ԳրականՅօդուածներ

ԱՍԿԷ ԱՆԴԻՆ

ԱԶԳԱՅԻՆ

 

Վեհանոյշ Թեքեան

Մայիս, 2025

Եթէ տեսած եմ՝ չեմ յիշեր թէ ո՛վ է։

Կ՚ուզեմ գիտնալ անունդ ինչ է
«Ինչո՞ւ ամէն ինչ անուն պէտք է ունենայ»
Որպէսզի զատորոշուի
«Ինչո՞ւ պէտք է զատորոշուի
Ի վերջոյ բոլոր նուաճումները եւ ձախողութիւնները
նոյն տեղը պիտի երթան
Մարդկութիւնը մեծ թափով կ՚աշխատի աշխարհի
վերջը բերել։»

Մենք հինգ հազար տարուայ պատմութիւնը ամուր գրկեր ենք
Մեր լեզուով ու մշակոյթով կը սնանինք
(Ոմանք կ՚որոճան)
Քարէն հաց հանել գիտէինք
Քարէն խաչքար կը հանէինք
Քարն ու խաչը վրայ վրայի դնելով՝ Աստուծոյ կը հասնէինք
Սրբութեան հետ հաղորդուիլ կ՚աղերսէինք
Կռուիլ ու յաղթել գիտէինք
Ոգեզէն երգեր, վեհապանծ դրօշ
Մինչեւ որ մէ՜կը եկաւ
Աջ նայեցաւ՝ ձախ բերանով խօսեցաւ
Ձախ նայեցաւ՝ աջ բերանով խօսեցաւ
Այո՛, երկու բերան ունի։
Դաւադիր ու անդաւան
Հայ ազգէն խլեց թշնամիին տուաւ
Եռաբլուր մը բարձրացուց անոնց համար որ
Թարմագոյն սէր ունէին եւ հնագոյն հաւատք
Բայց ինկան ինկա՜ն, եւ չգիտցան երբեք թէ
կեանքը ունէր հմայք
կար ճերմակ դաւ ու սեւ վտանգ։

Ան որ զրկեց զիրենք
Փրփրոտ բառեր բերնէն անվերջօրէն թափթփիլ սկսան
Սեւը ճերմակ ներկայացուց
«Ապագայ»ի պատռտած դրօշ մը ծածանեց
խոստումներ ոստոստեցին
սպառնալիքներ փռուեցան ասֆալտին
Ոստիկաններ օրէնքի փոխարէն սարսափ տարածեցին
Ճնշումը եղաւ տանտէր, Սէրը անտուն մնաց։

Մեծ պաթոսով յայտարարեց թէ Արցախը Հայաստան է
Յետոյ հեռուները գնաց յայտարարեց թէ Արցախը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ
4000 տարիէ մեր ստեղծած գեղահմայ Արցախը
գերիի պէս ծախեց։
Իր «Սահմանազատում»ը մեզի համար սահմանազրկո՛ւմ է
Տարածքային նուազումը կոչեց «տարածքային ամբողջականութիւն»
Սեփականութիւն կը նշանակէ հրաժարում
Հրաժարում կը նշանակէ ոչնչացում
Խաղաղութիւն կը նշանակէ ինքնութեան կորուստ
համատարած շարժուն մահ
Սահմանադրութեան վերանայում կը նշանակէ
անսահման ստրկութիւն։

Եղեռնը եղե՞ր է, չէ՞ եղած, թուրքերը արդէն
իրենց դաւը որոճացողը գտեր են։

Համայն հայ ժողովուրդը յուզուած է
Զզուած է բազմախաւ դաւերէ
Արծիւը ճանկերը լարեր է
Արարատ լեռը զայրացած է
Սեւանայ լիճը սուզուիլ կ՚ուզէ։

Երկրին մէջ ապականութիւն եւ ատելութիւն
Քծնանք ու խայթ
Արհամարհանք ու հայհոյանք, խախուտ պարծանք
Բանտ, խողխողում ու անարգանք
Սուտի բանակ եւ պոռչտուք ու գզուըրտուք
Կալանաւորում, պաշտօնազրկում
Վճիռ առանց արդարութեան
Մէկ խօսքով՝ Նախատինքի ախոռ։
Իր միակ յաջողութիւնը այն եղաւ որ
Ամէն բանին ծայրը մեծ կորուստ մը ունեցանք։
Մեր հոգին պայթելու չափ ուռեցաւ երբ մեր
սրբալոյս Հողը փոքրացաւ։

Յոյսերս հատ հատ խուրձ խուրձ թափեցան
Ձեզի ի՛նչ ըրեր եմ ըսի
Վհատեցար որովհետեւ վստահեցա՛ր ըսին…

Արձագանգն ալ ի վերջոյ յոգնեցաւ արձագանգելէ
Այլեւս Լեռը շարժել պէտք է։

Հիմա՛ է «Ժամանակ չկայ»ին ժամանակը
Աղետալի անդունդներէն դուրս ելած
հասած է ժամը։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button