Լրահոս

«ԱՂ ՈՒ ԼՈՅՍ» ԾՐԱԳԻՐ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱՍՈՅԶ ԱՂՕԹՔ՝ ՓՐԱՒԻՏԵՆՍԻ ՄԷՋ

17 Նոյեմբերին, Փրաւիտենսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Աղ ու լոյս» խմբակի աշնան աշխատանքներուն մեկնարկը տրուեցաւ։

Խումբը 12 պատանիներէ բաղկացած է, որոնց երեքը նոր անդամներ են։ Առաջին երեկոն վարեց Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանը՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ նախ խօսեցաւ Սուրբ Պատարագի ընթացքին գործածուող զգեստներու մասին, անդրադառնալով Սուրբ Գիրքի համապատասխան հատուածներուն, զգեստներու նշանակութեան, զգեստաւորման կարգին եւ աղօթքներու մատուցման՝ զգեստաւորման ընթացքին։ Պատանիները հերթաբար կարդացին Եփեսացիներու նամակէն (Եփ 6.10-18) Աստուծոյ զրահի վեց մասերուն մասին, որոնք զգեստներու բնորդը եղած են։ Անոնք շահեկան քննարկումի մը տեղի տուին իրենց հարցումներով։

Երկրորդ բաժինը նուիրուած էր նշխարի պատրաստութեան։ Պատանիները կարդացին Սուրբ Գիրքի համապատասխան հատուածները եւ Տէր Հայրը ցոյց տուաւ պատրաստութեան կերպը, եւ պատանիներէն իւրաքանչիւրը նշխար պատրատեց՝ տուն տանելու համար։ Անոնք քննարկեցին Աստուծոյ յենուելու կարեւորութիւնը՝ մեր ֆիզիքական եւ հոգեւոր ամէնօրեայ կարիքները բաւարարելու համար։

Նիստի աւարտի, Տէր Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանը օրհնեց նշխարները երիտասարդական հաւաքներու սենեակի խորանին վրայ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը։

Նշենք, թէ Շաբաթ, 15 Նոյեմբերին, աւելի քան 40 ծխականներ եւ բարեկամներ մասնակցած էին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած «Կեդրոնասոյզ Աղօթք»-ին։ Բանախօսը՝ Կարօ Սրկ. Նախուտեան (Սուրբ Յակոբ եկեղեցի, Մոնրէալ), աշխատանոցին ընթացքին իր փորձառութիւնը կիսեց ու հարցումներու պատասխանեց, նախապատրաստելով կեդրոնասոյզ աղօթքի (centered prayer) կատարման պահը։ Ըստ անոր բացատրութեան,  աղօթքի այս ոճը կը ձգտի Աստուծոյ հետ աւելի սերտ միութեան եւ հայեցողական աղօթք կը դառնայ մինչ Աստուծոյ հետ մեր անձնական յարաբերութիւնը կը զօրանայ։

Նախաճաշի ու ճաշի պահերը առիթ եղան բարեկամական յարսբերութիւններ մշակելու եւ խորհրդածութիւններ կիսելու։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button