Գլխաւոր

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններէն, Գանատայէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Աւստրալիայէն Հայ Դատի յանձնախումբերու – գրասենեակներու ներկայացուցիչներ Ապրիլի առաջին շաբաթավերջին, հաւաքուեցան Նիւ Ճըրզիի մէջ, եւ գումարեցին խորհրդաժողով մը, որ անդրադարձաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ճիշդ ու արդար կարգաւորման, անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անվտանգութեան, Վրաստանի Ջաւախք շրջանի ինքնավարութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման եւ աւելի զօրաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան համար, այս տարածաշրջաններուն մէջ սփիւռքեան գաղութներու տարած պայքարի ընթացքին անոնց դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն եւ պատեհութիւններուն:

Նշենք թէ Նիւ Ճըրզիի խորհրդաժողովը մաս կը կազմէ նախապէս կատարուած աշխարհասփիւռ խորհրդակցութիւններու: Անցեալ տարուայ վերջաւորութեան տեղի ունեցան Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի խորհրդաժողովները, Պէյրութի եւ Փարիզի մէջ:

Հ.Յ.Դ. Մամլոյ Դիւանը անդրադառնալով, այս խորհրդաժողովին մասին, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ, Խորքային քննարկումներու նիւթ դարձած են Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումն ու արդարութեան հաստատման դէմ Անգարայի կողմէ յարուցուող խոչընդոտները յաղթահարելու, ինչպէս նաեւ հայութեան ու ընդհանրապէս մարդկութեան դէմ այս ոճիրին համար Թուրքիոյ կողմէ պետական պատասխանատուութիւն ընդունելու եւ արդար, ամբողջական ու տեւական լուծում ապահովելու ռազմավարութիւնները:

Խորհրդաժողովը ուսումնասիրած է նաեւ անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու, անվտանգութիւնը, ընկերային-տնտեսական զարգացումը եւ միջազգային կարգավիճակը ապահովելու նոր ուղիներ:

Մասնակիցները նաեւ քննարկած են ժողովրդավար եւ դաշնակցային Վրաստանի մէջ` Ջաւախքի ժողովուրդի տեղա կան ինքնակառավարման, քաղաքական ինքնավարութեան եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման իրաւունքներուն աջակցելու հնարաւորութիւնները:

Կարեւոր քննարկման առարկայ դարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման համար անհրաժեշտ աջակցութիւնը, ներառեալ` նշանակալից թիւով եւ գործունեայ հայկական գաղութներ ունեցող երկիրներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ երկկողմանի համագործակցութեան եւ զարգացման ծրագիրներու իրականացման համար իրազեկման աշխատանքները:

Խորհրդաժողովի մասնակիցները կարծիքներ փոխանակած են նաեւ Արեւմտեան կիսագունդին մէջ հայկական գաղութներու քաղաքական գործունէութեան եւ ազդեցութեան աճին առնչուող հասարակաց հարցերու մասին, ներառեալ` իրենց բնակած երկիրներուն հասարակական եւ բոլոր մակարդակներու (տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային) քաղաքական կեանքին մէջ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը աւելցնելու ձեւերը:

Մասնակից գաղութային ղեկավարութեան համար խորհրդաժողովը առիթ մը եղաւ փորձառութիւն փոխանակելու եւ նոր մօտեցումներ մշակելու` Հայ Դատի նպատակներու իրագործման համար համայնքային իրազեկման կարողականութեան հզօրացման, կազմակերպական ստեղծագործ գործիքներու օգտագործման, նոր ճարտարուեստի եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու գործածութեան ուղղութեամբ:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button