Լրահոս

Մայր Աթոռի Սուրբ Էջմիածինի Դիւանապետ Արշակ Արք. Խաչատրեանն Ալ Ձերբակալուեցաւ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 4-ին, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Քննչական կոմիտէի շէնքին մէջ ձերբակալեց Մայր աթոռի Սուրբ Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեանը։

Արշակ սրբազանի կալանքի միջնորդութեան քննութիւնը պիտի քննէ դատաւոր Մասիս Մելքոնեանը, որ կալանաւորելու որոշում տուած էր Միքայել եւ Բագրատ սրբազաններուն:

Քննչական կոմիտէէն նշած են, որ քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին սրբազանին նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 393-րդ յօդուածի 2-րդ մասի առաջին եւ 4-րդ կէտերով, այսինքն խումբ մը անձերու կողմէ նախնական հանաձայնութեամբ թմրեցուցիչ ապօրինի գործածելը՝ հանդիսադիր վայրի մէջ:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button