ԿիզակէտՅօդուածներ

ԺԱՄԱՆԱԿԸ

ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Հսկայ, գեղեցիկ ձի մըն էր. մտաւ սենեակս. առջեւի երկու ոտքերը վեր հանեց ու պատուհանին եզերքէն, դիւրին սահանքով մուտք գործեց երազիս հարթակը:

Բաց սրճագոյն բաշերը՝ օդին, խորո՜ւնկ լիճ-աչքերը յառեց ինծի ու կեցաւ սենեակին ճի՛շդ մէջտեղը:

Յետոյ, տարօրինակ այլափոխում մը ապրեցաւ, աջ ոտքը տարաւ կուրծքին եւ «գրպանէն» կլոր ժամացոյց մը հանելով՝ խօսեցաւ.

«Միքայէլ Նալբանդեան. ծնած եմ 1829-ին, մեռած եմ՝1866-ին»:
Նայեցայ ժամացոյցին՝ սլաքները կը նշէին 6:25:

«Ռափայէլ Պատկանեան. ծնած եմ 1830-ին, մեռած եմ՝ 1892-ին»:
Փարոսի ձեւ ունեցող արտասովոր ժամացոյցը 12:00 կը ցուցնէր:

«Յովհաննէս Թումանեան. ծնած եմ 1869-ին, մեռած եմ 1923-ին»:
«Ժամը 1:10-ն է»,– կ’ըսէր ժամացոյցը:

–Ո՞վ ես, ի՞նչ ես,– հարցուցի ձիուն, որ երբեմն աջ ոտքով, երբեմն՝ ձախ ոտքով «գրպանէն» կը հանէր տարբեր ձեւի, դաստակի, գրպանի, նոյնիսկ՝ պատի՛ ժամացոյցներ:

Ժամանակն եմ, — խօսեցաւ ձին. « չե՞ս տեսներ պատին վրայ գրուածը: Կարդա՛: Յիշէ՛»:

Աչքերս տրորելով նայեցայ չորս կողմս. իրա՛ւ էր. դիմացի պատին վրայ գրուած էր.

«Ժամանակը կանգ է առնում այնտեղ, որտեղ սկսում է յիշողութիւնը»:

Ու յիշեցի, որ երկու օր առաջ այցելած էի Երեւանի Չարենցի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, ուր, փոքրիկ սրահի մը մէջ, ապակիէ ցուցափեղկերու ետին, կարծես բարձիկներու կամ աթոռակներու վրայ նստած՝ հարիւր եւ աւելի տարիներու հեռաւորութենէն ինծի նայած էին մեր «Մեծերուն» պատկանած ժամացոյցները:

Պերճ Պռոշեան, Ակսէլ Բակունց, Աւետիք Իսահակեան, Երուանդ Օտեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Դերենիկ Դեմիրճեան, Զապէլ Եսայեան, Մարկոս Գրիգորեան, Լեւոն Շանթ, Բարսեղ Կանաչեան, Սիլվա Կապուտիկեան…

Բարձրահասակ տիկին մը մօտեցած էր ինծի եւ տեղեկութիւնններ փոխանցած՝ գրագէտներուն, արուեստագէտներուն մասին: Մեղրագոյն աչքեր, գրեթէ խարտեաշ մազեր եւ տարբեր հնչիւն ունենալուն՝ հարցուցեր էի,– «ռո՞ւս էք»: Ո՛չ. մշեցի էր…այս հակոտնեայ ինքնութիւնը ժպիտ բերեր էր դէմքիս…Մո՞ւշ… տիկինը աւելցուցած էր, որ երբ այցելուներ կու գան, ինք մաքրամաքուր հայերէնով կ’արտայատուի, մեր լեզուի գեղեցկութիւնը շեշտելու համար:

Ձայնը հետեւած էր ինծի թանգարանի ննջասենեակի չափ ունեցող սրահին մէջ:

–Ծանօ՞թ էք Մարկոս Գրիգորեանին. կարսեցի ընտանիքէ. ծնած է Կրոպոտկին, բայց ընտանեօք փոխադրուած են Պարսկաստան:
–Այո՛. վերջերս ժամանակակից արուեստի հաստատութեան մէջ ցուցադրուած էին իր գործերը. նշանաւոր դերասան ալ եղած է. չէ՞:
–Այո,– եւ ինչպէս կ’երեւի՝ ժամացոյցներու սիրահար: Երեւակայեցէ՛ք, որ ձեր տեսածը միայն մասնիկ մըն է իր ունեցած հաւաքածոյէն…

Դիմացս նստած էին տասնմէկ ժամացոյցներ.քառակուսի, քառանկիւն, կլոր, ոսկեզօծ, կապոյտ շրջանակի մէջ…

«Ինչո՞ւ արդեօք»,– մտածեցի,– «ինչո՞ւ արդեօք Մարկոս Գրիգորեան ուզած է ժամացոյցներով շրջապատուիլ. ժամանակի ընթացքը կառավարելո՞ւ, զայն կեցնելո՞ւ, ներկայ վայրկեանը բազմապատկելո՞ւ եւ կեանքին ծաւալը խորացնելո՞ւ համար…»

–Գիտէ՞ք,– ըսաւ ուղեկցուհիս,– այս բոլոր ժամացոյցները կեցած են երբ իրենց դադրելու ժամանակը հասած է, բայց հետաքրքրական երկու բան պիտի ըսեմ ձեզի. «Դերենիկ Դեմիրճեան մահացած է դեկտեմբեր 6-ին,1956-ին, ժամը 1:16-ին. իր ձեռքի ժամացոյցն ալ դադրած է աշխատելէ ճի՛շդ այդ ժամուն: Սպենդիարեանին ժամացոյցն ալ կանգ առած է ժամը 2:20-ին, իր կեանքին հետ…

–Օ՜հ, — ըսի՝ քիչ մը ցնցուած, — ըսել է՝ ժամացոյցները այդքա՛ն միաձուլուա՞ծ կ’ըլլան իրենց տէրերուն:

Տիկինը գլխու թեթեւ, անորոշ շարժում մը ըրաւ եւ այլ տեղեկութիւն մը փոխանցեց.

–Թերեւս այդ պատճառով է, որ Հայաստանի կարգ մը շրջաններու մէջ, երբ մէկը կնքէ մահկանացուն՝ սովորութիւն է կեցնել իր ժամացոյցը:

Մտածեցի, բայց չըսի, թէ սովորութիւնը չի կրնար հետեւանք եղած ըլլալ արտասովոր երեւոյթի մը. հոն՝ ժամացոյցն էր, որ կը միանար տիրոջը, մինչ հոս՝ մա՛րդն էր ժամացոյցին եւ անոր տիրոջը մահերը միաձուլողը…

Յետոյ, ուրիշ բան մըն ալ կար, որ տիկնոջ պատճառ-հետեւանք տրամաբանութեան կը հակասէր…

Քանի մը շաբաթ առաջ «Ազդակ»-ի մէջ կարդացեր էի այս ցուցահանդէսին մասին եւ ոտքերս զիս թանգարան ուղղեր էին հետաքրքրական տեղեկութիւն մը ստուգելու համար: Կարդացեր էի, որ այդ թանգարանի մէջ գտնուող բոլո՛ր ժամացոյցները դադրած էին աշխատելէ, բացի մէկէն. եւ այդ մէկը կը պատկանէր Բարսեղ Կանաչեանին:
Երբ կեցայ հօրս ու մօրս սիրելի խմբավարի ժամացոյցին դիմաց, ապշեցայ, նկատելով որ…ան ալ չէր աշխատեր:

Տիկինը օգնութեան կանչեցի.– «բայց ես տեղ մը կարդացի, որ Բարսեղ Կանաչեանի ժամացոյցը կ’աշխատի…»

–Այո՛, — յայտնեց տիկինը, սիրտս հանգստացնող ժպիտով,–«այո՛. կ’աշխատի՛, եթէ լարենք…

***

Տրամաբանութիւնս կ’ըսէ, — «դիպուածի հարց կրնայ ըլլալ. Կանաչեանի ժամացոյցը շատ լաւ որակի եղած ըլլալու էր ու կ’աշխատի մինչեւ այսօր, եթէ լարուի»:

Երեւակայութիւնս, սակայն, զիս ուրիշ տեղ կը տանի:

Ահա «Գուսան» երգչախումբի ղեկավար Բարսեղ Կանաչեանը, որ թանգարանի ցուցափեղկին ետեւ «կ’արթննայ» իր ժամացոյցին ընդմէջէն:

–Օ՛ն, –կ’ըսէ շուրջիններուն,– ժամանակը եկած է. արթնցէ՛ք. փորձ ունինք այսօր:

Լեւոն Շանթ, միւս կեանքին մէջ միշտ ճշդապահ եւ աշխատասէր՝ ամենէն արագ ոտքի կանգնողն է. աթոռէն կախուած բաճկոնակի գրպանէն կը հանէ ժամացոյցը, կը նայի անոր ու «պատրաստ եմ», — կ’ըսէ:

Կանաչեան կը հարցնէ ,– « Ինչպէ՞ս արթնցնենք Եսայեանն ու Կապուտիկեանը»:

–Շատ պարզ, — կը պատասխանէ Շանթ,– «Վերժին»-էն հատուած մը կարդամ՝ կ’արթննան:

Այսպէս, մէկիկ-մէկիկ զիրար կ’արթնցնեն մեր գրագէտները. Կիւրճեան կը նկարագրէ պանդուխտ մը, Օտեան կը յուզուի յիշելով որբուկները, Թումանեան Լեւոն Շանթին կը յիշեցնէ Վերնատան գիշերները, Բակունց կը պատմէ իր որսորդին մասին…

Մութ գիշեր է. թանգարանի ննջասենեակի չափ պզտիկ սրահին մէջ արթուն են ժամացոյցները, ջնջուած է Ժամանակը:

Բարսեղ Կանաչեան բոլորը կը հաւաքէ դիմացը, կ’որոշէ ո՛վ «թենոր» է, ո՛վ «սոփրանօ», ո՛վ «պարիթոն». յետոյ կ’անցնի գործի:

Տարբեր ժամանակաշրջաններու ապրած ու մեռած, արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով գրած մարդիկ «լարուած են» Կանաչեանի կողմէ ու բազմաձայն կ’երգեն գեղահունչ, անժամանակ գործ մը՝ «Յիշողութեան Երգը»:

Ճիպոտը կը շարժի օդին մէջ, երբեմն արագ՝ տերեւներու մէջէն վազող հովուն պէս, երբեմն դանդաղ՝ ինչպէս լեռնէն իջնող յոգնած հովիւն ու իր հօտը…

Կը միախառնուին Նալբանդեանի «Ազատութիւնն» ու Պատկանեանի «Մայր Արաքսը». հեռուն՝ Սարեանի գունագեղ լեռներն են ու մեր եկեղեցիները, դէպի բարձունք ձգտող. սուրբ ու վեհ. մաքրամաքուր հոգեւորականներու ճգնավայրեր են անոնք:
Կանաչեանի դէմքը խօսուն է. աչքերը՝ գոց, վերամբարձ՝ կը ղեկավարէ խումբը:

***

Ժամացոյցները կ’ունկնդրեն զիրար. սլաքները կը խառնուին իրարու ու կը շարժին համահունչ:

Պղատոնը չէ՞ր, որ ըսած էր,– «Ժամանակը անշարժ յաւիտենականութեան շարժուն պատկերն է»:

***

Սենեակիս Ձին կրկին կը նայի ինծի իր լիճ-աչքերով. յետոյ ձախ ոտքով հանած ժամացոյցը ետ «գրպանը» կը տանի, կլոր-կլոր կը դառնայ ու պատուհանէն դուրս ցատկելու միջոցին կը վրնջէ ու կ’ըսէ.

«Անունս Ժամանակ է. շարժուն հայելին եմ ձեր «Մեծերու» յիշողութեան: Ահա կանգ կ’առնեմ: Լարեցէ՛ք անոնց ժամացոյցները եւ երգեցէ՛ք անոնց երգը»:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button