Պարոն Վարչապետ, Դրական Ձեռքբերում Մը Մատնանշեցէք, Խնդրեմ․․․
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռիչմընտ – Վըրճինիա
Վերջերս, ինչպէս բոլոր սրտցաւ հայերը, լրատուամիջոցներու խողովակով, կը հետեւէինք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումներուն։ Այդ օրը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ունեցած հարցազրոյցին բնոյթն ու խորքը մեր ալ ուշադրութիւնը գրաւեց եւ մենք ալ մեր կարգին հարց տուինք՝ «արդեօք ե՜րբ ճշմարտութեան զանգերը պիտի ղօղանջեն…»
Այս պահուն, այն ինչ որ հայրենի իրականութեան մէջ կը պատահի մեր մերկ աչքերուն առջեւ, քաղաքական ձախաւեր ընթա՛ցք կարելի է որակել, թէ դիտումնաւոր կերպով բեմադրուած խեղկատակութի՜ւն, բան մը որ ներկայ դրութեամբ դժուար է բնութագրել։
Միջազգայնօրէն ընդունուած իրողութիւն է, որ երբ քաղաքական ղեկավար մը, իր վարած քաղաքականութեան հանդէպ վստահութիւնը կամ հաւատքը կորսնցնէ, բնական է որ իր շուրջ երեւակայական հակառակորդներ, ահաբեկիչներ ու պետական հարուածի հետամուտ քաղաքական խմբակցութիւններ փնտռէ ու գտնէ, այս պարագային՝ առանց բացառելու հայրենանուէր կղերը․․․
Գուցէ պարոն վարչապետը իրաւունք ալ ունի։ Այսօր, հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին, իրեն վարած ձախաւեր քաղաքականութեան հանդէպ ծաւալուող դժգոհութիւն գոյութիւն ունի, զորս անհատ մը կամաւոր կոյր պիտի ըլլայ չնկատելու համար։ Եւ մեր սիրելի վարչապետը, փոխանակ զգաստութեան գալու եւ բարեփոխելու իր վարած ներքին ու մասնաւորապէս՝ արտաքին քաղաքականութեան գահավէժ ընթացքը, փոխարէնը՝ նորելուկ բռնատէրի յաւակնութիւններ դրսեւորելով եւ իր էութիւնը պատած ներքին ահ ու սարսափէն զգետնուած կամ՝ տոչորուած, աջ ու ահեակ անտեղի նետարձակումներ կը շարունակէ կատարել․․․
Կար ժամանակ մը, երբ ես ալ այն բարեմիտներէն էի, որոնք հայրենի ժողովուրդին համար լաւագոյն ապագայի մը յոյսով ու ակնկալութեամբ, որոշ համակրանք կը տածէի մտաւորականի շնորհներով օժտուած՝ Հայաստանի նոր ղեկավարին անձին հանդէպ։ Սակայն, շատերու նման՝ իմ ալ սպասումներս, նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար, դժբախտաբար օդը ցնդեցան․․․ Ու փոխանակ օտար տէրութիւններու ձեռքը խաղալիք դառնալու, անոր չյաջողուեցաւ զուտ ազգային ճկուն քաղաքականութիւն վարել։ Եւ իբրեւ հետեւանք՝ դժբախտաբար, մեր ակնկալութիւնները ջուրը ինկան․․․
Հիմա ալ վերջին նորութիւնը․․․
Առանց դրացի բարեկամ երկիրներու կարծիքը նկատի առնելու, Եւրոմիութիւն պիտի ընդունուինք եղէր․․․ Եղբայր ընդունուիր, ձեռքդ բռնող մը կա՞յ։ Սակայն այս պահուս, կարեւոր հարց մը կը ցցուի մեր դէմ․․․ Փոխանակ օտար տէրութիւններու ձեռքը խաղալիք դառնալու, արդեօք աւելի նպատակայարմար ու օգտակար պիտի չըլլար, զուտ ազգային քաղաքականութիւն մը վարել։
Իսկ վերջին նորութիւնը․․․ Սիւնիքի միջանցքը ամերիկեան ընկերութիւններուն վարձակալելու հարցը մէջտեղ նետուեցաւ, ան ալ հարիւր տարիով․․․
Պարոն վարչապե՜տ, մեր հայրենիքն ալ վարձու տուէք, վերջանանք այս գլխացաւանքէն․․․
Արդեօք հայութեան ազգային շահերէն մեկնած, աւելի նպատակայարմար պիտի չըլլա՞ր, եթէ այդ նրբանցքները բացուէին ու գործէին զուտ հայ պետականութեան հսկողութեան ներքոյ, ան ալ հայ գործարարներու յատկացնելիք դրամագլուխով։
Իսկ Հայաստանի այլապէս համակրելի նախագահ՝ Վահագն Խաչատուրեան քար լրութիւն կը պահէ մեր երկիրը հարուածող ներքին ու արտաքին տագնապներուն եւ իր վարչապետին որդեգրած ազգակործան քաղաքականութիւնը կասեցնելու նկատմամբ։
Քաղաքականապէս հասուն անձի մը խելքը տեղ չի շիներ, թէ հայութեան համար գոյութենական նշանակութիւն ունեցող այսպիսի մարտահրաւէր մը, ի՜նչու քուէարկութեան չի դրուիր ու միայն վարչապետի մը կամքէն կախեալ կը մնայ այդ ճակատագրական որոշումը կայացնելը․․․
Ասիկա այն քաղաքական ղեկավարն է, որ տակաւին երեք տարի առաջ, Ազգային Ժողովի բեմէն, բարձրաձայն կը ճառէր ու ողբացեալ Ստեփան Թոփջեան որակումով՝ «անպախ զամպախ» կը գեղգեղէր, յետոյ սակայն անկարող, նաեւ խոստումնադրուժ դուրս եկաւ ու չկրցաւ իր երկիրը պաշտպանել մեր դարաւոր, անկուշտ թշնամիին չյագեցող ախորժակին դէմ, ու ձեռքէ տուաւ Ղարաբաղն ու հայրենի դարաւոր հողերը։
Իսկ որպէս հետեւանք՝ այդ անկարողութեան, տակաւին ատրպէյճանցի թուրքին առջեւ ծնկաչոք՝ ան լիաբուռ կը նուիրէ հայրենի հողերը, առանց փոխարէնը բան մը ստանալու։ Ապա, պարտուողական այդ ընթացքը քօղարկելու ճարպիկ ձեւն ու բոլոր բռնատէրերու կողմէ որդեգրուած յատուկ գործելաձեւը կ՛որդեգրէ, մեր սիրելի վարչապետը, այնպէս կոչուած յեղաշրջումին առաջքը առնելու յետին նպատակով, կղեր ու կուսակցական գործիչ ձերբակալել ու արգելափակել տալով, իր շուրջը կոտտացող վէրքին վրայ աղ ցանելով, թշնամիին ալ ջրաղացը ջուր լեցնելով․․․
Վերջապէս կ՛ըսեմ․«Պարոն վարչապետ, դրական ձեռքբերում մը մատնանշեցէք, խնդրեմ․․․»
Իբրեւ փորձառու ու սրտցաւ հայեր, մեր կարգին, բոլոր դերակատարները կը զգուշացնենք՝ որ ժամանակն է զգաստանալու եւ վերջ տալու հայ ժողովուրդին գոյութեան իսկ սպառնացող անտեղի, վտանգաւոր պայքարներուն ու ատելավառ գործունէութեան։ Ներկայ վարչակարգը պէտք է բաւարարուի հայութեան գլխուն իր բերած աղէտալի կորուստներով։
Իսկ գալով վարչապետին երկրպագուներուն, ակամայ հարց կու տանք՝ արդեօք անոնց ուղեղները սառ կապած է որ չտեսնալու կու գան իրենց շուրջ տարուող քաղաքական աղիտալի գործունէութիւնը։ Հայ զանգուածներու պարագային ալ հարկ է հարց տալ՝ «Արդեօք իմաստութեան զանգակները երբ պիտի սկսին ղօղանջել․․․»
Գրութիւնս չփակած, առաջարկ մը կուզեմ կատարել, ՀԳՄիութեան նախագահ՝ Մելիտոնեանին՝ « Պարոն նախագահ, խնդրանքս է, վերջերս ձեր հրատարակած «Ֆրիուէյ»-ներու հատորէս մէկական օրինակ իմ կողմէս նուիրէք Հայաստանի քաղաքական բանտարկեալներուն․․․
Շնորհակալութեամբ մնամ,
Ձերդ՝ Պօղոս Գուբելեան»

