Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը Մասնակցեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարներու Բիւրոյի Ժողովին

Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարներու (YES) Բիւրոյի ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի մէջ՝ Դեկտեմբեր 12-էն 14։ Պատուիրակութիւնը ներկայացուց Հ.Յ.Դ. Նետերլանտներու Գարեգին Նժդեհ Երիտասարդական Միութեան անդամ՝ Արփիար Մելիքճեան։
Ժողովի ընթացքին, ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ քաղաքական ընդդիմութեան գործունէութեան սահմանափակման, ներկայ վարչակարգին կողմէ իրականացուող քաղաքական հետապնդման, ինչպէս նաեւ մեր ընկերներու բանտարկութեան հարցերուն։ Երկրի զեկոյցին մէջ, ան շեշտեց Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ աբօրինաբար պահուող 23 հայ պատանդներու շարունակուող կալանքը՝ կոչ ուղղելով անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակման։
Աւելին, զեկոյցը վերահաստատեց Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իրենց հայրենիք վերադառնալու ինքնորոշման իրաւունքը։ Մելիքճեան ընդգծեց Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ 2023 թուականի ցեղային զտման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման համար։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու ըլլալ YES-ի կառուցողական, ներգրաւուած եւ գործունեայ լիիրաւ անդամ, համագործակցելով՝ արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, Եւրոպական Միութեան մէջ եւ Եւրոպայի հարեւան տարածաշրջաններուն մէջ։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը երախտագիտութիւն կը յայտնէ YES-ին՝ ցուցաբերած աջակցութեան եւ կառուցողական Բիւրոյի ժողովին համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալ ենք հիւրընկալ կազմակերպութեան՝ JS Belgium-ին, իրենց նուիրուած աշխատանքին համար։

