ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՇՈՒՐՋ
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Կիպրոսի գրաւեալ շրջանէն Անգարա վերադարձին ճամբուն վրայ օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ իր զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մեծ կարեւորութիւն կու տայ Զանգեզուրի միջանցքին։
Էրտողան համոզում յայտնեց, որ շրջանին պետութիւնները կրնան այս հարցը լուծել՝ համախոհութեան միջոցով։ «Զանգեզուրի միջանցքը օգուտ կը բերէ ոչ միայն Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, այլեւ շրջանին միւս երկիրներուն», ըսաւ ան։
*
Էրտողան Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց «Եուրոֆայթըր Թայֆուն» տիպի ռմբաձիգներ Թուրքիոյ վաճառելու գործարքին կապուած հարցեր։
Էրտողան նշեց, որ պաշտպանական մարզին մէջ գործակցութեան զարգացումը դրական ազդեցութիւն ունի թուրքեւանգլիական համագործակցութեան վրայ։
Տեղին է նշել, որ Թուրքիա բանակցութիւններ կը վարէ Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ համատեղ արտադրութիւն ռմբաձիգներէն գնելու համար։ Համատեղ ձեռնարկատիրութեան մաս կը կազմեն «Էրպաս», «ՊԱԷ Սիսթըմ» եւ «Լեոնարտօ» ընկերութիւնները:
*
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Անգարա անմիջականօրէն պիտի միջամտէ՝ կասեցնելու համար Սուրիոյ մասնատման որեւէ փորձ, ինչպէս նաեւ պիտի կանխարգիլէ Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ զինեալներու կողմէ ինքնավարութիւն ձեռք ձգելու փորձերը։
Բացայայտօրէն ակնարկելով Սուրիոյ մէջ գործող քրտական ուժերուն՝ Ֆիտան նշեց, որ քրտական խմբաւորումները ստեղծուած քաոսային վիճակը պէտք չէ համարեն Սուրիոյ մէջ ինքնավարութիւն կամ անկախութիւն հաստատելու մարտավարական կարելիութիւն մը, զգուշացնելով, որ նման պարագայի անոնք պիտի բախին ռազմավարական մեծ աղէտի մը։ Ան նաեւ ըսաւ,որ Իսրայէլ կը ջանայ մասնատել Սուրիան, իսկ քիւրտերը կը փորձեն օգտուիլ իրավիճակէն։
*
Թուրքիոյ իշխանութիւնները մերժեցին ծովային մասնաբաժիններու մասին Յունաստանի իշխանութիւններուն կարգադրութիւնները, որոնք կը վերաբերին Եգէական ծովուն։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը մէջ շեշտեց ,որ Աթէնքի իշխանութիւններուն այս կարգադրութիւնը օրինական ոչ մէկ հետեւանք պիտի ունենայ Եգէական ծովուն հարցերուն վերաբերեալ, որոնք գոյութիւն ունին Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ։ Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ծովային միջազգային օրէնքները կը քաջալերեն համագործակցութիւն՝ ծովերը եզերող պետութիւններուն միջեւ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց, որ մօտիկ ապագային պիտի հրապարակուի թրքական ծովային տարածքներու մէջ կենսոլորտի պահպանման թրքական ծրագիրը։ Տեղին է նշել, որ Յունաստանի իշխանութիւնները անցեալ շաբաթ հրապարակած էին Եգէական ծովուն մէջ կենսոլորտային պայմանները բարելաւելու ընդգրկուն ծրագիր մը, որ դժգոհ ձգած էր թուրքերը։
*
Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս Թուրքիոյ իշխանութիւնները զգուշացուց, թէ Աթէնք կրնայ արգելակել Եւրոպական Միութեան պաշտպանական հիմնադրամ Թուրքիոյ մուտքը, եթէ Անգարա չերաշխաւորէ, որ ձեռք բերուելիք զէնքը պիտի չգործածէ Յունաստանի դէմ։
Թուրքիա թէեւ անդամ չէ Եւրոպական Միութեան, սակայն թեքնիք իմաստով իրաւունք ունի օգտուելու Եւրոպական Միութեան պաշտպանական ֆինանսաւորումէն եւ գնումներու միացեալ ծրագրերէն՝ Միութեան 15 միլիառ եւրոյի հիմնադրամ ունեցող «Եւրոպայի Պաշտպանութիւն» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ։
Միցոթաքիս նշեց, որ Աթէնք թոյլ պիտի չտայ, որ Թուրքիա մասնակցի եւրոպական պաշտպանական ծրագրին, եթէ Անգարա շարունակէ պատերազմով սպառնալ Յունաստանի եւ կասկածի տակ դնել Եգէական ծովուն մէջ Յունաստանի ինքնիշխանութիւնը։
*
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Անգարայի մէջ պիտի հիւրընկալէ Պոսնիա – Հերցեկոնիվայի, Մոնթենեկրոյի, Քոսովոյի, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ եւ Սերպիոյ ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ալպանիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարարը՝ կատարելու համար Պալքանեան Խաղաղութեան Հարթակին ծիրին մէջ խորհրդակցութիւններ, որոնց նպատակն է Թուրքիոյ նախաձեռնութիւններուն շրջագիծով քննարկել Պալքանեան շրջանին մէջ համագործակցութեան հեռանկարները։
Թուրքիա միշտ ախորժակներ ունեցած է պալքանեան շրջանին նկատմամբ եւ Անգարայի այս նախաձեռնութիւնը, որ կը ներկայացուի խաղաղութեան հարթակի անուան տակ, խորքին մէջ ակնյայտ փորձ մըն է նշեալ շրջանին մէջ Թուրքիոյ քաղաքական դերակատարութիւնը եւ ազդեցութիւնը ամրապնդելու համար։

