HAIGAZIAN/Table.html

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button