ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ

0 0
Read Time:3 Minute, 34 Second

Բո­լոր անոնք, որոնք լրջօ­րէն մտա­հոգ­ուած են ազ­գի ճա­կա­տագ­րով մա­նա­ւանդ Սփիւռ­քի այ­լա­սե­ռող պայ­ման­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով, կը գի­տակ­ցին ան­շուշտ, որ ձուլ­ման վտան­գը դի­մա­կա­յե­լու ամե­նէն ազ­դու մի­ջո­ցը հայ դպրոցն է: Ահա ճիշդ այդ գի­տակ­ցու­թեամբ ու հայ դպրո­ցին օժան­դա­կե­լու եւ նիւ­թա­պէս նե­ցուկ կանգ­նե­լու մտադ­րու­թեամբ, Տոքթ. Արա եւ Արե­ւիկ Գաբրի­էլ­եան­նե­րը որո­շե­ցին քա­ղաքս հիւ­րա­բար գտնուող երե­ւա­նաբ­նակ, տա­ղան­դա­ւոր նկար­չու­հի` Լաու­րա Աւե­տիս­եա­նի նկար­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւնևվա­ճառ­քը կազ­մա­կեր­պել իրենց տան մէջ այն հա­մա­ձայ­նու­թեամբ, որ վա­ճառ­ուած նկար­նե­րու գու­մա­րին որոշ տո­կոս մը պի­տի յատ­կաց­ուի Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Ամէ­նօր­եայ վար­ժա­րա­նին:

Ուր­բաթ Փետր­ուար 11ին, Գաբրի­էլ­եան­նե­րու ասպն­ջա­կան ու ջերմ յար­կի տակ ար­ուես­տա­սէր ընտ­րա­նի մը հա­ւաք­ուած էր վա­յե­լե­լու Լաու­րա Աւե­տիս­եա­նի գե­ղան­կար­նե­րը, մի­ա­ժա­մա­նակ օգ­տա­կար ըլ­լա­լու դպրո­ցին: Տան տի­րոջ բա­րի գա­լուս­տի սեղմ խօս­քե­րուն յա­ջոր­դեց դպրո­ցի Խնա­մա­կալ Մարմ­նի ատե­նա­պետ` տոքթ. Հրանդ Մար­գար­եա­նի գնա­հա­տան­քի ար­տա­յայ­տու­թիւնը: Ներ­կա­նե­րը, կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ, կա­տա­րե­ցին իրենց ընտ­րու­թիւն­նե­րը գնե­լով բո­լոր նկար­նե­րը ու գո­հու­նակ դէմ­քե­րով մեկ­նե­ցան, զար­դա­րե­լով, ջեր­մաց­նե­լով իրենց տու­նե­րը Լաու­րա Աւե­տիս­եա­նի նկար­նե­րով:

Սա­կայն, նախ­քան հիւ­րե­րու հրա­ժեշտ տա­լը, երբ Անա­հիտ Դաշ­տենցն ու ամու­սի­նը` Պերճ Թիւ­րապ­եա­նը լսե­ցին ձեռ­նար­կի մա­սին, իրենց տու­նը հիւ­րա­բար գտնուող վաս­տա­կա­ւոր դե­րա­սան, աս­մուն­քող` Ազատ Գաս­պար­եա­նի հետ ժա­մա­նե­ցին Գաբրի­էլ­եան­նե­րու տու­նը: Ազատ Գաս­պար­եա­նը, որ քա­նի մը օր յե­տոյ պի­տի մաս­նակ­ցէր գրող, թարգ­մա­նիչ Խա­չիկ Դաշ­տեն­ցի ծննդեան հա­րիւ­րամ­եա­կին նուիր­ուած ձեռ­նար­կին, ներ­կա­նե­րուն վա­յել­քը կրկնա­պատ­կեց իր սրամ­տու­թիւն­նե­րով եւ ինք­նա­բուխ ար­տա­սա­նու­թեամբ:

Քիչ յե­տոյ, անակն­կա­լօ­րէն հե­ռա­խօ­սեց ազա­տու­թեան, ան­կա­խու­թեան անն­կուն ախոյ­եան` Պա­րոյր Հայ­րիկ­եա­նը ու երբ լսեց հա­ւա­քոյ­թի մա­սին, իս­կոյն եկաւ յա­ւել­եալ փայլք տա­լով երե­կո­յին:

Հե­տաքրք­րա­կան զրոյց­նե­րը շա­րու­նակ­ուե­ցան մին­չեւ առտ­ուայ կա­նուխ ժա­մե­րը: Ներ­կա­նե­րը փա­փաք յայտ­նե­ցին կրկին հան­դի­պե­լու Պա­րոյր Հայ­րիկ­եա­նի հետ ու »Հա­մազ­գա­յին«ի Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղը կազ­մա­կեր­պեց յար­գե­լի հիւ­րի դա­սա­խօ­սու­թիւնևզրոյ­ցը Հինգ­շաբ­թի, Մարտ 24ին ժա­մը 8:00ին Հայ Կեդ­րո­նի մէջ հե­տեւ­եալ նիւ­թի շուրջ` »դա­սա­կան ուղ­ղագ­րու­թեան վե­րա­դառ­նա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը«:

Այդ օր բո­լոր ար­ուես­տա­սէր հիւ­րե­րը ըստ ար­ժան­ւոյն իրենց գնա­հա­տան­քը յայտ­նե­ցին Լաու­րա Աւե­տիս­եա­նին ու մեկ­նե­ցան Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Ամէ­նօր­եայ Հայ վար­ժա­րա­նին նիւ­թա­պէս օժան­դա­կած ըլ­լա­լու գո­հու­նա­կու­թեամբ:

Ահա մէկ ապա­ցոյց եւս, որ Նիւ Եոր­քի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան հա­մար Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Ամէ­նօր­եայ Վար­ժա­րա­նը իրենց ու­շադ­րու­թեան կեդ­րոնն է: 

ԹՂԹԱ­ԿԻՑ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles