Վեհ Մասիսը

Բենիամին Պչաքճեան
ԱՌԻ (Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ)
Այսպէս, իր սիրելի հայրենիքէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու, լուռ ու անշշուկ, մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ դաշնակցական անկեղծ զինուորն ու Արցախի նուիրեալը` մեր սիրելի Մասիսը:
Գլխագիր ՀԱՅ, որ Արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին իսկ օրերէն իր ճիտին պարտքը սեպեց, անշեղ հաւատքով եւ անսակարկ նուիրումով օժանդակեց ու իր ձեւով մասնակցութիւն բերաւ այդ մարտնչումին: Եթէ պատերազմական շրջանին օժանդակութիւնները սահմանափակուած էին անմիջական կարիքներով, ինչպէս` դեղորայք, պահածոներ եւ այլ պիտոյքներու ապահովում, ապա 1994-էն ետք, յարաբերաբար աւելի խաղաղ պայմաններու մէջ, Արցախի օժանդակութեան մարմինի ճիգերով այդ օժանդակութիւնները դարձան աւելի կազմակերպուած ու հետեւողական: Սակայն շուտով համոզում դարձաւ, որ միայն օգնութեամբ երկիր չի կառուցուիր, առ այդ ալ յառաջացաւ Արցախի վերաշինութեան ու վերաբնակեցման մարմինը-Արցախ ֆոնտը, իսկ աւելի ուշ` Արցախի պետականաշինութեան ներդրումային ծրագիրներուն մէջ սփիւռքի կարողականութիւնը ներգրաւելու նպատակով, սփիւռքի տարբեր գաղութներէ գործարարներ համախմբելով, կազմուեցաւ ԱՌԻ-ն` «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» բաժնետիրական ընկերութիւնը: Հայկական իրականութեան մէջ եզակի երեւոյթ դարձաւ ասիկա, որ կարողացաւ դժուար պայմաններու մէջ փոխադարձ վստահութեան միջավայր ստեղծել ու հանրային ու մասնաւոր ոլորտներու փոխշահաւէտ գործակցութիւնը իրականացնել: Հիմնական ու վճռորոշ եղաւ Մասիս Ալեքսանտրեանին ներդրումը այս աշխատանքներուն մղում տալու, ծրագրելու ու գործադրութեան դնելու մէջ: Ան իր անկոտրում կամքով, անսակարկ նուիրումով ու հետեւողական աշխատանքով յարգանք պարտադրեց ու վստահութիւն ներշնչեց իր շրջապատին: Հաւաքական աշխատանքի կուռ հաւատացող` երբեք յառաջ չմղեց իր սեփական «ես»-ը, ընդհակառակը իր անուղղակի հարցադրումներով քաջալերեց մտքերու համադրումն ու եզրակացութեան ձեւաւորումը: Մտքերու բախումէ ու անկէ բիւրեղացած իր կարգապահութեամբ օրինակելի գործելաոճ մը փոխանցեց գործակիցներուն: Հաշուեքննիչի բծախնդրութեամբ հաշուետուութիւն ներկայացուց թէ՛ նուիրատուներուն, թէ՛ ներդրողներուն ու Արցախի պետական կառոյցներէն յամառօրէն պահանջեց նոյն բծախնդրութեամբ ներկայացնել տարուած աշխատանքներուն կամ կատարուած ներդրումներուն հաշուետուութիւնը` ամէն անգամ յիշեցնելով, որ թափանցիկութիւնն է, որ կ՛ապահովէ վստահելի գործընկերութիւնը:
Գործեց անձայն, լուսարձակներէն խուսափելով, սակայն մանաւանդ ծանր ու յուսալքիչ պայմաններուն իր անշեղ լաւատեսութեամբ ու յանձնառութեամբ եղաւ մղիչ ուժը իր շրջապատին: Մեծ գուրգուրանքով մօտեցաւ երիտասարդութեան ու յատուկ հոգածութիւն ցուցաբերեց անոնց նկատմամբ` հաւատալով, որ անոնց պատասխանատուութիւն տալով աշխատանքները որակական մեծ աճ կ՛արձանագրեն: Հայրական մօտեցումով եղաւ անոնց ուսուցիչն ու խորհրդատուն: Վարակիչ էին անոր յանձնառու ու անսակարկ նուիրումը, ազնուութիւնն ու պարկեշտութիւնը:
Արցախ հայրենիքի պատմամշակութային արժէքներու ծանօթացման շրջապտոյտներ կազմակերպեց` քաջ գիտնալով, որ այդ արժէքները անուրանալի հետք պիտի թողուն իւրաքանչիւրին մօտ: Մտահոգ` Արցախի հզօրացմամբ ու վերաբնակեցմամբ, գործեց իբրեւ Արցախի պետական համակարգի մէկ մասնիկը, գործակիցը, հետաքրքրուած Արցախի պետականաշինութեան ամէն մարզերով` գիւղատնտեսութիւն, անասնապահութիւն, արեւային ջեռուցման համակարգ, բնակարանաշինութիւն, դպրոցաշինութիւն, մշակութային կեդրոնի հաստատում, ընկերային կենսամակարդակի բարձրացում, հիւանդանոցի նորոգութիւն: Յատկանշականը այն էր, որ ան պատկերացում ու ծրագիր ունէր իւրաքանչիւր մարզի վերաբերող, եւ թէեւ պատկառելի է իրականացուած ծրագիրներու թիւը, սակայն ըստ իրեն, անոնք կաթիլ մըն են ծով կարիքներու մէջ: Մնայուն հեւքի մէջ էր աւելին ընելու ու կարծես, կանխատեսելով դաժան օրերը, ժամանակին դէմ կռուելով կարգախօսի վերածած էր «Վաղը ուշ է» արտայայտութիւնը: Անակնկալի եկաւ, երբ Արցախի իշխանութիւնները ուզեցին զինք պարգեւատրել Արցախի օժանդակութեան առումով իր մեծ ներդրումին համար: Քաղաքավարութեամբ մերժեց` առարկելով, որ եղածը հաւաքական աշխատանքի արդիւնք էր, իսկ ազգային պարտաւորութիւնը գնահատանքի կարիք չունի:
Արցախի հայաթափումը, ինչպէս բոլորին, վստահաբար ծանր ազդեց նաեւ Մասիսին վրայ, սակայն իր ներաշխարհին մէջ պայքար մղեց ամէն տեսակի յուսախաբութեան ու յուսալքութեան դէմ: Անոնք, որոնք բախտը ունեցան զինք ճանչնալու ու հետը գործակցելու, Մասիսի մէջ համատեղուած գտան մարդկային վեհ արժանիքներն ու առաքինութիւնները, ուստի կարելի է հաստատել, որ ան մեզի կտակեց արժէքներով լի ժառանգութիւն, հաւատք, նուիրուածութիւն ու քաղցր յուշեր, որոնք այսօր առաւել քան երբեք մեզ կը պարտաւորեցնեն շարունակել իր սկսած ուղին: Սիրելի Մասի՛ս, մինչեւ վերջին վայրկեանը մեզ անտեղեակ պահեցիր քու անցուցած տագնապներէդ ու ձգեցիր այն տպաւորութիւնը, որ քու երիտասարդական եռանդովդ` «Business as usual» – Գործը ընթացքի մէջ էր: Հիմա, որ կ՛երթաս միանալու ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեանին, վստահ, որ վերէն հսկելու ես ու հետեւելու յառաջիկայ մեր քայլերուն:
Յիշատակդ անթառամ, սիրելի՛ Մասիս:

