”Բաբգէն Սիւնի” ակումբը` հիմնուած, ու տասնամեակներէ ի վեր կենսունակ պահուած տեղւոյն Հ.Յ.Դ. կոմիտէութեան կողմէ որպէս Պոսթընի մէջ գործող քոյր կազմակերպութիւններու ժողովասրահ, ժամադրավայր ու հանդիսասրահ: Այս կառոյցը, իր առաջին յարկի եւ ներքնայարկի ծաւալուն սրահներով ու յարակից յարմարութիւններով, տարիներ շարունակ, իր հայաշունչ յարկին տակ, ի մի է բերած եւ ազգանուէր գործի մղած մէկէ աւելի սերունդներ, շրջանի նմանօրինակ այլ կեդրոններու կարգին, իր անժխտելի ներդրումը ունենալով Ատլանտեանի ափին ծաղկող ամերիկահայ գաղութի երկարամեայ կազմաւորման մէջ, որպէս հայապահպանման մինչեւ օրս կանգուն ամրոցներէն մին:
Ներկայիս, գիտակից օրուայ պահանջներուն, ”Բաբգէն Սիւնի” ակումբին տնօրէն մարմինը, որոշած է ամբողջովին վերանորոգել եւ արդիականացնել ակումբին շէնքը իր բոլոր յարակից մասնաբաժիններով ու կահաւորումով: Երկյարկանի շէնքին գետնայարկը, ըստ կարիքի այլազան չափի շարժական բաժանումներով, պիտի յատկացուի շրջանի այլազան կազմակերպութիւններուն ժողովներուն ու հանդիպումներուն, մինչ առաջին յարկը պիտի ծառայէ որպէս ժողովրդային ակումբ եւ ճաշասրահ` օժտուած արդիական խոհանոցով ու բարձրորակ ճաշացուցակով եւ խմիչքներով, պատրաստուած ու մատակարարուած արհեստավարժ անձնակազմի կողմէ հայեցի հարազատ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:
Այս ծախսալից ձեռնարկը արդէն իսկ սկսած է գործադրուիլ եւ աշխատանքները, ըստ նախատեսուած ծրագրաւորման, իրենց լրումին պիտի հասնին Ապրիլ 2011-ի սկիզբը, երբ ամբողջովին վերակառուցուած ակումբը իր դռները պիտի բանայ անխտիր տեղւոյն հայութեան բոլոր խաւերուն առջեւ — երիտասարդին ու տարեցին, անհատ այցելուին ու ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին հաճելի ժամանակ մը անցնել հայկական հարազատ շրջապատի մէջ, ինչպէս նաեւ բոլոր միութենականներու` որոնք կ՛ուզեն իրենց կազմակերպչական նիստերը ունենալ նախօրօք ապահովուած, առանձնացած ու հանգստաւէտ ժողովասրահի մը մէջ:
”Բաբգէն Սիւնի” ակումբին տնօրէն մարմինը, այս առթիւ, առաջին հերթին, կուգայ իր շնորհակալութիւնը յայտնելու բոլոր այն անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք ցարդ իրենց բարոյական թէ նիւթական աջակցութիւնը չզլացան այս կարեւոր նպատակին յաջող իրագործման համար. նոյնատեն, գիտակից այս մեծածախս ու միանգամայն գաղութիս ապագային համար անհրաժեշտ ծրագրին անմիջական նիւթական կարիքներուն գոհացման կարեւորութեան, կը դիմէ մեր հայրենակիցներուն իրենց նիւթական թէ բարոյական աջակցութիւնը բերելու գաղութիս բոլոր խաւերուն համար նշանակալից եւ անհրաժեշտ այս ձեռնարկին:
Մեր պարտականութիւնն է Պիկըլօ Աւընիւի վրայ գտնուող, հայ ազատագրական շարժումին ընթացքին մարտիրոսացած հերոսներէն մէկուն անունով մկրտուած այս կեդրոնին թիկունք կանգնիլ եւ ամէն գնով բարոյական թէ նիւթական օժանդակութեամբ սատար հանդիսանալ:
Աշխատանքները աւարտելու ընթացքի մէջ են, սակայն կարիքը կայ տնտեսական շտապ օժանդակութեան…
Ստորեւ հարցազրոյց մը` ակումբի վերանորոգման յանձնախումբի պատասխանատու` Վաչիկ Խաչատրեանի հետ.-
Հ.- Կարելի՞ է կարճ պատմականով մը, առաջին հերթին ներկայացնել”Բաբգէն Սիւնի” ակումբին պատմականը:
Պ.- Այս ակումբը 1930-ականներուն է որ ստեղծուած է, արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող գաղութին ծառայելու համար: Սակայն տարիներ շարունակ, ոչ մէկ հիմնական նորոգութիւն կատարուած է, որուն արդիւնք, հետզհետէ կառոյցը հեռու մնացած է տարրական եւ առաջնահերթ վերանորոգումներէ: Այնքան մը որ, Ուաթըրթաունի քաղաքապետարանի մէկ քննիչ մարմինը, բազմիցս ազդարարեց, որ շտապօրէն կատարուին տարրական վերանորոգումները: Գրեթէ ութսուն տարի անցած է եւ տարիներ ետք, հակառակ ապրելակերպի փոփոխութեան, դեռ այս ակումբը կը մնայ կարեւոր ժամադրավայր մը: Այո՛, դեռ կարիքը կայ սրահի, օգտագործուելիք սրահներու, թէ՛ երիտասարդութեան եւ թէ՛ տարիքաւորներուն համար:
Հ.- Ինչպէ՞ս կ՛ընթանայ այս աշխատանքերուն գործընթացը:
Պ.- Շնորհիւ վերանորոգման մարմնի հետեւողական աշխատանքներուն, կարելի եղած է շտապօրէն գործի լծուիլ: Հոս տեղին է նշել թէ այս յանձնախումբը կազմուած է հետեւեալ անձերէ.- Յակոբ Կէպէշեան, Պարգեւ Խալիկեան, Արմէն Խաչատրեան, Աւիկ Տէյիրմէնճեան, Մարտիկ Գէորգեան, Մարսէլ Քարեան, Մայքըլ Մէնսոյեան, Լօրին ՏաՍիլվա եւ Աբօ Մանճիկեան: Անոնք բաժնուած են ենթայանձնախումբերու, որոնք կը գործեն շինարարական, տնտեսական եւ վարչական բնագաւառներէն ներս:
Հ.- Իբրեւ այս մարմնի պատասխանատու ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք, այս շինութիւններէն ետք ակումբին իրավիճակը: Յատուկ գործելաձեւի մը գաղափարը յղացա՞ծ էք:
Պ.- Կը շեշտեմ թէ այս յանձնախումբի պարտականութիւնը կապ ունի միայն վերանորոգման հետ: Աշխատաքներու աւարտէն ետք, այս կեդրոնը կարիքը ունի հետեւողական գուրգուրանքի: Եւ առ այդ, որոշուած է ստեղծել վարչական մարմին մը, կազմուած անձերէ, որոնք հետեւողական ձեւով պիտի հետեւին աշխատանքներուն: Անոնք իրենց աշխատանքը պիտի համադրեն, կեդրոնի ճաշարանի մատակարարին հետ: Այս գծով, արդէն իսկ կ՛ընդունինք որեւէ դիմումնագիր, հետաքրքրուող ընկերութիւններու կամ անձերու կողմէ: Իսկ ասոր կողքին, ակումբը պիտի ունենայ իր վարչական պատասխանատուն, որ ուղղակիօրէն համարատու պիտի ըլլայ այդ վարչական մարմնին: Այս գծով, արդէն կը փնտռենք լուրջ թեկնածու մը:
Վարչական պատասխանատուն, որ հետեւողական ձեւով ներկայութիւն պիտի ըլլայ ակումբէն ներս, վերոնշեալ վարչական մարմնի գործակցութեամբ, պիտի տնօրինէ առօրեայ աշխատանքը: Կարեւոր է յատկապէս խոհանոցային ապրանքներու մատակարարումն ու դասաւորումը, նաեւ զանազան միութիւններու հետ հետեւողական գործակցութիւնը, որեւէ խաչաձեւում կանխելու համար: Որքա՛ն աշխուժօրէն գործէ այս ակումբը, այդքան շահաբեր կ՛ըլլայ կատարուած եւ ապագայի կատարուելիք ներդրումը:
Հ.- Նախապէս անդրադարձանք թէ այս վերանորոգուած ակումբը պիտի ծառայէ թէ՛ երիտասարդութեան եւ թէ՛ տարիքաւորներուն: Արդեօք կարելի՞ է յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցել:
Պ.- Դիմում կատարուած է շրջանի բոլոր միութիւններուն, յատկապէս այդ ծանօթացման եւ ներկայացման (Օփըն Հաուզ) օրը: Ամէնէն աւելի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնն է որ մեծ խանդավառութիւն կը ցուցաբերէ եւ արդէն իսկ, կատարած է որոշ նիւթական ներդրումներ: Նաեւ դիմում կատարած ենք Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, Հ.Օ.Մ.-ին եւ Համազգայինին:
Նշենք թէ Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, օրին տրամադրած էր յատուկ գումար այս հիմնադրամին: Վերջին տասնըհինգ տարիներուն Հ.Մ.Ը.Մ.ը ստանձնած էր այս ակումբին գործունէութիւնը: Հոս տեղին է շեշտել թէ` աշխատանքի աւարտին, յանձնախումբը պաշտօնապէս շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն:
Հ.- Յաւելեալ յստակացումներ ունենալու համար, ի՞նչ պիտի տրամադրուի այս միութիւններուն եւ ինչպէ՞ս պիտի յառաջանայ գործընթացը:
Պ.- Այդ հարցումը, դուռ կը բանայ յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ զեկուցումներու: Նոյնիսկ այս ակումբին ծանօթները, լաւապէս տեղեակ չեն թէ ակումբը երկյարկանի է, կամ աւելի ճիշդը օժտուած է լայնատարած ներքնայարկով մը, որ այժմ վերադասաւորուած է եւ շարժուն արգելակ-դռներով կարելի է բաժնել չորս մասերու: Այսպէս չորս միութիւններ կրնան միեւնոյն ժամանակ օգտագործել այս սենեակները: Իսկ եթէ միութիւն մը կը փափաքի կազմակերպել շատ աւելի մեծ տարողութեամբ ձեռնարկ մը, այդ ժամանակ այդ արգելակները անջատելով, կարելի է տրամադրութեան տակ ունենալ հսկայ սրահ մը, որ կարելի է գործածել հաւաքի, կլոր սեղանի, ժապաւէնի եւ նոյնիսկ արուեստի վերաբերեալ գեղանկարչական կամ ճարտապետական ցուցադրութիւններու:
Իսկ մուտքի յարկը, իր վերադասաւորուած խոհանոցով, կարելի պիտի ըլլայ օգտագործել իբրեւ առօրեայ զբօսավայր կամ հաւաքավայր: Վերոնշեալ վարչական պատասխանատուին աշխատանքով, կարելի պիտի ըլլայ համաձայնիլ զանազան ձեռնարկներու (ամուսնութիւն, նշանտուք, կնունք, վկայականաց բաշխման հաւաք, եւայլն):
Հ.- Վերադառնանք վերանորոգման…: Ու՞ր հասած են աշխատանքները եւ եր՞բ կարելի է զանոնք աւարտած նկատել:
Պ.- Երբ այս աշխատանքներուն ազդանշանը տրուեցաւ, չէին նկատուած որոշ բարդոյթներ, որոնց կարգին` յատկապէս օդի ապականութեան դրութիւնը: Այդ մէկը վերաորակաւորելու համար, յաւելեալ ծախսի դուռ բացուեցաւ: Ելեկտրական ցանցն ալ հնամաշ ըլլալով, ամբողջովին ենթարկուեցաւ փոփոխութեան: Նաեւ պատուհաններու վերանորոգման ընթացքին, ի յայտ եկան բազմաթիւ ծախսեր: Վերանորոգման աշխատանքերը կ՛արժեն 200 հազար տոլար, որոնք կ՛ընդգրկեն խոհանոցի եւ սրահներու կահաւուրում: Ցարդ, իրագործուած է աշխատանքներուն 75 առ հարիւր տոկոսը: Մնացեալ 25 առ հարիւրը աւելի շտապօրէն կատարելու համար, կարիքն ունին նիւթականի, որ եթէ շուտով իւրացուի, աշխատանքը կարելի է աւարտել Մարտ 30-էն Ապրիլ 15-ի միջեւ:
Հ.- Պաշտօնական վերաբացման հանդիսութիւն պիտի կատարուի՞:
Պ.- Զանազան գաղափարներ կան: Յառաջիկայ շաբաթներուն կը յստականայ եւ յատկապէս երբ նիւթականը իւրացուի եւ աշխատանքը աւարտի, այդ ժամանակ պիտի տեղեկացնենք:
Հ.- Մինչ այդ, այլ հարցեր կամ եզրակացութեան համար փոխանցումնե՞ր…
Պ.- Այո՛…եզրակացութեան համար յայտնեմ թէ կարիքն ունինք մեր բոլոր գաղութի օժանդակութեան, թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական բնագաւառներէն ներս:…Շնորհակալութիւն այս հարցազրոյցին եւ յատկապէս այն անձերուն, որոնք ճիգ չեն խնայեր, այս աշխատանքը կատարելու եւ աւարտելու համար:
ԿԱՐԻՔ ՈՒՆԻՆՔ
Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) ”Բաբգէն Սիւն”« ակումբը, որ վերջերս վերանորոգութեան ընթացքին մէջ է, կարիքը ունի վարչական պատասխանատուի մը:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի հեռաձայնել Աբրահամ Մանճիկեանին (կ.ե. 5:00էն սկսեալ).- (617) 738 9138