Տերեւաթափ.- Մասիս Ալեքսանտրեան

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
26 Դեկտեմբեր 2025 – Նիւ Եորք
Բարդ են մարդկային յարաբերւթիւնները: Աւելի բարդ են մարդկային ծանօթութիւնները, իսկ ամէնէն բարդը, մարդ արարածին մէջ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈ՛ՒՄՆ Է:
Մեր կեանքի ընթացքին մարդոց կը հանդիպինք, կը ծանօթանանք: Շատ անգամ այդ ծանօթութիւնը պարզ` «Բարեւ» – «Աստծոյ բարին» արտայայտութենէն անդին չ՛անցնիր, կամ ծանօթութեան պարզ հարթակի մը վրայ կը մնայ:
Քիչ անգամներ միայն մարդկային ծանօթութիւնները կ՛անցնին գիտակցական մակարդակներու… այն ատեն պարզ ծանօթութիւնը նոր իմաստ կը ստանայ: Այն ատեն կ՛անդրադառնանք, որ այդ պարզ ծանօթութիւնը հիմնական մարդկային, գիտակցական արժէքներու վրայ կառուցուած է:
Մասիսի մեկնումի այս տխուր եւ անակնկալ առիթով պիտի փորձեմ վեր առնել այս ՍՔԱՆՉԵԼԻ ՄԱՐԴՈ՛ՒՆ, ՀԱՅՈՒՆ, ԱՄՈՒՍԻՆԻՆ, ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՀՕ՛Ր, ՄԵԾ ՀՕ՛Ր, ԵՂԲՕ՛Ր նուիրուածութեան ոգիին վեհութիւնը:
Յետադարձ ակնարկով երբ կը նայիմ Մասիս Ալեքսանտրեանի անցած կեանքի ճանապարհին, անոր անսահման խրոխտ ոգիին, անոր խիզախ կեցուածքին, կ՛անդրադառնամ, որ, բառին իսկական առումով, ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ անհատ մը ճանչցած եմ կեանքիս ընթացքին: Գլխագի՛ր կը գրեմ ՄԱՍԻՍ Ալեքսանտրեան անունը:
Մասիս ծնած էր Իրաքի հիւսիս-արեւելեան Սուլէյմանիյէ նահանգը, 1939-ին:
Իր մարդկային գիտակցութեան եւ ազգային կազմուածութեան հիմքը կու գար իր ընտանիքէն:
Ան անդրանիկ զաւակն էր ընկ. Նիկողոսին եւ տիկին Աստղիկին: Նիկողոս Ալեքսանտրեան դեղագործ էր, համաշխարհային «Ֆայզըր» դեղագործական ընկերութեան ներկայացուցիչը` Իրաքի մէջ: Սուլէյմանիյէ փոքր հայկական գաղութի հայկական վարժարանի ուսուցչական պարտականութիւնը իր ուսերուն առած էր ան:
Այնտեղ փոքրիկ Մասիսը իր այբուբենը պիտի սորվէր: Հետագային Ալեքսանտրեանները փոխադրուեցան Պաղտատ: Նիկողոս Ալեքսանտրեան Իրաքի «Գոյամարտ» թերթի կառավարութեան մօտ արտօնատէրը եղաւ: Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան (ՀԵԵՄ) գործօն անդամ եւ ՀՅԴ ուսանողական միութեան դաստիարակ:
Նիկողոս եւ Աստղիկ բախտաւորուեցան չորս զաւակներով` Մասիս, Վարանդ, Շանթ եւ Սեւան, որոնց դաստիարակեցին ազգային շունչով:
Մասիս այդպիսի հայկական միջավայրի մէջ մեծցաւ: Յաճախեց Պաղտատի հայկական վարժարանը, ապա ժեզուիթներու երկրորդական վարժարանը` Պաղտատ քոլեճ: Աւարտելէ ետք ընդունուեցաւ Անգլիոյ Լիծ համալսարան, ուրկէ ստացաւ իր պսակաւորի վկայականը` առեւտրական ղեկավարման մէջ:
Անգլիա գտնուած օրերուն ան անդամակցեցաւ տեղւոյն ՀՅԴ «Նաւասարդ» կոմիտէութեան եւ Հայ երիտասարդական միութեան:
Լոնտոնի մէջ կեանքի նոր դռներ բացուեցան Մասիսի կեանքին մէջ: Այնտեղ հանդիպեցաւ Ֆրանսայէն ժամանած, ազգային շունչով տոգորուած աղջնակի մը` Սոնիկին: Մասիսն ու Սոնիկը անդրադարձան, որ կեանքը իրենց համար նոր ուղեւորութեան ճանապարհ մը ճշդած է: Եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ մէջ հիմը դրին ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԱՆ:
Ուսումը աւարտելէ ետք Մասիս եւ Սոնիկ վերադարձան Պէյրութ, Լիբանան: Իր ուսման բերմամբ, Մասիս աշխատանք գտաւ «Ըրնըսթ էնտ եանկ» համաշխարհային ընկերութեան մէջ` հասնելով ղեկավար դիրքերու:
Մասիս եւ Սոնիկ բախտաւորուեցան հինգ զաւակներով` Նարեկ, Սեւակ, Ռուբէն, Մարալ եւ Սանան:
Զաւակները ամուսնացան, եւ Մասիսն ու Սոնիկ ականատես եղան իրենց թոռներուն:
Լիբանանի մէջ Մասիս չէր կրնար զերծ մնալ հայկական միջավայրէն: Ան անդամակցեցաւ եւ իր ներդրումը բերաւ` ՀՅԴ-ի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւններուն եւ Ազգային իշխանութիւններու աշխատանքին մէջ:
Լիբանանի մէջ իր ազգային գործունէութեան հետ, Հայաստանն ու Արցախ ողնայարային գոյութիւն եղան Մասիսի կեանքին մէջ:
ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ հաստատուեցաւ «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ընկերութիւնը` կառուցելու եւ օժանդակելու Արցախի հաստատման եւ կառուցողական գործունէութիւններուն:
Մասիս Ալեքսանտրեան նշանակուեցաւ տնօրէնը այդ հաստատութեան:
ԱՌԻ կազմակերպութիւնը կեդրոնացաւ Քաշաթաղ եւ Շահումեան շրջանները զարգացնելուն եւ ուռճացնելու աշխատանքներուն վրայ: Սփիւռքի տարածքին գործարարներու այս հաւաքական աշխատանքը իր հսկայական դրական բնոյթը ստացաւ: Տուներ, աւաններ կառուցուեցան, գիւղատնտեսութիւնը զարգացաւ… այլ խօսքով, ՀԱՅՐԵՆԻՔ գաղափարը կայունացաւ:
ԱՌԻ կազմակերպութիւնը, Մասիսին ղեկավարութեամբ, հայրենիքին օժանդակելու ՆՈՐ ձեւ որդեգրեց: Նիւթապէս ներդրում ունեցողը ինք եւս կ՛օգտուէր իր աջակցութենէն: Բոլոր օժանդակողները դրամատան շահոյթ ստացան իրենց ներդրման դիմաց: Դրամատան գաղափարը գործադրուեցաւ: Դրամատան տոկոսային շահոյթ ապահովուեցաւ ներդրողներուն համար: Օրինակելի գործնական այս գաղափարը մեծապէս նպաստեց Արցախին: Այս գաղափարը փայլուն, գործնական գաղափար է մանաւանդ այս օրերուն:
Երանի թէ հայկական կազմակերպութիւնները ի գործ դնեն զայն:
Մասիս Ալեքսանտրեան սքանչելի գաղափարը ունեցաւ համաշխարհային գործարարական հասկացողութեան` հաշուետու-հաշուէառ ձեւը գործի դնել Հայաստանի մէջ` իր «Ըրնըսթ էնտ եանկ» ընկերութեան բաժանմունք մը հաստատելով Երեւանի մէջ:
Աւելի՛ն. Մասիս համաշխարհային մակարդակի հասցնելու համալսարանական գործարարական ուսումը, վեց տարի Երեւանի ամերիկեան համալսարանին մէջ դասաւանդեց այդ նիւթը:
Կ՛ըսեն դաժան է իրականութեան աչքերուն մէջ նայիլը:
Այո՛, դաժան է:
Այսօր, ցաւ ի սիրտ, հոս ենք, դաժան իրականութեան դէմ յանդիման կը գտնուինք…
Սիրելի՛ Մասիս, սիրե՛լի ընկեր, սիրելի գլխագի՛ր ՀԱ՛Յ… գործդ կէս մնաց… շուտ գացիր…
Երանի թէ այս խօսքս քու կենդանութեանդ ըսած ըլլայի… յոբելեանիդ առթիւ: Բայց գիտցի՛ր, գիտցի՛ր, որ սրտանց կը խոնարհիմ, անզուգական Մասիս Ալեքսանտրեան, քու յիշատակին առջեւ:
Մասի՛ս, գործդ պիտի շարունակուի քեզի պէս նուիրեալներու կողմէ: Վառեցիր ջահ մը, որ երբեք, երբեք պիտի չմարի:
Մասի՛ս, դուն կ՛ապրիս: Կ՛ապրիս սիրելիիդ` Սոնիկին համար: Դուն միշտ օրինակելի հայր, մեծ հայր, եղբայր պիտի մնաս զաւակներուդ, թոռներուդ, եղբայրներուդ եւ հայ ազգին համար:
Ազգիդ նուիրեալ անզուգակա՛ն զաւակ, դուն ՉԵ՛Ս մահացած…
Ո՜չ, չե՛ս մահացած… Դուն ՉԵ՛Ս մահանար…
Անունիդ նման, պիտի նայիս հայրենիքիդ, ազգիդ, անոնց վերելքին եւ հրահրես, որ սերունդերը պահեն, պահպանեն, գուրգուրան այս մին-ու-ճար ՀՈՂԻՆ վրայ:
ՅԻՇԱՏԱԿԴ ԱՆԹԱՌԱՄ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ, ՄԵՐ ՍԻՐԵ՛ԼԻ, ԸՆԴՄԻ՛ՇՏ ՍԻՐԵԼԻ ՄԱՍԻՍ:

