«էԼԵՄԸՆԹ» … ԵՒ «ԷԼԵԿԸՆԹ»
Զարմանալի վերնագիր…
Սակայն երբ ընթերցողին բացատրենք եւ ներկայացնենք Լոս Անճելըսի «Էլեմընթ» համոյթը, ոչ մէկ զարմանք պիտի մնայ, ոչ ալ որեւէ խոչընդոտ` հայոց լեզուի պահապաններուն համար:
Այո`…«Էլեմընթ»ը «Էլեկընթ» է…Տարր մը, վայելուչ տարր մը…պերճախօս եւ գեղակազմ բաղադրեալ մը: Կատարուածը կրնայ նկատուիլ թարգմանական փորձ կամ բառախաղ: Այդպէս է եւ… չէ, որովհետեւ այս խումբը կամուրջն է հայ եւ օտար երաժշտական երանգներուն:
Կամուրջ մը դրուած զօրաւոր ու անխախտ հիմերու վրայ, որոնք կը ներկայացնեն հայկականը` «օտարական»ին, նաեւ օտարականն ալ «հայկական»ին:
Ունկնդիրն ու ակնդիրը «Էլեմընթ»ի ելոյթներուն ընդմէջէն, մասամբ մը, երիտասարդ Գերմանածին այլախոհ Թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքինի (որ անցեալ ամրան, մասնակցած էր Երեւանի «Ոսկեայ Ծիրան»ի փառատօնին ընթացքին կազմակերպուած Ցեղասպանութեան մասին մէկ գիտաժողովին) “Crossing the Bridge – The Sound of Istanbul” (2005-ին պատրաստուած) ժապաւէնն է որ կը յիշէ: Աքին, այդ վաւերագրականին մէջ, կը ներկայացնէր Պոլսոյ բազմերանգ երաժշտութիւնը, որուն մէջ դժբախտաբար մոռցուած էր հայկականը:
Այսպէս, կամուրջներ միացնող «Էլեմընթ»ի յայտագիրը «տարր»ական է դուրս է: Ճոխ, հարուստ եւ անսահման: Անոնք կ’երգեն Ճոնի Քաշէն, Էտիթ Փիաֆէն, վաղամերիկ քանատացի-ֆրանսացի վաղամեռիկ Լհասայէն, յոյն Տալարասէն գործեր: Այլ մշակոյթներու պատկանող տոհմիկ գործեր…պարսկերէն, արաբերէն եւ «ֆատո»յի երկրէն եկած` փորթուկալերէն:
Դեռ աւելի անդին կրնայ երթալ ապագայ խոստացող այս կայտառ ու բազմանդամ խումբը, իր իւրայատուկ տեղն ու դիրքը ունենալով համաշխարհային երաժշտութեան` worldmusic-ի բնագաւառէն ներս: Չզարմանանք եթէ մօտիկ ապագային, անոնց երգացանկին մէջ, մուտք գործէ Քապօ Վերտեան (Սեզարիա Էվորա, Լուրա եւլն.), Սենեկալեան (Եուսու Նտուր, Պաապա Մաալ եւլն) կշռոյթներ կամ նոյնիսկ հեռաւոր Սիպերիոյ խորերէն‘ Թիւվայի Հանրապետութենէն (Խիւն Խիւր Թիւ) կոկորդային իւրայատուկ հնչիւններով «Նուպար» մը: Աւելին..չզարմանաք եթէ ափրիկեան իւրայատուկ լարային գործիք` «քորա»ն մուտք գործէ անոնց նուագած գործիքներու շարքին:
Այսպէս, «Էլեմընթ»ը հրաւիրուած էր ազդանշանը տալու Հ.Հ. վերանկախացման քսանամեակին: Նմանօրինակ անսահման երաժշտութիւն ներկայացնող կազմին առջեւ, սահմանը բաց էր «անսահման» կշռոյթ եւ երանգ ներկայացնելու:
Հուսկ, «Էլեմընթ» անպայման կարելի է նկատել «Էլեկընթ»… եւ դեռ աւելին:
«Հայրենիք»
parev boghos vartsket gadar ays kroutian hamar bravo .parevnerov
mard 31,2014