Յօդուածներ
Տնօրինական Սուրբ Տօնից Եւ Ամանորոյ Շնորհաւորագիր` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանէն


Տիեզերական եկեղեցւոյ նոր Սուրբ` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան` Մարտին քաղաքի նահատակ առաջնորդ` Արհ.Իգնատիոս Արք. Մալոյեան, որու սրբակենցաղ կեանքի ձեւաւորման նախադրեալներու էական ներդրումը կը պարտի` Զմմառու մայրավանքի կղերիկոսներուն` ի մասնաւորի Գերպծռ.Անդրէաս Թ.Ծ.Վ.Աղեքսանդրեանի, որ մայրավանքի մեծաւորը եղած է, յատկապէս մանուկ Մալոյեանի Զմմառու դպրեվանք մուտք գործած առաջին օրէն` մինչեւ նահատակուիլը, Աղեքսանդրեան գերապայծառ` ի տուընջեան եւ ի գիշերի տքնած է, որ ան արգասաբեր եւ արդիւնաշատ խոստումնալից միաբան դառնայ։
Անոր շնորհիւ` անհասանելին հասանելի դառնալով Մալոյեան արժանացաւ սրբութեան աստիճանին։ Մալոյեան ի տես Միաբանակիցներուն իրեն հանդէպ տածած հայրական խնամքին, դաստիարակութեանը, կազմաւորման ընթացքին, հոգեւոր եւ ազգային նուիրական արժէքներու նկատմամբ անվերապահ սիրոյն եւ վանական կենցաղին ընտելանալուն, իր վարքագիծը ճշգրտօրէն հունաւորելուն եւ հոգատար վերաբերմունքին` միաբանութեան հանդէպ անվերապահ սէր եւ ակնածանք ցուցաբերելով` իւրաքանչիւր
տօնական օրուան իր կապուածութիւնը, երախտապարտութիւնն եւ շնորհակալութիւնը յայտնած է իր խնամատար-դաստիարակներուն հանդէպ։
Այս կը վկայեն տօնական օրերուն յղած բացիկները, որոնցմէ մէկը` ստորեւ կը հրապարակենք․-
Առաջնորդարան Կաթողիկէ Հայոց
Աղեքսանդրիա 29 Դեկտեմբեր 1907
Ամենասիրելի հայր իմ
Առթիւ տնօրինական Սուրբ տօնից եւ ամանորոյ կը փութամ մատուցանել իմ սրտագին շնորհաւորանքներս, խնդրելով ի մանկացեալ փրկչէն, որ շնորհէ Ձեզ երկար եւ երջանիկ օրեր եւ տարիներ, զուրախութիւն սրտիս եւ ի միակ մխիթարութիւն եւ քաջալերութիւն թախծեալ հոգւոյս…
Սիրելի էր ինձ, ինչպէս գիտէք քաջ, աշխատիլ Ձեր պատմութիւնը տպուելու յարմար միջոց գտնել, սակայն ժամանակը բոլորովին կերպարանափոխ եղաւ ինձ նկատմամբ, զի Մալոյեանի “ո,չ գուցէ ուր դիցէ զգլուխ”, Աստուած է միայն իմ ապաւէնս եւ պաշտպանս։
Համբուրելով Սուրբ աջերնիդ, եւ հայցելով հայրական օրհնութիւննիդ եւ աղօթքնիդ
Մնամ ցմիշտ
Ձերդ
Իգնատիոս Վրդ.Մալոյեան
Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան` որքան որ ալ թախծոտ եւ մտահոգ ըլլար` չէր թերանար իր պարտականութիւններէն եւ պատասխանատուութենէն, այս մէկը ցոյց կու տայ իր վեհ եւ վսեմ վարքագիծը։
Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ Զահթէրեան` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր

