Ա.Մ.Ն. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՐՈՅ

Կիրակի, 29 Սեպտեմբերին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, պատարագեց Թրոյի (Նիւ Եորք) Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին հոգեւոր հովիւը՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան, եւ սարկաւագները։
Քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը նախ շնորհաւորեց համայնքի 67-րդ տարեդարձը, ապա անդրադրաձաւ օրուան Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնի կարեւորութեան մեր ներկայ կեանքին մէջ։ Սրբազան Հայրը նաեւ խօսեցաւ խաչի զօրութեան մասին։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, հիւրասիրութեան ընթացքին հոգեւոր հովիւի՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի, եւ հոգաբարձութեան ատենապետի՝ տիար Անդրանիկ Գարակէօզեանի խօսքերէն ետք, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւը իր անձնուէր ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, Սարկաւագաց ու Դպրաց դասի աշխոյժ գործունէութիւնը եւ գործակցութեան ոգին քոյր կազմակերպութեանց հետ։
«Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ տօնակատարութիւնը։

