ԳլխաւորԼրահոս

Ընկերվար Միջազգայնականը Ընդունեց Արցախի Վերաբերեալ Բանաձեւ

 

28-30 նոյեմբերին Մալթայի մէջ, իշխող «Փարթիթ Լապուրիսթա» կուսակցութեան հիւրընկալումով, Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը գումարեց խորհուրդի նիստեր: Նախքան Խորհուրդի նիստը, կազմակերպութեան շարք մը կոմիտէներ, ինչպէս նաեւ նախագահութիւնը կայացուցած են ժողովներ:

Հ․Յ․Դաշնակցութիւնը ներկայացնող Մարիօ Նալպանտեանը մասնակցեցաւ խորհուրդի եւ կազմակերպութեան ֆինանսական եւ վարչական կոմիտէի նիստերուն եւ, իբրեւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ, Նախագահութեան նիստին եւ պաշտօնական ընթրիքին:

Համաժողովին կը մասնակցէին տարբեր երկիրներու վարչապետներ եւ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, ներառեալ` Մալթայի վարչապետ Ռոպերթ Ապելան, ինչպէս նաեւ Սպանիոյ վարչապետ եւ Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Փետրօ Սանչեսը: Քննարկումներու առանցքային օրակարգը յառաջացած մարտահրաւէրներու խորապատկերին միջազգային զարգացումներուն մէջ կայունութիւն եւ խաղաղութիւն խթանելու Ընկերվար Միջազգայնականի դերակատարութեան հարցն էր:

Ելոյթ ունենալով խորհուրդի նիստին մէջ` Հ․Յ․Դ․ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան, ըսաւ.

Երկու շաբաթ առաջ Ընկերվար միջազգայնականի գլխաւոր համակարգողէն ստացած էի հրաւէր` հանդէս գալու մարդու իրաւունքներու մասին ելոյթով: Մեզի համար յստակ է` այս դարաշրջանը լեցուն է անորոշութիւններով եւ նոր մարտահրաւէրներով: Բազմամշակութայնութիւնը դարձած է թիրախ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը կ՛ենթարկուի շարունակական եւ ծրագրուած յարձակումներու, եւ Միացեալ Նահանգները որոշած են նուազեցնել իրենց ֆինանսական մասնակցութիւնը եւ վճարել ուշացումներով` յառաջացնելով լուրջ ու տխուր հետեւանքներ, եւ սա ի հարկէ միակ դէպքը չէ:

Մարդու իրաւունքներու մասին խօսելու ընթացքին, պէտք է նաեւ յիշատակեմ անթոյլատրելի եւ կեղծ Պաքուի դատավարութիւնները», որոնք տեղի կ՛ունենան հայ ռազմագերիներու եւ պատանդներու դէմ` առանց միջազգային օրէնքներու նուազագոյն երաշխիքներու, առանց միջազգային դիտորդներու եւ անկախ մամուլի ներկայութեան` անտեսելով Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները, Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերը եւ բազմաթիւ մասնագէտներու գնահատականները, ինչ որ կը վկայէ, որ ուժը կը գերազանցէ օրէնքը: Այսօր Պաքուի մէջ կը դատուին 23 հայեր, ներառեալ մեր սիրելի ընկեր ու կուսակցութեան ղեկավարներէն Դաւիթ Իշխանեանը: Յամենայն դէպս, կան նաեւ այլ անձեր, որոնց ճակատագիրը մինչ այժմ բացայայտուած չէ:

Այսօր անոնց եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած բոլոր ժողովուրդներուն մասին յիշելով` անոնց պայքարը կը դարձնենք տեսանելի եւ կը յիշեցնենք աշխարհին` անոնց հարցը դեռ կենդանի է եւ կը սպասէ արդարութեան:

30 նոյեմբերին Ընկերվար միջազգայնականը ընդունեց քանի մը բանաձեւեր, որոնցմէ մէկը` «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ իրավիճակի մասին»:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button