Լրահոս

Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստան Եւ Ատրպէյճան Ստորագրեցին Խաղաղութեան Համաձայնագիրը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 8 Օգոստոսին, Ա.Մ. Ն.-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրեցին միացեալ հռչակագիր մը՝ հաստատելով իրենց ուղին դէպի խաղաղութիւն, բարեկեցութիւն եւ կայունութիւն: Անոնք նաեւ համաձայնեցան բանալ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը, որ պիտի կրէ «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար Թրամփի ճամբայ» (TRIPP.- Trump Route for International Peace and Prosperity) անունը:

Նախքան եռակողմ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Փաշինեանի եւ Թրամփի հանդիպումը, որ նպատակ ունի խորացնել ռազմավարական համագործակցութիւնը:

Ապա տեղի ունեցաւ Թրամփի եւ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը։ Թրամփ յայտնեց, որ բազմաթիւ անգամներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները փորձած են հասնիլ համաձայնութեան, սակայն ցարդ չեն յաջողած: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին, իր յատուկ յանձնակատար Սթիւ Ուիթքաֆին, նաեւ շնորհաւորեց արտաքին գործոց նախարարութեան կազմը: Թրամփ, Փաշինեան եւ Ալիեւ հանդէս եկան միացեալ մամլոյ ասուլիսով մը, որուն սկիզբը Թրամփ ըսաւ. «35 տարիներ իրենք կռուած են եւ հիմա ընկերներ են ու ընկերներ պիտի ըլլան երկար ատեն: Մեծ պատիւ է բոլորը ողջունել Սպիտակ տան մէջ`Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այս պատմական վեհաժողովին: Կ՛ուզեմ ողջունել երկու հրաշալի առաջնորդները իրենց՝ Ուաշինկթըն գալուն համար, որպէսզի ստորագրեն այս պատմական արժէք ունեցող հռչակագիրը»։

Թրամփ աւելցուց, որ ստորագրուելիք փաստաթուղթը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի:

Ան յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պարտաւոր կը դառնան միշտ դադրեցնել բոլոր ռազմական գործողութիւնները:

Խօսելով ճամբուն մասին՝ Թրամփ ըսաւ. «Ասիկա պիտի ըլլայ յատուկ տարանցիկ տարածք մը, որ թոյլ պիտի տայ Ատրպէյճանին ամբողջական հասանելիութիւն ունենալու Նախիջեւանի իր տարածքը` բոլորովին յարգելով Հայաստանի գերիշխանութիւնը»։ Ըստ անոր՝ ամերիկեան ընկերութիւնները կը ծրագրեն լայնածաւալ ենթակառուցուածքային զարգացում Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ։

«Անոնք պիտի կարենան իսկապէս ապրիլ ու աշխատիլ միասին, ինչ որ հիանալի է», ըսաւ Թրամփ եւ աւելցուց, որ Հայաստան նաեւ կը հաստատէ բացառիկ համագործակցութիւն Միացեալ Նահանգներու հետ` զարգացնելու այդ ուղին, որ կրնայ երկարաձգուիլ մինչեւ 99 տարիներ: «Եւ անոնք կը խոստանան, որ 99 տարի ետք պիտի երկարաձգեն ժամկէտը, այնպէս չէ՞», հարցուց Թրամփ՝ դիմելով հայկական պատուիրակութեան:

Ալիեւ ըսաւ, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդը պիտի յիշէ այդ օրը՝ նախագահ Թրամփի կողմէ «մեր երկրին նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար»։ 

«Այսօր մենք կը հաստատենք խաղաղութիւն, որ նոր կարելիութիւններ պիտի բանայ տարածաշրջանին մէջ, եւ որ պիտի վերացնէ խոչընդոտները եւ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ բազմաթիւ երկիրներու համար: Նախագահ Թրամփ խաղաղութիւն կը բերէ Կովկասի մէջ, եւ մենք շնորհակալ ենք ատոր համար: Մենք պիտի դարձնենք արիւնահեղութեան էջը, եւ պայծառ ապագայ մը պիտի ապահովենք մեր զաւակներուն համար», », ըսաւ Ալիեւ:

Փաշինեան յայտնեց, թէ.«Այս բեկումնային առաջընթացը հնարաւոր չէր լինի առանց նախագահ Թրամփի անձնական ներգրաւուածութեան ու խաղաղութեան նկատմամբ նրա վճռական յանձնառութեան: Խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը ճանապարհ կը հարթի մեր երկրների միջեւ տասնամեակներ տեւած հակամարտութեանը վերջ դնելու համար եւ կբացի նոր դարաշրջան»:

Փաշինեան ընդգծեց, որ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման համաձայնագիրը հիմնուած է գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքներուն վրայ:

Փաշինեան անտեսելով լրագրողի մը` տեղահանուած արցախցիներուն Արցախ վերադարձի կարելիութեան վերաբերեալ հարցում մը՝ նիւթը շեղելով յայտարարեց. «Նախագահ Թրամփը արժանի է Խաղաղութեան Նոբելեան մրցանակի, մենք պաշտպանելու ենք եւ այդ ուղղութեամբ ջանք ենք գործադրելու»:

Ալիեւ՝ միանալով այդ առաջարկին ըսաւ. «Ո՞վ, եթէ ոչ Թրամփ արժանի է Խաղաղութեան մրցանակին»:

Ալիեւ շեշտեց, որ նախագահ Թրամփ «հրաշք գործած է, միայն վեց ամսուան ընթացքին խաղաղութիւն բերած է տասնամեակներով պատերազմի մէջ գտնուող տարածաշրջանին մէջ»:

Ստորեւ, այս եռակողմ հանդիպումին ընթացքին ստորագրուած հռչակագիրին բնագիրը.

«Մենք` Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, 8 Օգոստոս 2025ին՝ հանդիպելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, կը հռչակենք հետեւեալը.

1. Մենք եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Ճ. Թրամփ ականատես եղանք Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագիրի համաձայնեցուած բնագիրի նախաստորագրութեան՝ կողմերու արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ: Ըստ այդմ, մենք ընդունեցինք Համաձայնագիրին ստորագրութիւնը եւ վերջնական վաւերացման հասնելու ուղղութեամբ հետագայ գործողութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեցինք մեր երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պահպանման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը:

2. Մենք ականատես եղանք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ Եւրոպայի մէջ ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ)` ԵԱՀԿի Մինսքի գործընթացին գծով եւ անոր կից կառուցակարգերու լուծարման վերաբերեալ միացեալ դիմումի ստորագրութեան: Մենք կոչ կ՛ուղղենք ԵԱՀԿի բոլոր մասնակցող պետութիւններուն՝ ընդունելու այս որոշումը:

3. Մենք վերահաստատեցինք ներպետական, երկկողմ եւ միջազգային փոխադրութիւններու համար երկու երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութիւններու ուղիներու բացման կարեւորութիւնը` պետութիւններու գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ իրաւազօրութիւնը յարգելուն վրայ հիմնուած, տարածաշրջանին մէջ եւ անոր դրացնութեամբ խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը խթանելու նպատակով: Այս ջանքերը պիտի ներառեն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքով անխոչընդոտ հաղորդակցութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան համար միջազգային եւ ներպետական հաղորդակցութեան փոխադարձ առաւելութիւններով:

4. Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի աշխատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ փոխադարձաբար համաձայնեցուած երրորդ կողմերու հետ` Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ «Թրամփի ճամբան` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» («Trump Route for International Peace and Prosperity» (TRIPP)) հաղորդակցութեան ծրագիրի իրականացման շրջանակը սահմանելու նպատակով: Մենք կը հաստատենք մեր վճռականութիւնը բարեխղճօրէն ձեռնարկելու բոլոր միջոցներու` սոյն նպատակին կարելի եղածին չափ արագ կերպով հասնելու համար:

5. Մենք կ՛ընդունինք անցեալի հակամարտութեամբ չկանխորոշուած, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրութեան եւ 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համապատասխան պայծառ ապագայի մը ուղի նախանշելու անհրաժեշտութիւնը: Մարդկային անասելի տառապանքներ պատճառած հակամարտութենէն ետք, մեր ժողովուրդներուն համար ստեղծուած են վերջապէս բարիդրացիական յարաբերութիւններու սկսելու պայմաններ` միջազգային սահմաններու անքակտելիութեան եւ տարածքներ ձեռք բերելու նպատակով ուժի կիրարկման անթոյլատրելիութեան սկզբունքներուն վրայ հիմնուած: Այս իրողութիւնը, որ ենթակայ չէ եւ երբեք պէտք չէ ենթակայ ըլլայ վերանայման, ճամբայ կը հարթէ մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ թշնամութեան էջը փակելու: Մենք վճռականօրէն կը մերժենք եւ կը բացառենք վրէժխնդրութեան որեւէ փորձ ներկայիս եւ ապագային:

6. Մենք կ՛արտայայտենք մեր համոզումը, որ այս վեհաժողովը ամուր հիմք է փոխադարձ յարգանքի եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը յառաջ մղելու համար:

7. Մենք խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Ճ. Թրամփին այս կարեւոր վեհաժողովը հիւրընկալելուն եւ ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ անոր նշանակալի ներդրումին համար:

Սոյն Հռչակագիրը ստորագրուած է  8 Օգոստոս 2025ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ»։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button