ԳլխաւորԼրահոս

ԵՌԱՄԵԾԱՐ ՓՐԱՆԿԻՍԿՈՍ Ա. ՊԱՊԸ…

 

Փրանկիսկոս Ա․ Պապը՝ Յունիս 2016-ին Հայաստան այցելութեան ընթացքին

Վատիկանն ու յամայն աշխարհը կը սգան  Փրանկիսկոս Ա. Պապի վախճանումը։

88 տարեկան հասակին վախճանած Պապը ծնած էր Պուէնոս Այրէս (Արժանթին) եւ Իտալիայէն գաղթած ընտանիքի մը որդին էր։ Ան Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 266-րդ Պապն էր, առաջին ամերիկացին, առաջին Յիսուսեանը (Ժեզիւիտ) եւ վերջին աւելի քան հազարամեայ շրջանին Եւրոպայէն դուրս ծնած առաջին հովուապետը։

Ապագայի անխուսափելի եւ կարեւոր գործընթացները պիտի վերահսկէ քարտինալ Ժոզէֆ Ֆարրէլ, որ պապին կողմէ նշանակուած «քամերլենկօ»-ն է։ Այս վերջինը քահանայապետի վախճանէն վերջ պիտի ստանձնէ Վատիկանի Առաքելական պալատի մատակարարումը եւ Քոնքլաւի անվտանգութեան ու կարգ կանոնին հսկողութիւնը։ Քարտինալ Ֆարրէլ,  Վատիկանի «Տոմուս Սանթա Մարթա» համալիրի մատուռէն, Սրբազան Պապի բնակարանին մէջ վրայ հասած մահէն վերջ, կատարեց առաջին հրապարակումը։ Ան վերատեսուչն է Սուրբ Աթոռի աշխարհականներու, ընտանիքի եւ կեանքի վերատեսչութեան։

Վախճանեալ Պապի մարմինը երեք օր պիտի մնայ Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ։ Ըստ աւանդութեան՝ թէեւ յուղարկաւորութիւնն ալ պէտք է տեղի ունենայ նոյն վայրին մէջ, սակայն, այս պարագային կրնայ փոփոխութիւն մը ըլլալ։ Արդարեւ, Փրանկիսկոս Ա. Պապի փափաքն էր թաղուիլ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճիօրէ տաճարին մէջ, ուստի յուղարկաւորութիւնն ալ կրնայ տեղի ունենալ այնտեղ։

Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Փրանկիսկոս Պապին վախճանումին առիթով յղեց ցաւակցագիր մը, յայտնելով․ «Երջանկայիշատակ Պապը խոնարհ, քաջ ու բարի հովիւ էր, որ հաւատարմօրէն քայլում էր մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի հետքերով: Նա ստանձնեց պապական բարձր ու պատասխանատու առաքելութիւնը դժուարին ժամանակներում եւ վկայեց Աւետարանը՝ մշտապէս պաշտպան լինելով արդարութեան ու խաղաղութեան, առանձնակի ուշադրութիւն ու խնամք բերելով կարիքաւորներին, ինչպէս նաեւ՝ իր կարեւոր ներդրումը բերելով միջեկեղեցական յարաբերութիւնների զօրացմանը: …Առանձնակի մխիթարութեամբ ենք անդրադառնում, որ Սրբազան Պապը մշտապէս իր աղօթքն էր հնչեցնում պատերազմներով եւ անարդարութեամբ վիրաւորուած աշխարհի, ի մասնաւորի արցախեան պատերազմի ծանր հետեւանքները կրող մեր ժողովրդի համար»:

Կաթողիկոսը ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդը երախտագիտութեամբ կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագը, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի հռչակումը իբրեւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ, ինչպէս եւ Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութիւնը:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը պիտի մասնակցի 26 Ապրիլին, Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք Պապի յուղարկաւորութեան արարողութեան:

Վատիկանի պետական քարտուղարին ուղղած նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնելէ ետք Պապին վախճանման առիթով՝ նշեց, որ եկեղեցին վերանորոգելու առաջնորդող շարք մը յանդուգն քայլերով ան նոր էջ մը բացաւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կեանքին ու մտածողութեան մէջ։ Ան աւելցուց, թէ վախճանեալ Պապը շեշտեց միջ-եկեղեցական շարժումին կարեւորութիւնը, եղաւ զօրակից անարդարութեան զոհ ժողովուրդներուն՝ պաշտպանելով արդարութիւնը եւ ընկերային ծառայութիւնը նկատեց եկեղեցւոյ առաքելութեան կարեւոր մարզերէն մէկը։ Արդարեւ, ան իր օրինակելի համեստութեամբ ու պարզութեամբ եղաւ «ժողովուրդի՛ն Պապը»։  Վեհափառ Հայրապետը իր նամակին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Պապին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն քաջ կեցուածքին, ինչպէս նաեւ Արցախի հայութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան։

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button