ԳլխաւորԼրահոս

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի 2026 Ճամպորիի Նախապատրաստական Ա. Սեմինար

 

 

Հոկտեմբեր 4-5-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի սկաուտները մասնակցեցան ճամպորիի առաջին  նախապատրաստական սեմինարին, որ կազմակերպած էր շրջանային սկաուտական խորհուրդը եւ հիւրընկալած՝ Ուաշինկթընի մասնաճիւղը: Այս սեմինարը մասնակցողներուն առաջին փորձառութիւնն էր, 2026 թուականին Բիւրականի (Հայաստան) մէջ կայանալիք 13-րդ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական ճամպորիի մասնակցող սկաուտներուն համար: Ճամպորին միջազգային սկաուտական բանակումն է, որ կը նշէ հայկական միակամութիւնը, մշակոյթը եւ առաջնորդութիւնը:

Սկաուտները մասնակցեցին շարք մը գործնական եւ դաստիարակչական միջոցառումներու, որոնք ուղղուած էին իրենց սկաուտական, առաջնորդական եւ խմբային աշխատանքի հմտութիւնները զարգացման: Առաջին օրուան ընթացքին, մասնակիցները, իրենց խմբապետներուն գլխաւորութեամբ, խումբերով տեղափոխուեցին տարբեր կեդրոններ, ուր սորվեցան բանավէճեր կատարել, հանելուկներ լուծել, հանգոյցներ կապել եւ աշտարակ կառուցել, ինչպէս նաեւ սորվեցան յեղափոխական «Ղարապաղի ինկածներ» երգը, մասնակցեցան խմբային վարժութիւններու, շարքային աշխատանքներ կատարեցին եւ պատրաստեցին ծաղրախաղեր եւ կանչեր: Իւրաքանչիւր գործունէութիւն կը խրախուսէր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական փորձառութեան հիմնական արժէքները՝ միասնութիւն, կարգապահութիւն եւ մշակութային հպարտութիւն:

Օրուան ընթացքին, շրջանային վարչութեան անդամ՝ Յակոբ Չաթալեան, հետաքրքրական դասախօսութիւն մը տուաւ սկաուտական արարողութիւններու տարբեր տեսակներու մասին եւ անոնց խոր նշանակութեան մասին, Հ.Մ.Ը.Մ.-էն ներս: Անոր ուղերձը ոգեշնչեց սկաուտները, որ անդրադառնան թէ ինչպէ՞ս այս արարողութիւնները կը նպաստեն միութեան աճին, առաջնորդութեան եւ ծառայութեան:

Դաստիարակչական եւ համագործակցութեամբ լեցուն օրէն ետք մասնակիցները հաւաքուեցան համայնքի տեղուոյն անդամներու հետ՝ յիշատակելի մշակութային երեկոյ մը անցնելու համար, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Արթուր Խաչենցը: Համերգին յաջորդեց խմպապետներուն կազմակերպած խարոյկահանդէսը, որ կը ներառէր սկաուտներուն պատրաստած զուարճալի ծաղրախաղերն ու ստեղծագործական կանչերը:

Երկրորդ օրը, սկաուտները շարունակեցին կատարելագործել իրենց շարքային աշխատանքի հմտութիւններն ու պատրաստութիւնները՝ նախքան շարք մը քննարկումներու մասնակցիլը: Կեդրոնական վարչութեան անդամ՝ Վահէ Թանաշեանը խօսեցաւ յառաջիկայ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բանակումին մասին՝ ընդգծելով անոր նպատակը, կառուցուածքը եւ կարեւորութիւնը, ամբողջ աշխարհի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտներու միջեւ միասնութեան ամրապնդման համար։ Այս դասախօսութենէն ետք, խմպապետները մանրամասն բացատրութիւն տուին թէ՝ սկաուտները ի՞նչ կրնան ակնկալել բանակումէն եւ ինչպէ՞ս կրնան լաւագոյն ձեւով պատրաստուիլ: Աւարտին, Շահան Աթմաճեանի անակնկալ այցելութիւնը մեծ ուրախութիւն պատճառեց բոլոր սկաուտներուն: Նշենք, թէ ան Շահանը  2026-ի բանակումին Ընդհանուր հերթապահը պիտի ըլլայ:

Շաբաթավերջը վերջացաւ փակման արարողութիւնով, որուն ընթացքին, Շիքակոյի մասնաճիւղէն Ալեքսանտր Խոճա-Էյնատեան տուաւ իր խոստումը եւ ստացաւ իր փողկապը, որ կարեւոր հանգրուան մըն է, անոր սկաուտական կեանքին մէջ եւ հպարտութեան պահ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համայնքի համար։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խմբային աշխատանքի եւ նուիրուածութեան ոգին կ՛արտացոլար։ Խորին շնորհակալութիւն շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ Ուաշինկթընի մասնաճիւղի հիւրընկալութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր սկաուտներուն եւ ղեկավարներուն։

Սկաուտները արդէն իսկ անհամբեր կը սպասեն երկրորդ սեմինարին, որ տեղի պիտի ունենայ Նիւ Ճըրզիի մէջ, շարունակելով նախապատրաստութեան այս հետաքրքիր գործընթացը՝ 13-րդ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական Ճամպորիէն առաջ։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button