Յօդուածներ

Գերպծռ. Անդրէաս Աղեքսանդրեանի Ծննդեան 190 Եւ Վախճանման 110-ամեակի Ոգեկոչում

“Ես եմ` որովհետեւ դուք կաք”
                Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան
Աշխարհիկ իշխանութեան կորուստով` հայը փարեցաւ եկեղեցական իշխանութեան, անոր մէջ որոնելով սփոփանքը, այն բաղձալի կորստեալին, որ պիտի անոքէր իր սրտին եւ հոգիին մէջ բացուած խոր վիհը։
Հոգեւոր իշխանութիւնը իր հերթին ի գին ամէն տեսակ զրկանքի եւ զոհողութեան ազգին նեցուկն ու ապաւէնը հանդիսացաւ։
Ահա այդպիսին էր, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան մեծաւոր` ազգասէր, հայրենասէր, միաբանասէր, բարի հովիւի վաստակ ձեռք ձգած` Գերպծռ. Անդրէաս Աղեքսանդրեան, որու շատ բան կը պարտի միաբանութիւնը, իսկ ամէնակարեւորը` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի սրբութեան հասնելու ներդրմանը։
Կիրակի, 7 Դեկտեմբերի, առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Զմմառու մայրավանքի “Փոխման Սուրբ Կուսին” մայր եկեղեցւոյ մէջ, ի յիշատակ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան` Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի պատկառելի մեծաւոր` Գերպծռ. Անդրէաս Աղեքսանդրեանի յոբելեանին, պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց` Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերպծռ. Մաշտոց Թ. Ծ. Վարդապետ Զահթէրեան։
Խորանին սպասաւորեցին Ս.Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները։
Մեծաւոր հայր իր քարոզին մէջ վեր առաւ Գերպծռ. Աղեքսանդրեանի արժանիքները, ըսելով․-
Քրիստոնէութիւնը կայացնելու եւ զայն հայուն առօրեային վերածելու ջանքերուն մէջ,  մեր աւագ հայրերէն շատեր իրենց իւրայատուկ դրոշմը ձգած են։ Այդ երախտաւորներէն է Գերպծռ.Անդրէաս Աղեքսանդրեան։
Ան իր ունեցած ունակութիւններուն եւ մտաւորականի խառնուածքին շնորհիւ, մայրավանքէն ներս 30 տարիներ ստանձնած է մեծաւորի պաշտօնը:
Ան իր նշանակալի աւանդը բերած է միաբանութեան վերելքին բոլոր բնագաւառներու մէջ` հոգեւոր, ազգային, կրթական, գիտական, հրատարակչական, մշակութային, շինարարական եւ այլ մարզերու վերաբերող։ Այլ խօսքով` իր օրերուն մայրավանքը անդորրութիւն եւ ծաղկում ապրած է։
Գերպծռ. Աղեքսանդրեանի պատուի շուքը ամենապայծառ լուսաւորութեամբ տարածուած է ամէնուր։
Ան Ս.պաշտամունքի կարգերը ճոխացուցած է նաեւ միաբաններուն եւ կրօնաւորներուն թիւը բազմապատկած։
Գերապայծառի կեանքի կարեւոր մասը կազմած է գրական-բանասիրական գործունէութիւնը։ Անոր աշխատասիրութիւններու մէկ մասը հրատարակուած են եւ զգալի մասը անտիպ են` պահպանուած Զմմառու մայրավանքի արխիւին մէջ եւ որոնք առնչուած են հայ կաթողիկէ համայնքի պատմութեան։
Մեծաւոր Աղեքսանդրեան առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է դպրեվանեցիներու դաստիարակութեան, որոնք իրենց մեծաւորին մասին մեծ գովասանքով, սիրով եւ ակնածանքով արտայայտուած են։
Այդ երախտաւորներէն է նաեւ` Ս.Իգնատիոս Մալոյեան, որ ինքզինք Գերպծռ. Աղեքսանդրեանի որդին կը համարէ, ըսելով` “Ես եմ, որովհետեւ դուք կաք”։
Քարոզի աւարտին Գերպծռ. Մաշտոց Թ. Ծ. Վադապետ Զահթէրեան յորդորեց, որ իւրաքանչիւր միաբան իր կեանքի ուղին հունաւորէ Գերպծռ. Աղեքսանդրեանի տիպարը օրինակ առնելով, որով կը ծաղկի եւ կը բարգաւաճի 276 տարիներու վաղեմիութիւն ունեցող Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը։
Պատարագի աւարտին, Ս.Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւոր` Յակոբ Ժամկոչեան ներկայացուց Գերպծռ. Անդրէաս Աղեքսանդրեանի վարքը։
Հոգեպարար արարողութենէ ետք, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի հանգիստ հանգուցեալ Գերապայծառի հոգւոյն։
Ոգեկոչման աւարտին ժառանգաւորները հնչեցուցին Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի “Բազմաչարչար” շարականը։
Սօսէ Փիլաւճեան
Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button