ԽմբագրականՅօդուածներ

ՔԱՂԱՔԱԿԱ՞Ն ԹԷ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԱՑԱԴՈՒԼ

  Ընդ­հան­րա­պէս նո­րու­թիւն եւ տա­րօ­րի­նա­կու­թիւն փնտռող Երե­ւանցի­ին հա­մար, սո­վո­րու­թիւն եղած է հրա­պա­րակ այ­ցե­լել եւ դի­տել ու ըմ­բոշխ­նել վեր­ջին իրա­դար­ձու­թիւնը, դէպ­քը կամ պա­տա­հա­րը: Այդ մի­եւ­նոյն հե­տաքր­քիր Երե­ւան­ցին կամ ընդ­հան­րա­պէս Երե­ւան գտնուող զբօ­սաշր­ջի­կը, այս օրե­րուն ”Ազա­տու­թիւն ” հրա­պա­րակ այ­ցե­լե­լով կը հան­դի­պի հա­յորդիի մը, որ Մարտ 15-էն ի վեր դի­մած է հա­ցա­դու­լի: Այդ ան­ձը ան­տուն մը չէ, ոչ ալ ան­ծա­նօթ մը: Ընդ­հա­կա­ռա­կը, անոր մօտ ստեղծ­ուած հե­տաքրք­րու­թիւնը, երու­զեռն ու տի­րող լրջու­թիւնը կը փաս­տեն թէ տար­բեր իրա­դար­ձու­թիւն մը կը կա­տար­ուի:

Ակ­նե­րեւ է թէ Հ.Հ. նախ­կին Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար եւ ”Ժա­ռան­գու­թիւն” կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր եւ ղե­կա­վար Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նին կա­տա­րա­ծը եր­բեք կա­րե­լի չէ բաղ­դա­տել, այլ հրա­պա­րակ­նե­րու մէկ ան­կիւնը` պա­տա­նի տու­տու­կա­հա­րի մը հրամ­ցու­ցած մե­ղեդի­ին կամ նոյ­նիսկ ”Կրան Քէն­տի ”ի պատ­րաս­տած աշ­խար­հի ամէ­նէ­նէ աւե­լի ծա­ւա­լուն տրմա­շեր­տին հետ:

Հոս պա­րա­գան տար­բեր է…լուրջ եւ ծան­րակ­շիռ: Հայ քա­ղա­քա­գէ­տը, մտա­հոգ իր երկ­րէն ներս ստեղծ­ուած իրա­վի­ճա­կէն, դի­մած է հա­ցա­դու­լի եւ այդ ալ ”Ազա­տու­թիւն” հրա­պա­րա­կին վրայ, որ ինք­նին որոշ նշա­նա­կու­թիւն մը ու­նի:

Մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ այս կա­ցու­թիւնը, դուռ կը բա­նայ բազ­մա­թիւ հար­ցադ­րում­նե­րու եւ վեր­լու­ծում­նե­րու, հասկ­նա­լով եւ բաժ­նե­լով հան­դերձ նախ­կին Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րա­րին այս յան­դուգն արար­քը:

Փո­խա­նակ խմբա­յին հա­ցա­դուլ մը կազ­մա­կեր­պե­լու, ”Ժա­ռան­գու­թիւն” կու­սակ­ցու­թիւնը դի­մած է ան­հա­տա­կան հա­ցա­դու­լի եւ այդ ալ յան­ձին ղե­կա­վա­րին: Խմբա­յին հա­ցա­դու­լի մը պա­րա­գա­յին, այդ ամ­բո­խա­յին տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը շատ աւե­լի ակն­յայտ պի­տի ըլ­լա­յին, մինչ­դեռ ան­հա­տա­կա­նի պա­րա­գա­յին…այդ ”սօ­լօ” արար­քին ետին կանգ­նող անձն է կեդ­րո­նը` կի­զա­կէ­տը, որ այս պա­րա­գա­յին յարգ­ուած անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է, յան­ձին Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նի:

Այս­պէս փո­խան ամ­բո­խի, ան­հատն ու անոր ան­հա­տա­կա­նու­թիւնը առա­ջադ­րե­լով, Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան եւ ”Ժա­ռան­գու­թիւն” կրնան սխալ ձե­ւով մեկ­նա­բան­ուիլ կամ նոյ­նիսկ ծու­ղա­կի մէջ իյ­նալ, այ­սինքն փո­խա­նակ քա­ղա­քա­կան արար­քի, կրնայ այս հա­ցա­դու­լը լու­սանց­քի տակ առն­ուիլ եւ պար­զա­պէս նկատ­ուիլ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան արարք: Բան մը, որ կը տկա­րաց­նէ նոյ­նինքն արարքն ու անոր ետին կանգ­նած լուռ ցա­ւե­րը:

Այս­ուամ­ենայ­նիւ, ան­բա­ցատ­րե­լի եւ յոյժ քննա­դա­տե­լի է … ”Կը հի­ա­նամ գա­ղա­փա­րիդ, սա­կայն կը ցա­ւիմ խել­քիդ ” եւ այլ կրա­ւո­րա­կան ու վի­րա­ւո­րա­կան մե­ղադ­րանք­ներ հա­ցա­դու­լի դի­մած այս հա­յորդի­ին: 

“Հայրենիք”

Մարտ 22, 2011

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button