ԿիզակէտՅօդուածներ

Փոթորիկ՝ Բաժակ Մը Ջուրի Մէջ․․․

ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Ռիչմընտ -Վըրճինիա
Երբ մեր հայրենիքէն ներս ծայր տուած Ամէնայն Հայոց կաթողիկոսի կուսակրօնութեան խախտման մասին վարչապետ Փաշինեանի կատարած ու մինչեւ օրս չապացուցուած ամբաստանութեան կ՛անդրադառնայինք, տակաւին մակերեսային այդ վէճը չէր ելած իր հունէն ու միայն կաթողիկոսին անձը մեղադրելու եւ Էջմիածնի Սուրբ Աթոռէն անոր հրաժարականը ձեռք բերելու պահանջով կը բաւարարուէր։

Սակայն ինչպէս կը սպասուէր, Հայ եկեղեցւոյ դէմ անտեղի պայքարը սաստկանալով ու իր հունէն ելլելով, դարձաւ հալածանք բարձրաստիճան կղերին, քաղաքական կուսակցութեանց եւ առհասարակ ընդդիմութեան դէմ։ Եւ որպէս արդիւնք՝ զոյգ մը հայրենապաշտ սրբազաններ կալանքի ենթարկելէ ետք, պարոն վարչապետը, կարկինը լայն բանալով, միլիառատէր բարերար Սամուէլ Կարապետեանը ինչպէս նաեւ շարքային դաշնակցական ընկերներ ձերբակալել տուաւ, պետական հարուած պատրաստելու անհիմն մեղադրանքով։

Ասոր վրայ, պարոն վարչապետ, պիտի տեսնէք, թէ ինչ ուժգնութեամբ երկրագունդի չորս ծագերէն, հայածին միլիառատէր գործարարներ, Հայաստան պիտի խուժեն «պիզնէս» հիմնելու եւ հսկայ ներդրումներ կատարելու, որպէսզի յետագային ալ՝ որպէս պետական հարուած ծրագրողներ ամբաստանուելով, Երեւանի պալատանման բանտախուցերը նետուին, ու հոն պարոն վարչապետին բացսիրտ հիւրասիրութիւնը վայելեն․․․

Հեռուէն դիտորդներուս այնպէս կը թուի, թէ նորին վսեմութեան վարչապետն ու իշխող կուսակցութիւնը, պետական հարուածի մը մղձաւանջը կ՛ապրին եւ աջ ու ահեակ գործակալներ ու դաւաճաններ կը փնտռեն․․․

Իսկ անակնկալ վերջին նորութիւնը՝ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը ահաբեկչութեամբ կը մեղադրուի․․․

Հայրենապաշտ, ցեղակրօն մեր կուսակցութիւնը ահաբեկի՞չ․․․

Դեռ ինչ ձաբռտուքներ պիտի լսենք իրենց շուքէն սարսափող հայրենի ներկայ ղեկավարութենէն։

«Եղբայր, այս ի՜նչ օրերու հասանք․․․» զարմանքով հարց պիտի տար աշխարհի չորս ծագերուն սփիւռքացած հայը, որ հայրենիքը, Հայ եկեղեցին, հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, հայ դպրութիւնը, դպրոցն ու մամուլը իր պաշտամունքին ու գուրգուրանքին առարկան դարձուցած է եւ անոնցմով կը շնչէ, անոնցմէ բխող ներուժով կը սնանի ու կը գոյատեւէ օտար ափերու վրայ․․․

Ներկայիս, Հայաստանի տարածքին տիրող կասկածանքի մթնոլորտի հարթակին վրայ, ի՜նչպէս կ՛ուզէք որ թուրիզմը կամ զբօսաշրջութիւնը զարգանայ ու երկրին տնտեսութեան իր օգուտը բերէ․․․

Այո, տեղին է հարց տալ, թէ այս ի՜նչ արտառոց իշխանութիւն է, որ ողջ ընդդիմութիւնը, մէջն ունենալով հայ եկեղեցականութիւնը կասկածանքի տակ առած է որպէս պետական հարուածի հետամուտ խմբակցութիւններ։

Եթէ ներկայ վարչակարգին վարած արտաքին քաղաքականութիւնը անստուեր կ՛ընթանար, հապա ի՛նչ հարկ կար ընդդիմութիւնը հայու անվայել կոպտութեամբ լռեցնելու ու կալանքի տակ առնելու։

Հարց կու տանք՝ այս բոլորին ետին, միթէ թաքուն միտում մը չէք տեսներ, իրենց շուքէն սարսափող ու մօտ ապագային իշխանութիւնը կորսնցնելու երկիւղը ապրող վարչակազմի անդամներուն մօտ, հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղելու՝ անոր գլխուն գալիք արհաւիրքէն։

Մենք ազգովին, խաղաղութեան ու հաշտութեան կողմնակից ենք, սակայն առանց մեր հողերն ու ինքնութիւնը աճուրդի հանելու․․․

Իսկ ներկայ վարչակարգը, քաղաքական կուսակցութիւններէն, այս պարագային՝ Դաշնակցութենէն ի՛նչ վատութիւն տեսած է, որ խորհրդարանի անոր անդամները կը հալածէ ու զանոնք դատի կու տայ․․․

Քաղաքական գիտութեան թեկնածու ըլլալու պէտքը չունինք կռահելու համար, որ անհիմն մտահոգութենէ թելադրուած՝ պարոն վարչապետն ու անոր խմբակը ձեռնարկեցին ոգիներու հալածանքի։ Քանի որ գաղտնիք մը չէ այլեւս, թէ առանցքային սարսափելի պահը կը մօտենայ, մեր դարաւոր թշնամիներուն հետ այնպէս կոչուած հաշտութիւն կնքելու եւ անոնց հետզհետէ ուռճացող պահանջքներուն միակողմանիօրէն գոհացում տալու․․․

Արդարեւ, գաղտնիք չէ այլեւս, որ զզուելի ու պարտուողական այդ ընթացքին յառաջացնելիք ժողովրդային պոռթկումին ու ընդվզումին առաջքը առնելու միտումով, իշխանութիւնները դիմեցին ամօթալի այդ քայլին։ Եւ տակաւին սկիզբն է թշնամիին առաջ ծունկի գալով անհաշիւ տալու եւ տակաւին հարկ եղած պարագային՝ անոր առջեւ կուչ տալով ճակատը համբուրելու․․․

Մեր շուրջ տիրող խառնիճաղանճին մէջ, տայ Աստուած որ ի վերջոյ սառն դատողութիւնը տիրէր ու գերակշիռ դառնար ամբոխավարութեան ու կասկածամիտ մօտեցումներուն վրայ․․․ Այո, տայ Աստուած որ բոլոր դերակատարներն ու կողմերը զգաստանան ու որպէս խելահաս ու հասուն ղեկավարներ, եղբայրական, հաշտարար ոգիով լուծեն մեր սիրելի հայրենիքը յուզող կնճռոտ հարցերը․․․

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button