Գլխաւոր

ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՍՓԻՒՌՔ, ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ ԵՒ ԹՈՐ«ԳՈՄԱՅ ՏՈՒՆ»…

Յ. Պալեան 

Ընթերցելով եւ լսելով հայկական լրատուամիջոցները եւ ասդին ու անդին հնչող յայտարարութիւնները, չեմ հասկնար թէ ո՞ւր ենք, ո՞ւր կ’երթանք, երբ տեւաբար կը կքինք մեր փուճ փառասիրութիւններու բեռան տակ:
Պիտի գա՞յ ազգի վերագնումի աւետման հրաշք պահը, երբ կը բուժուինք կարեւոր, մեծ անձ եւ ղեկավար ըլլալու «ԵՍ»-երու EGO) «տնաքանդ խաղէն, եւ վերականգնենք ՏՈՒՆԸ, աւանդական ըմբռնումով՝ Ազգը եւ  Հայրենիքը, ԹՈՐԳՈՄԱՅ ՏՈՒՆը, որու մասին, մեր պատմութեան մէջ յիշատակութիւն կայ 593 թուականին, երբ այսօրուան դրացիները, աշխարհի ներկայի մեծերը, հզօրները, ամէն գոյնի կայսերապաշտները չկային: Կար «Թորգոմայ Տուն»-ը: Այդ մենք էինք որ կայինք:
Եթէ սկսէինք այդ ՏՈՒՆը վերագտներու եւ վերկանգնելու առաջադրանքով գործել, այդ ունենալ որպէս իրաւ  համազգային հեռանկար:
Կը թափառինք անհատական եւ հաւաքական նահանջներու կորստական ճամբաներու վրայ, որոնց կու տանք զանազան անուններ, ինչպէս՝ քաղաքականութիւն, կուսակցութիւն, տիտղոս, հանգամանք,  որոնցմով կը ծեփենք-կը ներկենք  ՏԱՆ պատերը, բայց ՏՈՒՆԸ չենք կառուցեր: Այդ ընելու համար նախ ԵՐԱԶ եւ  ԱՐԺԷՔ պէտք է գտնել, անոնց տէր ըլալ իրաւ հաւաքական ուժով  եւ կամքով, որոնք այլեւս մեր առօրեային եւ կենցաղին մէջ չկան, անոնցմով չենք շնչեր եւ տեւաբար մենք մեզ կը կոտորակենք:
Փոխարէն, «Հայեր»-ու քաղաքական-հայրենասիրական հրապարակը բազմագոյն կարծիքներու, փոխադարձ քննադատութիւններու, մերժումներու եւ քէներու  բեմ է:
Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի հայը, չի լուսաբանուիր, կը շուարի, ո՛չ թէ անոր համար որ ըսուած եւ գրուած անարժէք են, այլ անոր համար որ անոնք այնքա՜ն շատ են եւ հակասական, ո՛չ առարկայական, եւ պատճառ կ’ըլլան բազմաբնոյթ պայքարներու եւ կռիւներու: Թէեւ ըսուած-գրուածները  չլսողները մեծամասնութիւն են, իսկ մենք կը խօսինք «զանգուած»-ի եւ «ժողովուրդ»-ի անունով: Չի խօսուիր նաեւ Արեւմտահայաստան եւ Կիլիկիա գտնուող հայերու մասին,  որոնք  անտեսանելի են, կ’ըսենք «մնացորդաց» եւ կ’անցնինք, կարծէք անոնք չկան, չեն եղած, զանոնք չենք լսեր, անոնցմէ լսուելու հնար չկայ, անոնց մէկ մասը արդէն, որպէս «թուրք գաղթական»  Եւրպա կամ Ամերիկա գացած է, «Երջանիկը կը կոչուի Քեմալ Ասլան, Հայրաապետը՝ Հայրետտին»… անոնք հայկական լրատուամիջոց չեն ստանար, տպուած թուղթի էջերու եւ եթերի  վրայ չկան, պետութիւնը եւ սփիւռքի ղեկավարութիւնները անոնց նոյնիսկ մօտաւոր թիւը չունին,  չեն գիտեր թէ ո՞վ ո՞ւր է:
Ինչպէ՞ս աջ կամ ահեակ երթալ, երբ աջի եւ եւ ահեակի ուղիները բազմաթիւ են, զիկզակող, զիրար խաչաձեւող, չկան ճամբացոյց ցուցանակներ: Բեմին վրայ են դասական մամուլը, համացանցը, «թապլէթ»-ային բազմապատիկ հեռատեսիլային կայքերը: Օրուան բոլոր ժամերուն, ըստ նախասիրութիւններու, ընթերցանութեան նիւթ, դիտելիք եւ լսելիք կրնանք գտնել, յուզուիլ, մենախօսել, չձանձանալ, ապա լսուածները որպէս սեփական քաղաքական կարծիք կրկնել: Մօտաւոր անցեալին թուղթ եւ մելան կը սպառէինք, հիմա բանաւորը, գրաւորը եւ պատկերը անդուռ եթերի մէջ են, ուր ամէն ոք կրնայ մտնել, թափառիլ, աղմկել, Անդրանիկ Ծառուկեանի բանաձեւումով, իր «բառերու  կապարճ»-ով զինուած, որպէս նոր օրերու հայ «Տոն Քիշոթ», պայքարիլ, թիրախաւորել աջը, ձախը, վերը, վարը, չստացուած աթոռի ցանկութիւն եւ տիտղոս,  քէն եւ դառնութիւն բաւարարելու համար: Ի հարկէ՝ տարբերակներով, «վարիանտ»ներով, որոնց մինուճար եւ անտէր զոհը նաեւ հայերէնն է, իր բառերով, ուղղագրութեամբ, շարահիւսութեամբ, օտարաբանութիւններով , թրքաբանութիւններով եւ… բացակայութեամբ,
Համագումար՝ ոջիլի  շուկայ, marché au puces, flee market, «պիթ պազար»-ի…
Ճշմարիտի «ուղեցոյց» ըլլալու «յաւակնութիւն» ունեցող  կարծիքներու առատութեան թոհուբոհը կը յիշեցնէ  «Պիւրիտանի իշու պատմութիւնը», որուն առջեւ կողք կողքի, իրարմէ  քիչ մը հեռու, երկու տարբեր թէզերով կեր դրած են: Ան չկարենալով որոշել թէ ո՞ր դէզի կերը նախ պէտք է ընտրէ եւ ուտէ, սոված կը մեռնի: Երբ ո՛չ միայն երկուք են, այլ բազմատիկ են զիրար հրմշտկող հայկական «հանրային  կարծիքներ»-ը, ինչպէ՞ս ընտրել, որո՞ւ հետեւիլ ո՞ր ուղղութեամբ ընթանալ, ո՞ւր հասնելու համար: Կ’ապրինք այնպէս, որ կարծէք աշխարհագրութիւն չունեցող մնայուն քաղաքացիական կռիւի մէջ ենք եւ անկարող ենք ուղղութիւն ճշդելու, ընտրելու:
Հայուն բարենիշ տրուեցաւ, կամ ան ինքնիրեն  տուաւ,  որ հայութիւնը «համաշխարհային ազգ է: Հետեւաբար, ո՛չ ինքնուրոյն ազգի եւ ո՛չ ալ հայրենիքի կարիք կայ եւ մեր վրանը կրնանք զարնել ամենուրէք: Հայերը երբեմն, եւ յաճախ, գործնապաշտի բարբառով կ’ըսեն «ուր հաց հոն կաց», ինչ որ բնական է, երբ «համաշխարհային» ենք… Այդ տրամաբանութիւնը կ’ամփոփուի զիրար ամբողջացնող «լաւ ապրելու իրաւունք»-ի եւ «աքսորեալին հայրենիքը հարստութիւնն է» նոյն եւ մէկ  ընտրանքներով: Հացը հաց է Թումպուքթու գտնուինք, Զանզիպար, թէ Ալասքա:
Այս իրապաշտութեան   անունը դրած ենք «կարծիքի եւ խօսքի ազատութիւն»: Իւրաքանչիւր հայ, յանուն այդ սկզբունքի, ո՛չ մէկ ձեւով պակաս է Կոմփիւկիոսէն, Սոկրատէն, Պղատոնէն, Հոճա Նասրէտտինէն… Եւ կը խօսինք, կը վիճինք, զիրար կը դատապարտենք եւ կը գրենք: Կարծիքներու ովկիանոս, որ աւելի ճիշդ, աթոռ-աթոռակով մէկ բեմէ միւս բեմը վազողներու հորդա է:
Յաճախ կը մտածեմ ֆրանսացի մեծ փիլիսոփայ Ռընէ Տէքարթի այն խօսքի մասին, որ «ողջախոհութիւնը աշխարհի լաւագոյն ձեւով բաժնուած բանն է», բայց կը խորհիմ, որ ան հայերը չէր ճանչցած, այլապէս դարերու վրայ սաւառնող նման միտք պիտի չկտակէր մարդկութեան:
Հայութեան մէջ «յայտնի անձնաւորութիւն» ըլլալու ախտը  ամենուրէք եւ բոլոր մակարդակներու վրայ է, ինչպէս «նախագահ ըլլալ», «բեմը նստիլ», բեմէն խօսիլ»: Կը բաւէ լսել եւ դիտել: Քանի մը առիթներով, թաղային հեղինակութիւն մը ուզած էր բեմէն խօսիլ եւ խնդրած էր որ վարժապետ մը աւուր պատշաճի խօսք գրէ: Այդ փորձը երկու անգամ ընելէ ետք, ան ըսած էր, որ «մեծ մարդիկ իրենց «գրիչ»-ները,  «նեկր»-երը ունին»: Վարժապետը վիրաւորուած էր եւ անկէ վերջ «նեկր» չէր եղած, եւ, թաղային հեղինակութիւնն ալ բեմ չէր ելած: Ուրիշ մը լատինատառ հայերէնով ճառ գրել տուած էր՝ միամիտներ տպաւորելու համար, երրորդ մը, բանաստեղծի յոբելանին ուրիշի գրածով բեմէն խօսած էր, ուրիշ մը, նոյն պայմաններուն մէջ, ծափարուած էր, չէր բողոքած երբ միամիտներ ըսած էին, որ ան «այս անգամ ինքզինք գերազանցած էր»…
Խօսքի եւ կարծիքի նպատակէն շեղած ազատութեան սպասարկում… Կը զարմանա՞ք որ չենք յառաջդիմեր, չենք յաջողիր: Ինչպէ՞ս յաջողիլ կեղծով եւ խարդախուածով: Կարելի՞ է  դատարկաբան պղպջակ կարծիքներով ներկայութիւն ըլլալ այս կամ այն բեմի վրայ, ըլլայ գիտութեան, գրականութեան, արուեստի եւ քաղաքականութեան:
Ինչպէ՞ս «Թորգոմայ Տան» մասին խօսիլ, երբ   ան լքուած է, մոռցուած:
Եթէ ունենայինք բանիմաց հեղինակութիւններ, անոնք կը զատէին, զատած կ’ըլլային ցորենը որոմէն, եւ մեր ժողովուրդը հասած չէր ըլլար հոս, իր «հայաստաններ»-ով, իր «լեզուներ»ով, «սիթիզըն» եղած նորահայերէն բառերով եւ ուղղագրութիւններով,  կապոյտ մոլորակին վրայ բիւր, հեռու, մօտ  եւ տեւաբար աճող բնակավայրերով, «կեդրոններ»-ով եւ անոնց ղեկերը բռնած եւ բռնել ուզող  բիւր նաւապետներով եւ օդաչուներով: Ինչպէ՞ս տեղ կրնայ հասնիլ ազգի նաւը եւ օդանաւը, երբ բազմաթիւ են ղեկը այս կամ այն կողմ քաշողները:
Երէց մը, օր մը, անկարեւոր կարեւորի մը ըսած է, թէ ինք ո՛չ ազգի պատմութիւն գիտէ, ոչ ալ ազգի մշակոյթ,  ի՞նչ կը բանի երբ հոս հոն կը վազէ: Ան պատասխանած է.  «կը յուզուիմ, կը նկարուիմ, որպէսզի զաւակներս եւ թոռներս զիս չմոռնան»… Այս հէքիաթ չէ»… Թորգոմայ Տան շարունակութեան  հէքիաթ չէ, հայրենատէր ազգ ըլլալու ցանկութիւն ապրեցնող հէքիաթ չէ: ԵՍի թատրոն է:
Թորգոմայ Տունը կը վերականգնի հայու հայրենիքի իւրաքանչիւր ԻՐԱԿԱՆ ԹԻԶ ՀՈՂՈՎ, երբ այդ Տունը բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի ՀԱՅ ԼԵԶՈՒՈՎ ՀԱՅՈՒ ՏՈՒՆ Է աշխարհի չորս ծագերուն , «ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ»:
Փոխանակ կարծիքներու ազատութեան գիշերային եւ ցերեկային խաղով զուարճանալու եւ զիրար սպառելու, եթէ նուիրուէինք ԹՈՐԳՈՄԱՅ ՏԱՆ կառուցման, անցեալ չէինք ըլլար, կ’ըլլայինք ապրող եւ ներկայ, երկու հազար տարի առաջ գիրքերու մէջ յիշուող Թորգոմայ Տան հարազատ շարունակութիւն:
Երբեմն օտարումէ փրկուելու համար համացանցը օգտակար է: Հարցուցէ՛ք գրելով «Թորգոմայ Տուն» եւ ան պիտի պատասխանէ.  «Թոր կազմուած է «թոգ», որը նշանակում է ազգ, ցեղ, տուն, եւ «արմա» (արմեն ցեղի անունից)…» Կը խօսուի մեր թուագրութենէն առաջ 593 թուականի մասին: Կ’ըսուի նաեւ, որ Հայկ Նահապետ որդին էր Թորգոմի:
Ինչպէ՞ս չկորսնցնել, վերագտնել եւ վերականգնել արմատները … առանց «ժաքուզի»-ի եւ առանց «սաունա»-ի, առանց գերաճող «կարծիքի ազատութեան» դատարկաբան աղմուկի: Կ արծէք մենք մեր թշնամին դարձած ենք:
Ինչպէ՞ս ըլլալ տէր եւ ծառայ  Թորգոմայ Տան, ինչպիսի յեղափոխութեամբ: Թորգոմայ Տուն, ո՞ր չայլասերած ժառանգներու միացումով:
Բանատեղծը երազած եւ ըսսծ էր. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: Չենք վարանիր կրկնելու այս խօսքը, բայց կը հաւատա՞նք մեր ըսածին: Եւ ի՞նչ կ’ընենք: Եթէ սկսինք այս կէտէն..
Ո՞ւր է այդ ուժը, ան խօսքի փրփո՞ւր է եւ այդպէ՞ս պիտի մնայ:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button