Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի Անդամ Պետրոս Մեղրեան` Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի Լիազօր Պատգամաւոր

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը գումարեց արտակարգ նիստ մը՝ լիազօրութիւնները վաղաժամ դադրած պատգամաւորի մը լիազօրութիւնը հերթաբար յաջորդ թեկնածուին փոխանցելու օրակարգով:
29 Սեպտեմբերին, կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ստացաւ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արեգնազ Մանուկեանի` պատգամաւորի լիազօրութիւնները դադրած համարելու մասին Ազգային ժողովի նախագահին արձանագրութիւնը:
1 Հոկտեմբերին, կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը նաեւ ստացաւ 20 Յունիս 2021-ին տեղի ունեցած Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններուն մասնակցած «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի ընտրական ցանկին վրայ ընդգրկուած պատգամաւորի թեկնածու Հայկ Հրանդի Խալաթեանի կողմէ ինքնաբացարկի եւ աթոռէն հրաժարելու մասին դիմումը:
Այսպիսով, «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի ընտրական ցանկէն ընտրուած եւ լիազօրութիւնները վաղաժամկէտ դադրած պատգամաւորին լիազօրութիւնը տրուեցաւ «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի ընտրական ցանկի առաջին մասի հերթաբար յաջորդ թեկնածու Պետրոս Զինաւորի Մեղրեանին:

