ԳլխաւորԳրողի ԱնկիւնՅօդուածներ

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ 33-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՆ ՄԵԾ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

 

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Նաւասարդեան 33-րդ մարզախաղերը տեղի ունեցան Հինգշաբթի, 3 Յուլիսէն մինչեւ Շաբաթ 5 Յուլիս, նախաձեռնութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն. Շրջանային Վարչութեան, hովանաւորութեամբ՝ Կեդրոնական Վարչութեան եւ հիւրընկալութեամբ՝ Շիքակոյի մասնաճիւղին:

Մարզիկները գիշերեցին «Westin Chicago Northwest» պանդոկին մէջ, ուր Շիքակոյի մասնաճիւղի կազմակերպիչ յանձնախումբը ճիգ չէր խնայած մարզական եւ ընկերային լաւագոյն մթնոլորտը ստեղծելու:

Սոյն մարզախաղերուն մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի 10 մասնաճիւղերէն աւելի քան 250 մարզիկ-մարզուհիներ, որոնք կու գային Ալպընիյէն, Պոսթընէն, Շիքակոյէն, Տիթրոյթէն, Ֆլորիտայէն, Մէրիմաք Հովիտէն, Նիւ Ճըրզիէն, Նիւ Եորքէն, Փրաւիտենսէն եւ Ուաշինկթընէն։

Մարզախաղերը տեղի ունեցան երկու մարզադաշտերու վրայ. Գլխաւոր վայրն էր «Canlan Sports» Մարզահամալիրը Պարինկթընի մէջ, ուր շրջանի հայութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, երեք օր շարունակ հետեւեցաւ 8 ոտնագնդակի, 9 վոլիպոլի և 23 կողովագնդակի խաղերուն, ինչպէս նաեւ 13 անհատական ճատրակի խաղերուն եւ 31 մարզիկներու վազքի մրցումներուն: Սոյն մարզախաղերը կազմակերպուած էին հետեւեալ դասակարգերով – ծիլ (9 տարեկան եւ վար), փոքր (10–12 տարեկան), պատանի (13–15), կրտսեր (16-18), երէց (19 եւ վեր) եւ վեթերան (35 և վեր) մարզիկ-մարզուհիներու մասնակցութեամբ:

Խաղերը շարունակուեցան ծնողներու և բարեկամներու ոգեւորիչ խանդավառութեամբ, որոնք կը շրջէին դաշտէ դաշտ, քաջալերելով իրենց մարզիկները, որպէսզի նորանոր յաղթանակներ արձանագրեն իրենց մասնաճիւղերուն համար, առանց անդրադառնալու թէ իրենց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անդամակցութիւնը ինքնին ամենամեծ յաղթանակն է, մեր հայեցի ազգային դիմագիծի պահպանման ճիգերուն մէջ:

Երեկոները կազմակերպիչ յանձնախումբը նախաձեռնեց խրախճանք եւ պարահանդէսներ, ուր մարզիկները եւ բոլոր ներկայ հայութիւնը միատեղ համախմբուեցան եւ եռանդով երգեցին ու պարեցին: Խրախճանքները տեղի ունեցան «Westin Chicago Northwest» պանդոկին սրահներուն մէջ:

Հինգշաբթի 3 Յուլիսի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ խրախճանքի բացման պարահանդէսը, ընկերակցութեամբ DJ Ari-ին, որուն միացաւ երգիչ Թոնի Մարինօ: Անոնք խանդավառեցին երիտասարդութիւնը մինչեւ ուշ գիշեր:

Ուրբաթ 4 Յուլիսի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ պարահանդէս, մասնակցութեամբ՝ սիրուած երգչուհի Անուշ Պետրոսեանի եւ Շիքակոյի գաղութէն երգիչ՝ Վաչէ Զաքարեանի: Երկու երգիչները իրենց երգերով խանդավառեցին բոլոր ներկաները:

Շաբաթ 5 Յուլիսի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ յաղթանակի պարահանդէս, մասնակցութեամբ՝ հռչակաւոր երգիչ Յարութ Փամպուքճեանի եւ իր նուագախումբին, որուն հայրենասէր երգերով ու պարերով, ներկաները խանդավառ պահեր ապրեցան մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը, մանաւանդ երբ յեղափոխական երգերը թնդացուցին սրահը: 500-է աւելի ներկաներ մասնակցեցան պարահանդէսին:

Նոյն երեկոյեան տեղի ունեցաւ բաժակներու բաշխում: Ամենաբարձր կէտ ապահովող Շիքակոյի մասնաճիւղը ստացաւ ախոյեանութեան բաժակը: Լաւագոյն մարզական ոգի ունեցող մասնաճիւղը Նիւ Եորքն էր: Իսկ ամենէն բարելաւուած մասնաճիւղի բաժակը ստացաւ Ուաշինկթընի մասնաճիւղը:

Մարզական խումբերու դասաւորում.-

  1. Շիքակօ 54 կէտ
  2. Ֆլորիտա 47 կէտ
  3. Ուաշինկթըն 31 կէտ
  4. Մերիմեք Հովիտ 14 կէտ
  5. Պոսթըն 12 կէտ
  6. Նիւ Եորք 10 կէտ
  7. Տիթրոյթ 8 կէտ

Շաբաթ, 5 Յուլիս առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ոտնագնդանի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ 33-րդ Նաւասարդեան խաղերու փակման շքեղ հանդիսութիւնը:

Իսկական վայելք մըն էր ականատես ըլլալ սկաուտներու (երէց, պարմանուհի, արի, արենոյշ, գայլիկ, արծուիկ եւ մոկլիներու) տողանցքին, առաջնորդութեամբ՝ դրօշակակիր սկաուտներու, Շիքակոյի մասնաճիւղի շեփորախումբի եւ Շրջանային Խմբապետական կազմի առաջնորդութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն. տարազաւոր սկաուտական շարքերու: Սկաուտներուն հետեւեցան շրջանային մարզական յանձնախումբի անդամները եւ յաջորդաբար 10 մասնաճիւղերու մարզիկները, իւրաքանչիւրը պաստառի վրայ ներկայացնելով իր մասնաճիւղը: Այս հրաշալի տողանցքին մասնակցեցան 250-է աւելի սկաուտներ եւ մարզիկներ: Օրուան հանդիսավար` Եղբայր Խաժակ Առաքելեան տեղեկութիւններ տուաւ շրջանի սկաուտական կազմի և իւրաքանչիւր մասնակցող մասնաճիւղի մասին ու հայաշունչ խօսքերով ներկայացուց հպարտ ու բարձրաճակատ կերպով տողանցող ապագայ սերունդը: Սկաուտական շարքերը եւ մասնաճիւղի մարզիկները հպարտօրէն տողանցեցին պատուոյ հարթակին առջեւէն, ներկաներուն համաշունչ ծափահարութեամբ:

Սկաուտներու եւ մարզիկներու դաշտ մուտքէն ետք, քոյր Արէնի Թոքմաքճեան մեներգեց Ա.Մ.Ն.-ի, Հայաստանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգները:

Բացման խօսքէն ետք, հանդիսավարը ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրերը` Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի ներկայացուցիչ եւ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Սամուէլ Քհնյ. Աճեմեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Արեւելեան Ա.Մ.Ն. Շրջանի կապ` Վահէ Թանաշեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ` Վիգէն Խաչատուրեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ` Ծովինար Համագործեան, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ` Սիլվա Փանոսեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Մ.Ն. Շրջանային Վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Մարզական Յանձնախումբի եւ Սկաուտական Խորհուրդի անդամներ:

Հանդիսավարը հերթով հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Վիգէն Խաչատուրեանը, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ Ծովինար Համագործեանը, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վահէ Թանաշեանը եւ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ՝ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Սամուէլ Աճեմեանը որոնք փոխանցեն իրենց պատգամները:

Խօսք առաւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Վիգէն Խաչատուրեան, որ իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, շնորհաւորեց Շիքակոյի գաղութը, որ միախմբուած ուժերով հաւաքաբար արժանի է յատուկ գնահատանքի: Ան շեշտեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ դերը Հայ երիտասարդի հայակերտման վսեմ նպատակին, բարձր պահելով միութեան հրամայականը, ըլլալ պարտականութեանը գիտակից, ազգասէր, հայրենասէր և տիպար քաղաքացիներ: Ան նշեց որ մեր գործը երբեք չի դադրիր: «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանը մեզմէ կը պահանջէ անընդհատ նուիրում, որպէսզի ներկայ հարիւրաւոր մարզիկներն ու սկաուտները դառնան ապագայի մեր առաջնորդները, միշտ պատրաստ՝ օգտակար դառնալու իրենց ազգին ու հայրենիքին: Խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային Մարզական Յանձնախումբին, որոնք անխոնջ կ’աշխատին բոլոր մասնաճիւղերուն հետ որպէսզի պատրաստեն Նաւասարդեան խաղերուն մարզական բաժինը: Նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ յանձնախումբի անդամներուն, որոնց աշխատանքը հիմն է շրջանիս բոլոր յաղթանակներուն: Վերջապէս, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մարզիկներուն եւ իրենց ընտանիքներուն որոնց մասնակցութեամբ կարելի է յաջող սեպել այս գեղեցիկ ձեռնարկը: Ան յիշեցուց որ անհամբեր կը սպասեն բոլորը տեսնելու եկող տարուայ Նաւասարդեան խաղերուն Նիւ Եորք:

Ծովինար Համագործեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անունով շնորհաւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն. Շրջանային Վարչութիւնը և հիւրընկալ Շիքակոյի մասնաճիւղը: Ան նշեց որ այս մրցումներուն Հ.Մ.Ը.Մ.-ը մեզի ընծայեց յուսալի եւ խանդավառ տեսլական մը, հայապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան վսեմ արաքելութիւնը: Իր խօսքը շարունակեց, յայտնելով որ երիտասարդներու մէջ հայեցի կայծը միշտ վառ պահելով եւ յամառ հետեւողական գործը շարունակելով, այդ կայծը Հ.Մ.Ը.Մ.-ը վերածած է փարոսի, որու լոյսով մեր երիտասարդները կ’առաջնորդուին դէպի նորանոր բարձրունքներ: Եզրափակելով իր պատգամը, Համագործեան  ըսաւ «Մենք կ’ուզենք վստահեցնել մեր ազգին, մեր ժողովուրդին եւ մեր հայրենիքին որ մենք պիտի պայքարինք որ մեր գոյատեւման մեր ազգային արժէքներու պահպանման եւ ապագայ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան համար»:  Ան իր խօսքը աւարտեց յաջողութիւն մաղթելով բոլոր ներկաներուն:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Վահէ Թանաշեան, 110 եւ աւելի մասնաճիւղերու եւ 28 հազարէ աւելի անդամներու անունով՝ գոհունակութեամբ ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի 33-րդ Նաւասարդեան մարզախաղերը: Թանաշեան նշեց որ դաշտին վրայ կան երեք սերունդներ.-

  • Երէց քոյրեր եւ եղբայրներ՝ այսօրուայ մեծ մայրեր եւ մեծ հայրեր, որոնք տարիներով ծառայած են պատրաստելու այսպիսի գեղեցիկ ձեռնարկներ:
  • Միջին տարիքի անդամներ՝ այսօր այս խաղերը կազմակերպող՝ վարչականներ, յանձնախումբերու եւ խորհուրդներու անդամներ, ինչպէս նաեւ մարզիչներ՝ որոնք նախորդ սերունդէն իրենց սորվածները կը ջանան փոխանցել յաջորդ սերունդին:
  • Երիտասարդ սերունդը՝ այսօրուայ մարզիկներն ու սկաուտներն են, որոնց համար կ’աշխատին նախորդ սերունդները, որ սորվին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի արժէքները եւ շարունակեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշը շալկել դէպի ապագայ:

Այս երեք սերունդներու միացնողն ու ուժ տուողը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գաղափարականութիւնն է.-

  • Ազգային գաղափարականութիւն – Հ.Մ.Ը.Մ.-ը Հայ կը պատրաստէ: Մեր մարզիկները Հայաստան կը ղրկենք ոչ թէ բաժակներ շահելու, այլ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մէջ դաստիարակուելու եւ ըլլալու օրինակելի հայեր:
  • Ընտանեկան մթնոլորտ – Իրար քոյր- եղբայր կ’ըսենք, 5 տարեկանէն մինչեւ 95 տարեկան միասին կ’աշխատինք, իրարու կը սիրենք եւ իրարու կը յարգենք:

Եւ վերջապէս,

  • Կարգապահութիւն – մեր մարզիկները եւ սկաուտները պէ՛տք է հետեւին միութեան կարգ ու կանոնին որպէսզի Հ.Մ.Ը.Մ.-ը շարունակէ իր ընթացքը: Առանց կարգապահութեան անկարելի է յառաջդիմել ։

Այս է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ուժը եւ մեր արժէքները: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 107 տարուայ պատմութիւնը պիտի երկարի մինչեւ 200 տարիներ եւ անդին:

Վերջին խօսքը փոխանցեց Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ եւ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Սամուէլ Աճեմեանը որ փոխանցեց Սրբազան Հօր Հայրական բարեմաղթութիւնները եւ շնորհաւորանքները Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան, Շիքակոյի մասնաճիւղին ինչպէս նաեւ մարզիկներուն և սկաուտական շարքերուն: Ան նկատեց որ այս խաղերուն ընթացքին յիշեց իր մանկութեան խանդավառ մթնոլորտը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց: Տէր Հայրը նշեց որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը պարզ կազմակերպութիւն մը չէ, այլ հայեցի դաստիարակութեան կեդրոն է: Յիշելով միութեան «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր» նշանաբանը, մարզիկներուն եւ սկաուտներուն շեշտեց որ իրենք պէ՛տք է իրար բարձրացնեն որպէսզի յաջողութիւններ արձանագրեն, այլապէս ուրիշներ մեզի պիտի չի բարձրացնեն: Միայն այսպիսով է որ պիտի ունենանք հզօր ազգ: Հայ ժողովուրդը երիտասարդ սերունդին նայելով, իր յոյսը կը վերանորոգէ: Իր խօսքին աւարտին, Տէր Սամուէլը կատարեց փակման աղօթքը:

Այս առթիւ յայտարարուեցաւ նաեւ, որ այս տարուայ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ մարզական խաղերուն, շրջանը պիտի մասնակցէր երեք պասքեթպոլի խումբերով, մէկ վոլիպոլի խումբով եւ մէկ ոտնագնդակի խումբով բաղկացած՝ 61 մարզիկներէ, 6 մարզիչներէ եւ երեք վարչական ներկայացուցիչներէ, որոնք պիտի առաջնորդեն մեր խումբերը: Մեր պատուիրակութիւնը կը միանայ աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած 700-է աւելի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզիկներու:

  Նաւասարդեան 33-րդ մարզախաղերու աւարտին, յատուկ գնահատանքի արժանի է հիւրընկալ Շիքակոյի մասնաճիւղը եւ շրջանային մարզական յանձնախումբը, մասնակցող մասնաճիւղերու մարզիկները, սկաուտներն ու համակիրները, որոնք բաժնուեցան վերանորոգուած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանով, մաղթելով որ գալ տարի մեծ շուքով եւ նոյն աշխուժութեամբ պիտի մասնակցին Նաւասարդեան 34-րդ մարզախաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Նիւ Եորքի մէջ, շարունակելով իրենց վսեմ առաքելութիւնը եւ նուաճելով նորանոր յաջողութիւններ՝ ի նպաստ հայ ազգի յաւերժացման։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button